Skip to main content

Sözlük // Բառարան

ջալուբիր

çelikçomak

ջալով ու բիրով խաղ մը

ջախջախել

ezmek, kırmak, dağıtmak, darmadağın etmek

հարուածելով փշրել, կոտրտել, ջարդել

ջախջախիչ

ezici

ջարդուփշուր ընող, զօրաւոր

ջահ

meşale

զօրաւոր լոյս արձակող (վառած ծղօտներու խուրձ, քարիւղի թաթխուած լաթ կամ ապակեայ անօթներու մէջ վառած լամբար, ճրագ եւն.)

ջահակիր

öncü

առաջնորդ

ջաղաց

değirmen

ջաղացք, զանազան հատիկներ աղալու գործիք, աղօրիք

ջաղացպան

değirmenci

ջաղացք բանեցնող արհեստաւոր

ջայլամ

devekuşu

թռչուններու ամենամեծը (խիստ արագավազ)

ջանադիր

gayretli

ջանք ընող, գործին հետամուտ

ջանալ

gayret etmek, çaba göstermek, uğraşmak

ջանք ընել, աշխատիլ, տքնիլ

ջանասէր

çalışkan

աշխատասէր, փութաջան, ժրաջան

ջանք

çaba, gayret

ոյժերու լարում, ճիգ, փոյթ

ջատագովել

savunmak

կողմնակից ըլլալ, պաշտպանել (անձ մը կամ գաղափար մը)

ջատուկ ժ

cadı

կախարդ կին, վհուկ

ջարդ

katliam, kırım, kıyım

կոտորած, նախճիր, սպանդ

ջարդել

kırmak, kıymak, doğramak

կտոր-կտոր ընել, մանրել, փշրել

ջեռուցանել

ısıtmak, kızdırmak

տաքցնել

ջեռուցիչ

ısıtıcı

տաքցնող (ոյժ եւ կամ որեւէ իր)

ջերմ

sıcak

տաք

ջերմաչափ

termometre

ջերմութեան աստիճանը չափող գործիք

ջերմեռանդ

ateşli, hararetli

ջերմ եռանդով, եռանդուն, սրտագին

ջերոց

sera, limonluk

ջերմոց, ջերմանոց, ապակիով ծածկուած տեղ՝ ուր կարելի է հասցնել ցուրտին չդիմացող կարգ մը բոյսեր (արուեստական ջերմութեամբ)

ջիղ

sinir

ջիլ, մարմնին մէջ տարածուած խողովակաւոր թելեր՝ որոնք ուղեղը հաղորդակցութեա մէջ կը դնեն մարմնին զանազան մասերուն հետ

ջինջ

berrak

յստակ, մաքուր, վճիտ, զուլալ

ջլախտաւոր

sinir hastası

ջղագար, ջղային հիւանդ

ջղաձգութիւն

kramp, spazm, çırpınma

մկաններու ուժգին կծկում

ջղային

sinirli

դիւրագրգիռ

ջղային

sinirsel

ջիղերու վերաբերեալ

ջղայնանալ

sinirlenmek

ջղագրգռուիլ, դիւրագրգիռ դառնալ

ջղայնոտ

sinirli

դիւրագրգիռ, ջղային, դիւրաբորբոք

ջնարակ

vernik

տեսակ մը խէժ՝ որմէ կը պատրաստուի բաղադրութիւն մը՝ որ կը ծառայէ փայլեցնելու զանազան առարկաներ

ջնջել

iptal/yok etmek

աւրել, վերցնել

ջնջել

silmek

մաքրել, սրբել

ջոլիր

sürü

անասուններու խումբ

ջոկատ

müfreze

զօրագունդի մէկ մասը՝ որ զատուած է մասնաւոր նպատակի մը համար

ջոջ

büyük

աւագ, մեծ

ջոջ

ileri gelen

երեւելի, գլխաւոր

ջով

çubuk, dal

ուռճացած ոստ, ճիւղ

ջորեպան

katırcı

ջորիով բեռ փոխադրող

ջորի

katır

ձիու եւ իշու զուգաւորումէն ծնած չորքոտանի մը

ջութակ

keman

լարաւոր նուագարան մը

ջութակահար

kemancı

ջութակ ածող արուեստագէտ

ջուլհակ

çulha

ոստայնանկ, կտաւագործ

ջուխտակ

çift

զոյգ մը

ջուր

su

անհոտ ու անհամ թափանցիկ հեղուկ (թթուածին եւ ջրածինի միացումով գոյացած)

ջրաբաշխութիւն

hidrolik

այն գիտութիւնը՝ որ կ՚զբաղի հեղուկներու շարժումով եւ հաւասարակշռութեամբ

ջրախառն

sulu, suyla karışık

որուն մէջ ջուր խառնուած է

ջրածին

hidrojen

անհոտ՝ անհամ՝ անգոյն կազային մարմին մը

ջրաղաց

su değirmeni

ջուրի ոյժով աշխատող ջաղացք

ջրաղուէս

susamuru

յարգի մորթով կենդանի մը