Sözlük // Բառարան
բաղեղ
sarmaşıkմշտականաչ փաթթուող բոյս մը
բաղկանալ
oluşmakմասերով կազմուիլ, բաղադրուիլ
բաղձալ
arzu etmekսրտանց ուզել, փափաքիլ, ցանկալ, տենչալ
բաղձանք
arzuցանկութիւն, տենչանք, իղձ, փափաք
բաղնիք
hamamշէնք՝ ուր տաք ջուրով կը լուացուին, լոգարան
բաճկոն
ceketվերարկուի տակ հագնուած թեւաւոր զգեստ
բաճկոնակ
yelekբաճկոնի տակ հագնուած թեւաւոր կամ անթեւ զգեստ
բամբ
basհաստ եւ ուժեղ (ձայն)
բամբասել
dedikodu yapmakմէկու մը մասին սուտ կամ իրաւ վատ բաներ ըսել, չարախօսել
բամպակ
pamukճերմակ՝ նուրբ եւ առաձգական բուսական մազ՝ զոր ոլորելով կը գործածեն իբրեւ թել եւ կամ իբրեւ կտաւ
բամպակեղէն
pamukluբամպակէ պատրաստուած կամ շինուած
բայ
fiilեղանակի՝ ժամանակի՝ թիւի եւ դէմքի համաձայն փոփոխական բառ՝ որով նախադասութիւն կը կազմուի եւ ցոյց կու տայ գործողութիւն կամ վիճակ
բայարմատ
fiil köküբային արմատը կամ հիմնական մասը՝ որմէ կը կազմուի բայը “ել՝ իլ՝ ալ՝ ուլ” մասնիկները կցելով
բայց
fakatշաղկապ՝ որ կը կապէ այնպիսի խօսքեր՝ որոնցմէ երկրորդը հակառակ է առաջինին
բան
şeyշինուած կամ բնական որեւէ իր կամ առարկայ
բան
logosփիլիսոփայութեան մէջ աստուածային իմաստութիւն
բանագողութիւն
intihal, aşırma, eser hırsızlığıուրիշներու հեղինակածը իբրեւ իրենը ներկայացնել
բանադրանք
aforozեկեղեցական իշխանաւորին դրած պատիժը՝ որով հաւատացեալը կը զրկուի միւսներուն հետ հաղորդակցութենէ, նզովք
բանալ
açmakընել այնպէս որ այլեւս գոց չըլլայ, պարզել
բանալի
anahtarփականք մը բանալու գործիք
բանակ
orduզինուորներու մեծ խումբ, զօրագունդ
բանական
akıllıայն՝ որ ընդունակ է դատելու եւ միտքը խօսքով արտայայտելու
բանական
mantıklıառողջ դատողութեան վրայ հիմնուած, խելքի մօտիկ
բանականութիւն
akılդատելու եւ միտքը խօսքով արտայայտելու կարողութիւն
բանակատեղի
ordugâhզօրքերու կայանը
բանակել
ordugâh kurmak, konuşlanmakբանակով դիրք գրաւել (հանգստանալու կամ կռուելու համար)
բանակռիւ
münakaşa, tartışmaբանավէճ, խօսքով կամ գրով կռիւ, վիճաբանութիւն
բանակցութիւն
görüşmeորոշ հարց մը լուծելու համար փոխադարձ խօսակցութիւն, պայմանախօսութիւն
բանաձեւ
taslak, tasarıխօսքի ձեւ կամ որոշումի մը ձեւակերպուած եզրակացութիւնը
բանասէր
filologլեզու ուսումնասիրող, լեզուաբան
բանաստեղծ
şairխօսքը գեղեցիկ ու պատկերաւոր կերպով ստեղծագործող, քերթող
բանաստեղծութիւն
şiirմիտքը գեղարուեստով եւ պատկերաւոր արտայայտելու արուեստ
բանաւոր
sözlüբերանացի
բանաւոր
mantıklıխելքի մօտիկ
բանբեր
haberci, sözcüլուր բերող, լրաբեր, պատգամաւոր
բանիլ
çalışmakաշխատանք կատարել, աշխատիլ
բանուկ
işlekշատ աշխատող կամ խիստ գործածական (ճամբայ, խանութ եւն.)
բանուոր
işçiաշխատաւոր, գործաւոր, մշակ
բանջարանոց
bostanարտ՝ ուր կը մշակեն զանազան բանջարեղէններ
բանջարեղէն
sebzeբոյս կամ կանանչեղէն՝ որ կը ծառայէ իբրեւ կերակուր
բանտ
hapishaneայն շէնքը՝ ուր կը պահուին յանցաւորները իբրեւ պատիժ, արգելանոց
բանտապան
gardiyanբանտի վերակեցու պաշտօնեայ
բանտարկեալ
mahpusբանտարկուած, բանտի մէջ մնալու դատապարտուած
բանտարկել
hapsetmekբանտը դնել, արգելափակել
բաշ
yeleառիւծի՝ ձիու կամ ուրիշ կենդանիներու վզին վրայ բուսնող հաստ եւ երկայն մազ
բաշխել
dağıtmakամէն մէկուն իր բաժինը տալ, բաժնել
բառ
kelime, sözcükմարդկային ձայնի այն հնչիւնները՝ որ ունին նշանակութիւն մը
բառամթերք
kelime hazinesi, söz varlığıլեզուի մը մէջ գործածուած բառերուն ամբողջութիւնը
բառաչել
böğürmekոչխարի կամ կովու ձայնով պոռալ
բառարան
sözlükբառգիրք, այն գիրքը՝ որուն մէջ ամփոփուած են լեզուի մը բառերը այբուբենի կարգով եւ բացատրուած են նոյն լեզուով կամ թարգմանուած են ուրիշ լեզուի