Sözlük // Բառարան
բաբախում
çarpıntıսրտին սաստիկ եւ արագ աշխատելու վիճակը՝ իբրեւ հիւանդագին երեւոյթ
բագին
sunakհեթանոսական զոհի սեղան, զոհարան
բադ
ördekգոյնզգոյն փետուրներով ջրային թռչուն մը
բազէ
şahinկոր եւ սուր կտուցով՝ երկայն եւ ուժեղ ճիրաններով գիշակեր թռչուն մը
բազկաթոռ
koltukերկար յենարանով թիկնաթոռ
բազկատարած
nabızձեռքերը տարածած, թեւերը աջ ու ձախ լայն բացած, թեւատարած բազկերակ բազուկի երակը՝ որմէ կը համրուի սրտին զարկը
բազմազան
çeşitli, çok çeşitliբազմադիմի, զանազան տեսակ, շատ կերպ
բազմազգի
çokulusluշատ ազգերու վերաբերեալ
բազմազգի
çeşitliտեսակ-տեսակ, ազգի-ազգի
բազմաթիւ
çok sayıda, kalabalık, çeşitliթուով շատ, մեծ քանակութեամբ, ստուարաթիւ
բազմախուռն
yığınlaշատ խռնուած, կուտակուած
բազմակողմանի
çok yönlüշատ կողմերով, բազմատեսակ, ընդարձակ
բազմակրօն
çok dinliտեսակ-տեսակ կամ տարբեր-տարբեր կրօնքներ ունեցող (ժողովուրդ)
բազմահազար
on binlerce, binlerceշատ հազարներէ բաղկացած, խիստ շատ, անթիւ, անհամար
բազմանկիւն
çokgenչորսէ աւելի անկիւն ունեցող
բազմապատիկ
katթիւ մը՝ որ ուրիշ թիւի մը քանի մը անգամն է
բազմապատկել
çarpmakերկու թիւերէն մէկը միւսին չափ կրկնել
բազմապատկել
katlamak, çoğaltmakշատցնել
բազմապիսի
çeşitliբազմատեսակ, բազմազան, տեսակ-տեսակ, այլազան
բազմիլ
kurulmakմարմինը լաւ տեղաւորելով նստիլ
բազմիցս
(bir).ok kez, defalarcaշատ անգամ, յաճախ
բազմոց
minderկակուղ նստարան՝ երբեմն բազկատեղերով՝ որուն վրայ քանի մը հոգի կրնան նստիլ
բազմութիւն
kalabalıkմարդոց մեծ խումբ, ամբոխ
բազուկ
bilekթեւ, ուսէն մինչեւ դաստակ կամ արմուկէն մինչեւ դաստակ
բազրիք
korkuluk, tırabzanսանդուխի երկու կողմի ձեռնանեցուկները կամ յենարանները
բաժակ
çanak (yaprağı)ծաղիկին թերթերը դուրսէն շրջապատող կանանչ մասը, բաժակատերեւ
բաժակ
kupaապակիէ կամ զանազան մետաղներէ շինուած գաւաթ՝ ջուր կամ գինի խմելու համար, ըմպանակ
բաժանական
(tam) bölünebilir, bölüne(bile)nբաժանելի, ինչ որ կարելի է մասերու բաժնել
բաժանորդ
aboneայն անձը՝ որ կ՚օգտուի քաղաքապետութեան մատակարարած պիտոյքներէն (ջուր, ելեքտրականութիւն եւն.)
բաժանում
bölme, bölümմասերու բաժնել
բաժանում
bölünme, ayrılıkմիատեղ ըլլալէ դադրիլ կամ իրարմէ հեռանալ
բաժին
payբաժնուած ամբողջի մը ամէն մէկ մասը
բաժնեթուղթ
tahvil, aksiyon, hisse senediորեւէ առեւտրական ձեռնարկի մասնակից ըլլալու թուղթ, տոկոսաբեր թուղթ
բաժնել
bölmek, ayırmak, üleştirmekմասերու վերածել, անջատել, զատել
բաժնետէր
hissedarառեւտրական ձեռնարկի մէջ բաժին ունեցող
բալ
dil pasıհիւանդութեան ժամանակ լեզուին վրայ գոյացած ճերմակ նիւթը
բալ
vişneբալենիի պտուղը
բախիլ
çarpışmak, bindirmekիրարու զարնուիլ, ընդհարիլ
բախում
çarpışma, darbe, vuruşերկու մարմիններու իրարու զարնուելու վիճակը, ընդհարում
բախտ
talih, şans, baht, kısmetմարդոց յաջողութեան կամ ձախողութեան չգիտակցուած պատճառը
բախտախաղ
şans oyunu, kumarխաղի այն տեսակները՝ որոնց յաջողութիւնը կախում ունի խաղացողի բախտէն
բախտաւոր
talihli, şanslıաղէկ բախտ կամ յաջողութիւն ունեցող, երջանիկ
բակ
avlu, holտուներու դռնէն ներս մուտքի մասը
բակառութիւն
çiftlemeոճի այն ձեւը՝ որուն մէջ բառերը կը համաձայնին ներքին իմաստով եւ ոչ թէ քերականական կանոնով
բահ
kürek, belհողը փորելու գործիք
Բաղաամ
BalamՍուրբ Գրքին մէջ յիշուած գուշակ մըն է որ Մովաբի թագաւորին կողմէ կ՚երթար Իսրայէլացիները անիծել բայց օր մը իր էշը լեզու ելաւ ու յանդիմանեց իր տէրը՝ որ փոխանակ անիծելու՝ օրհնեց զանոնք [Գիրք Թուոց ԻԲ 22-35]
բաղադրել
türetmek, bileştirmekառանձին մասերէն ամբողջութիւն մը կազմել, խառնել, համադրել
բաղադրութիւն
bileşim, bileşikբաղադրութեամբ գոյացած նիւթ, խառնուրդ
բաղարջ
hamursuzանխմոր հաց
բաղդատել
mukayese etmek, karşılaştırmakառարկաներու միջեւ յարաբերութիւնը որոշել, համեմատել