
ԿԱՄը վերլուծական հանդէս մըն է, որ կը հրատարակուի պարբերաբար։ Ներկայ համարը կը հրատարակուի Իսթանպուլի Եսայեան միութեան հովանիին տակ։
Gam, 1980’den beri yayımlanan Ermenice bir analiz dergisi. 11. sayısı Yesayan Derneği’nin desteğiyle İstanbul’da çıktı.
- Գլխաւոր խմբագիր
- Մարկ Նշանեան
Կապ հաստատեցէք Եսայեան միութեան հետ ստանալու համար՝
contact@yesayan.orgՇուտով նաեւ հասանելի Սփիւռքի մէջ ամէն տեղ։
Փոխան յառաջաբանի
Ամէն իմաստով՝ ԿԱՄի բացառիկ թիւ մըն է այս մէկը։ Նախ որ աշխարհ փոխած է։ Պէյրութէն, Փարիզէն, Պոսթընէն, Լոս Անճելըսէն եւ Երեւանէն ետք՝ հիմա Իսթանպուլ, հին Պոլիսը, կարծես՝ ակունքին վերադարձած ըլլար։ Նորութիւնը նաեւ այն է, որ հիմա ԿԱՄին վերադարձուեցաւ իր նախկին ենթախորագիրը՝ «Հանդէս վերլուծական»։ Ինչ որ չի նշանակեր, թէ «քննադատական» երանգը պիտի բացակայի։ Սոյն համարին մէջ՝ ընթերցողը պիտի գտնէ գրախօսականներու ճոխ բաժին մը, «Գիրքերու աշխարհէն» ընդհանուր վերնագրով։ Բացառիկ թիւ մըն է նաեւ, որովհետեւ ձեւով մը՝ մտաւ Զապէլ Եսայեանի հովանիին տակ, ի միջի այլոց հրամցնելով իր վերջին՝ կալանքի տարիներուն մասին իր աղջկան՝ Սոֆիին գրած յուզիչ նամակը։
ԿԱՄի մասին
ԿԱՄի առաջին երկու թիւերը լոյս տեսան ատենօք Փարիզ, GAM ընկերակցութեան հովանիին տակ (1980 եւ 1982)։ 3-4 միացեալ թիւը լոյս տեսաւ Պոսթընի Զօրեան Հիմնարկի հովանաւորութեամբ։ Թիւ 5 եւ 6ը՝ Լոս Անճելըսի Ապրիլ գրատան մօտ, թիւ 7էն 10՝ Երեւանի Հայ գրքի Կենտրոնի ծիրին մէջ։ Ներկայ համարը, ուրեմն ԿԱՄ թիւ 11, կը տպուի Իսթանպուլի Եսայեան միութեան հովանիին տակ։
Բովանդակութիւն
- Փոխան յառաջաբանի
Զապէլ Եսայեանի վերջին տարիները
Հետեւեալ անտիպ նամակը կը գտնուի Երեւանի Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանի «Զապէլ Եսայեան» ֆոնտին մէջ (թիւ 891)։ Գրութիւնը 8 էջերէ բաղկացած ձեռագիր մըն է եւ գրուած է 22 Մարտ 1960-ին Զապէլ Եսայեանի աղջկան՝ Սոֆի Եսայեանի ձեռամբ։
1. Թարգմանական ուղին
Մահուանս ակնթարթըթարգմ.՝ Սահակ Գալոյեան
Մորիս Պլանշոյի L’instant de ma mort կարճ պատումը լոյս տեսած է գիրքով 1994ին։ Ժաք Տերիտան այդ պատումին վրայ հիմնուած եւ տող առ տող, գրեթէ բառ առ բառ, անկէ մէջբերումներ ընելով՝ ընթերցումի մը ձեռնարկած է ու զայն նոյնպէս գիրքով հրատարակած է։
Զեկոյց Ակադեմիայի մը առջեւթարգմ.՝ Մ.Ն.
