Skip to main content

Sözlük // Բառարան

բառացանկ

dizin

գրքի մը մէջ գործածուած բառերը կամ անունները ցոյց տուող բառարան (գրքին վերջաւորութեան դրուած)

բառեղ

çadırçiçeği

մագլցող տունկ մը՝ որ վրանաձեւ ծաղիկներ ունի

բառնալ

yüklemek, kaldırmak

վերցնել, բարձրացնել

բարակ

ince

քիչ հաստութիւն ունեցող, նուրբ

բարակ

tazı

որսի շուն

բարբանջանք

hezeyan

ափեղցփեղ խօսք, ցնդաբանութիւն

բարբառ

dil, ses

ձայն, լեզու, խօսք

բարբառ

şive, ağız

տեղական լեզու, գաւառաբարբառ

բարբառել

söylemek, konuşmak, parçalamak

բարբառիլ, բան մը ըսել, խօսիլ, ճառել

բարբարոս՚

barbar

անկիրթ, վայրենի, վայրագ

բարգաւաճ

gelişmiş

ծլած եւ ծաղկած

բարդ

yığın

կոյտ, դէզ, շեղջ

բարդ

karmaşık

խրթին, կնճռոտ

բարդ

bileşik

մէկէ աւելի տարրերէ բաղկացած

բարդել

yığmak, bindirmek

իրարու վրայ կուտակել, դիզել

բարդութիւն

karmaşıklık, komplikasyon

խառնուած ըլլալու հետեւանքով դժուարութիւն

բարեբեր

verimli

բերրի, բեղուն, պտղաբեր, արգաւանդ, յուռթի, արգասաբեր

բարեգործութիւն

iyilik, sevap

բարիք կամ մարդասիրական գործ ընել

բարելաւել

iyileştirmek

աւելի լաւ ընել, բարւոքել

բարեխիղճ

dürüst, vicdanlı, özenli

խղճմտանքով գործ կատարող, պարտաճանաչ

բարեկամ

dost, ahbap

մօտիկ ծանօթ՝ որուն հետ մէկը լաւ եւ մտերիմ յարաբերութեան մէջ է

բարեկարգել

iyileştirmek, düzene sokmak, reforme etmek

բարեփոխել, բարենորոգել, կարգի բերել

բարեկենդան

karnaval

Մեծ Պահքի նախօրեակը

բարեկեցիկ

hali vakti yerinde

բարեկենցաղ, ապահով կեանք վարող, լաւ ապրող

բարեկիրթ

terbiyeli, kibar, görgülü

լաւ կրթուած կամ լաւ դաստիարակուած

բարեկրթել

terbiye etmek

դաստիարակել, լաւ կրթել

բարեմաղթութիւն

dilek, temenni

մէկուն բարիք ցանկալ

բարեյաջող

başarılı, hayırlı

նպաստաւոր, խիստ յաջող

բարեշրջում

tekâmül, evrim

բարեշրջութիւն, դէպի լաւը կամ դէպի կատարեալը ձգտող փոփոխութիւն

բարեպաշտութիւն

dindarlık, takva

կրօնական հաւատալիքներու հանդէպ յարգանք եւ սէր

բարերար

hayırsever

բարիք ընող, երախտաւոր

բարեւ

merhaba, selam

բարեմաղթութեան խօսք՝ զոր կ՚ըսեն մարդիկ իրարու, ողջոյն

բարեւել

selamlamak

բարեւ տալ, ողջունել

բարեփոխել

değiştirmek, değişiklik yapmak, düzeltmek, iyileştirmek

դէպի լաւը փոխել, բարւոքել

բարի

iyi, hayırlı, uslu

լաւ եւ օգտակար, ազնիւ

բարիք

iyilik, hayır, nimet

աղէկութիւն, բարերարութիւն

բարկ

keskin

խիստ, թթու, այրող

բարկանալ

kızmak

մէկու մը արարքը խստութեամբ դիմաւորել, զայրանալ

բարկութիւն

hırs, öfke, kızgınlık

զայրոյթ, ցասում

բարձ

yastık

բուրդով կամ ուրիշ կակուղ նիւթերով լեցուած կտաւէ պարկ՝ որ կը ծառայէ գլխու տակ դնելու

բարձունք

tepe

բարձր տեղ, գագաթ, կատար

բարձր

yüksek

վեր, վսեմ

բարձրախօս

hoparlör

գործիք մը՝ որ ձայնը կը բարձրացնէ

բարձրաձայն

yükselmek

բարձր ձայնով, բարձրագոչ բարձրանալ ցած տեղէն դէպի վեր ելլել

բարձրաստիճան

yüksek rütbeli

բարձր աստիճան ունեցող

բարձրացնել

yükseltmek

բարձր տեղ կամ դէպի վեր հանել

բարձրաքանդակ

rölyef

պատի վրայ քանդակուած արձան՝ որ դէպի դուրս ցցուած է

բարձրութիւն

yükseklik

գագաթէն դէպի խարիսխ ուղղաձիգ երկայնութիւն

բարոյագիտութիւն

ahlak

բարին գործելու եւ չարէն խուսափելու կանոնները սորվեցնող գիտութիւն, բարոյախօսութիւն

բարոյապէս

manen

բարոյական տեսակէտով, ոչ-նիւթապէս