Skip to main content

Sözlük // Բառարան

բուք

tipi

հովախառն ձիւն, ձիւնամրրիկ

բջիջ

hücre

կենդանի մարմիններուն ամենափոքր մասը՝ որ շարժուն է ու կրնայ սնանիլ եւ բազմանալ

բջիջ

göz, hücre

վեցանկիւն փոքրիկ խորշ՝ ուր մեղուները մեղր կը լեցնեն

բռնաբարել

zor kullanmak, tecavüz etmek

չարչարել, լլկել, պղծել

բռնագրաւել

müsadere etmek, haczetmek

մէկու մը ունեցածը բռնի ոյժով ձեռքէն առնել

բռնադատել

dayatmak, zorlamak

ստիպել, հարկադրել, ճնշել

բռնազբօսիկ

sahte, yapmacık, zoraki

կեղծ, անբնական, շինծու

բռնաւոր

diktatör

բռնակալ, բռնապետ, այն՝ որ կ՚ուզէ իր կամքը ուրիշներուն պարտադրել

բռնել

tutmak

ձեռքին մէջ առնել, ձերբակալել

բռնի

zorla

բռնութեամբ, առանց մէկու մը կամքը նկատի ունենալու

բռնկիլ

alev almak

այրիլ, վառիլ

բռնկիլ

alevlenmek, parlamak

զայրանալ, բորբոքիլ

բռնութիւն

şiddet, zor, baskı

ուրիշին կամքը նկատի չունենալ, ստիպում, սաստկութիւն

բռունցք

yumruk

ձեռք՝ մատները գոցած վիճակով, կռուփ

բրածեծ

falaka

բիրով ծեծել (ոտքերը), գանակոծել

բրածոյ

fosil

հողին տակէն հանուած, հանածոյ

բրդեղէն

yünlü

բուրդէ շինուած

բրդուճ

lokma

որեւէ բանի կտոր, պատառիկ

բրդուճ

lokma, dürüm

հացի պատառ

բրինձ

pirinç

ճերմակ հատիկներով ընդեղէն մը՝ որ կը բուսնի տաք կլիմային մէջ՝ ճախճախուտ տեղեր

բրիչ

kazma

հող փորելու գործիք մը

բրուտ

çömlekçi

կաւէ ամաններ շինող, կաւագործ

բօթ

kara/kötü haber

մահուան լուր, գէշ լուր, գոյժ

գագաթ

zirve, doruk

բանի մը ամենաբարձր մասը, գլուխ, կատար

գազան

canavar

վայրի անասուն՝ որ կ՚ապրի ուրիշ կենդանիներու միսով, գիշակեր

գազանազուսպ

vahşi hayvan/aslan terbiyecisi

այն՝ որ գազանները կը զսպէ եւ զանոնք զանազան խաղերու կը վարժեցնէ

գալ

gelmek

հասնիլ, ժամանել

գալարուիլ

k›vr›lmak, dolanmak

գալարիլ, ինք իր վրայ դառնալ, ոլորուիլ, փաթթուիլ

գալարուն

kıvrımlı, dolambaçlı

պտուտակի պէս ինք իր վրայ դարձած, ոլորուն

գալիք

gelecek

ինչ որ պիտի գայ, ապագայ, վերահաս

գալուստ

geliş, gelme

ժամանում, գալ, հասնիլ

գահ

taht

թագաւորի աթոռ

գահավիժիլ

düşmek, uçmak, yuvarlanmak

բարձրէն իյնալ, գլորիլ

գահաւանդ

veliaht

գահաժառանգ թագաւորի այն զաւակը՝ որ իրմէ ետք գահը պիտի նստի

գահաւորակ

tahtırevan

հովանոցաւոր բարձր բազմոց մը՝ որուն մէջ կը նստին եւ ծառաներ ձեռքով կը փոխադրեն

գաղափար

fikir

հաստատ տեսակէտ, հայեցակէտ

գաղափարական

ideal

կատարելութեան հասած

գաղափարական

fikri

ինչ որ միայն երեւակայել կարելի է

գաղթ

göç

իր երկրէն հեռանալ եւ ուրիշ երկրի մէջ բնակութիւն հաստատել

գաղթական

muhacir, göçmen

այն՝ որ իր երկրէն հեռացած եւ ուրիշ երկրի մը մէջ բնակութիւն հաստատած է

գաղթել

göç etmek

իր երկիրը թողուլ եւ ուրիշ երկիր երթալ

գաղութ

koloni

գաղթողներու բազմութիւն՝ կամ հոն՝ ուր գաղթականներ հաստատուած են

գաղութ

müstemleke, sömürge

այն երկիրը՝ որուն քաղաքական եւ տնտեսական ինքնավարութիւնը օտար պետութեան մը տիրապետութեան տակ կը գտնուի

գաղջ

ılık

տաք ու պաղի միջեւ, ոչ տաք-ոչ պաղ, եղկումեղկ

գաղտագողի

gizlice

գողի պէս պահուըտելով, գաղտնի, ծածուկ, թաքուն

գաղտնապահութիւն

gizlilik, sır saklama

գաղտնիք պահել, մէկու մը ըսածը ուրիշին չըսել

գաղտնի

gizli

գաղտուկ, ծածուկ, թաքուն

գաղտնիք

sır, esrar

գաղտնի բան, ինչ որ պէտք չէ ուրիշին իմացնել

գաճ

alçı

տեսակ մը սպիտակ կիր՝ որ կը գործածուի պատերը ծեփելու եւ անդրիներ շինելու

գաճաճ

bodur, cüce

կարճահասակ, թզուկ