Իր բնագրային լեզուով՝ այս վիպակին վերնագիրն է՝ Ein Bericht für eine Akademie։ Լոյս տեսած է 1917ին Der Jude հանդէսին մէջ, յետոյ 1920ին, Ein Landarzt [Գաւառական բժիշկ մը] հատորին մէջ։
Խոռոչը անցեալի եւ ապագայի միջեւթարգմ.՝ Էդգար Մարտիրոսեան
Էդգար Մարտիրոսեանի ձեռամբ թարգմանուած այս էջերը Հաննա Արենտի Between Past and Future գիրքին յառաջաբանը կը կազմեն։ Գիրքը լոյս տեսած էր 1961ին ու վերատպուած 1968ին, երկու նոր փորձագրութիւններով ամբողջացած եւ նոր ենթախորագիրով մը՝ «Eight Exercises in Political Thought»։
Մեր լեզուի մասին խոստովանութիւն մը
Կերշոմ Շոլէմի կողմէ Ֆրանց Ռոզենցուայկին ուղղուած այս նամակը գրուած է 1926ին, Ռոզենցուայկի ծննդեան քառասնամեակին առիթով։ Der Stern der Erlösung-ի [Փրկագործութեան աստղը] հեղինակը ծանրօրէն հիւանդ էր արդէն իսկ, ու հոգին պիտի աւանդէր 1929ին։
Այլին միալեզուութիւնըթարգմ.՝ Մ.Ն.
Այս էջերը քաղուած են Jacques Derrida, Le monolinguisme de l’autre գիրքին մէջ (Galilée, 1996), նախ՝ էջ 91էն մինչեւ էջ 114 երկարող էջատակի ծանօթագրութենէն, յետոյ նախավերջին գլուխէն՝ էջ 117-127։
2. Ինքնիշխանութիւն եւ պատմութիւն
Լեզու, պատմութիւն, ինքնիշխանացում
Լեզու մը կրնա՞յ խելագարուիլ։ Այս է հարցումը, որ պիտի առաջնորդէ մեզ սոյն ամփոփ (ստիպողաբար ամփոփ) մտորումներու երկայնքին։ Լեզու մը կրնա՞յ խելագարուիլ, հասցնելով զայն խօսողներն ու կրողները անդունդի եզերքին, կամ ուղղակի նետելով զանոնք հրաբուխին բերանը։
Գրական ցատկն արխիւից դուրս. Քաֆքայի «Զեկոյց»ը
Իր օրագրի յայտնի էջերում՝ 1911-ի դեկտեմբերի 25-ից, Ֆրանց Քաֆքան անդրադառնում է Չեխիայի եւ Լեհաստանի հրէական գրականութեանը՝ որպէս ինքնին մի ազգային օրագրի, որը լիովին տարբերւում է պատմագրութիւնից։
Վերադարձ՝ պատմութեան
Այս էջերը վերցուած են հետեւեալ գիրքէն՝ Amnon Raz-Krakotskin, Exil et souveraineté. Judaïsme, sionisme et pensée binationale [Տարագրութիւն եւ ինքնիշխանութիւն։ Հրէութիւն, սիոնականութիւն եւ երկազգային մտածողութիւն], La Fabrique éditions, Փարիզ, 2007, եբրայերէն բնագիրէն թարգմանուած Hélène Neuve-Église-ին կողմէ, ու անոր երկրորդ գլուխը կը կազմեն։
Կարմիր տուփերէն ելած Կազան
Երբ Կազա կ’ըսուի, շատ երկար ժամանակէ ի վեր, գրեթէ բոլորին աչքերուն առջեւ կու գան ռմբակոծուած շէնքեր, աւերակներու մէջ իրենց ապրանքներով հոս ու հոն փախչել ստիպուող մարդիկ, մեռած մարմիններ, սովի պատկերներ։
3. Հակադարձ թարգմանութիւն
Ձեզի կը հարցնեմ, տիկնայք ու պարոնայք, գլուխ 24-25թարգմ.՝ Սարին Ագպաշ
Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանի «Ձեզի կը հարցնեմ, տիկնայք ու պարոնայք» ինքնակենսագրական վէպը առաջին անգամ հրատարակուած է անգլերէնով՝ 1945 թուականին։ Արեւելահայերէն թարգմանութիւն մը հրատարակուած է 1980 թուականին Երեւանի մէջ, բազմաթիւ յապաւումներով ու տեղ տեղ՝ թարգմանական թերութիւններով։
Յուշագրութիւն եւ հաշուեփակ
Հարիւր տարիէ ի վեր՝ Լեւոն Զ. Սիւրմէլեանի անձը եւ անունը կը զբաղցնեն հայալեզու մտաւորականութիւնը, կ՚արձագանգեն սերունդէ սերունդ։
Մեռեալ մարդու մը օրագիրը, գլուխ 1թարգմ.՝ Վահագն Քէշիշեան
Չկայ սկիզբ, եւ չկայ վերջ։ Ամէն պատմութիւն հատուած մըն է երկար պատումէ մը, որ թերեւս հազար տարի առաջ սկսած է։ Իրականին մէջ, ոչինչ կը սկսի կամ կը վերջանայ, պարզապէս կը շարունակուի։
Շուքերու երեւութաբանութիւն մը
«Ուրեմն, ես… ես հիմա բնաւ դրամ չունիմ», կ’ըսէ Ելենան, «բայց կը խոստանամ, որ պիտի վճարեմ ձեզի։ Հօրեղբայր մը ունիմ որ քանի մը պատճենահանման խանութներ ունի Մոսկուայի մէջ։ Գիտեմ, որ պիտի օգնէ»։
4. Գիրքերու աշխարհէն
Սեռատեսակ եւ մշակոյթԿարինէ Բազեյան, Գենդերի էթնոմշակութային առումները
Հայաստանի միջնադարեան պատմութեամբ զբաղողը նախ եւ առաջ ընկերային գիտութիւններու մասնագէտ մըն է։ Ա՛յդ էր Ֆեռնան Պրոտէլին (1902-1985) ըսածը, երբ կը հաստատէր որ պատմութիւնը բոլոր ընկերային գիտութիւններու խաչմերուկին վրայ կը գտնուի։
ԱստուածիմաստութիւնՍարգիս Քէհեաեան, Աստուածիմաստութիւն – փիլիսոփայական ակնարկ
Այս երկը Սարգիս Քէհեաեանի երկրորդ մեծածաւալ գործն է, որը յաջորդում է իր 2021-ին Անթիլիասում հրատարակուած «Բարոյագիտութիւն» հատորի Բ. տպագրութեան եւ ամփոփում է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հասկ պաշտօնաթերթում հրատարակուած նոյնանիւթ յօդուածները, որոնք հեղինակը այս գրքից անկախ դեռեւս շարունակում է հրատարակել Հասկում։
Ինտրա՝ վերայցելուածՎարդան Նիկողոսեան, Ինտրայի Ներանձնախոհական Իմաստնությունը
Բազմաթիւ առումներով սովորականէն դուրս գիրք մըն է Վարդան Նիկողոսեանի Ինտրայի մասին հատորը։ Նախ ըսենք որ լոյս տեսած է որպէս հեղինակային հրատարակութիւն «լուսապատճենահանման եղանակով 100+ օրինակ՝ ներառեալ բարեկամների եւ հեղինակի օրինակները»։
Զապէլ Եսայեան թրքերէնովSosi Antikacıoğlu, Zabel Yesayan: Yaşamı ve Eserleri
Մեր գրողներու, մասնաւորաբար կին հեղինակներու կեանքին եւ գործերուն վերաբերող ամփոփ եւ համակողմանի ուսումնասիրութիւններ գտնելը այսօր իսկ շատ սովորական չէ։
Շահան Շահնուրի քմծիծաղըTalar Shahinian, Stateless: The Politics of the Armenian Language in Exile
«Չորս տղայ էինք այսպէս, 1958ի ամառը, նման՝ հազարաւոր, տասնեակ հազարաւոր մեր տարեկիցներուն, Արեւելքի տարածքին […]։ Եւ կը կարդայինք Շահնուրի Նահանջը։…»
Սոյն հրատարակութիւնը պատրաստուած է Եւրոպական Միութեան «Sivil Düşün» ծրագրի ֆինանսական աջակցութեամբ։ Անոր բովանդակութիւնը Գրականութեան եւ մշակոյթի Եսայեան միութեան պատասխանատուութեան տակ կ’իյնայ եւ չի ցոլացներ անպայման օժանդակող կազմակերպութեան դիրքորոշումները։
