Skip to main content

Sözlük // Բառարան

գիտակից

aklı başında, bilinçli

խելքը գլուխը կամ այն՝ որ գիտակցութիւն ունի

գիտակցութեան

bilinçsizlik

բացակայութիւնը

գիտակցութիւն

şuur, bilinç

ըրածը գիտնալ, գիտնալ թէ ի՞նչ կ՚ընէ եւ ի]նչ կ՚ըլլայ հետեւանքը

գիտելիք

bilgi

տեղեկութիւն, ծանօթութիւն

գիտնալ

bilmek

սորված ու վարժուած ըլլալ, ճանչնալ

գիտնական

âlim, bilgin

գիտուն, գիտութիւններուն հմուտ կամ գիտութիւն ունեցող

գիտութիւն

bilgi

տեղեկութիւն, ծանօթութիւն, հմտութիւն

գիտութիւն

ilim, bilim

իրականութեան վերաբերեալ գիտելիքներուն ամբողջութիւնը

գիր

harf

այն նշանը՝ որ կ՚արտայայտէ լեզուի որեւէ հնչիւնը, տառ

գիր

yazı

գրուածք, գրութիւն

գիրգ

nazik, yumuşak, nazlı

փափուկ, խնամուած

գիրկ

kucak

մարդկային մարմնի կուրծքի մասը, գոգ, ծոց

գիրուկ

tombul

չափաւոր գիրութիւն ունեցող

գիրք

kitap

տպագրուած թերթերու ամբողջութիւնը հատորի մը մէջ, մատեան

գիւղ

köy

քաղաքէն փոքր տեղ՝ որուն բնակիչները յաճախ հողագործութեամբ կ՚զբաղին

գիւղ

sayfiye

ամառուան բնակութեան տեղ, ամարանոց

գիւղացի

köylü

գիւղաբնակ, գեղջուկ, շինական

գիւտ

icat, buluş, keşif

չգիտցուած բան մը մէջտեղ հանել, հնարել

գլան

silindir

մեքենայի մը կլոր մասը

գլանաձեւ

sigara

փաթթուած ծխախոտ, ծխագլանիկ

գլխագին

başlık (parası)

այն դրամը՝ զոր հարսնցու աղջկան հայրը կ՚ստանար փեսայէն

գլխագիր

büyük harf

սովորականէն աւելի մեծ գիր (ինչպէս յատուկ անուններու առաջին գիրը)

գլխանոց

takke, başlık, serpuş

գլուխի ծածկոց, գդակ

գլխարկաւոր

şapkalı

գլուխը գլխարկ դրած

գլխաւոր

baş(lıca), esas, temel

այն՝ որ միւսներէն աւելի կարեւոր է, էական, հիմնական

գլորել

yuvarlamak

բան մը գետին տապալել կամ գետնի վրայ թաւալել

գլորիլ

yuvarlanmak

ինք իր վրայ տապալիլ

գլուխ

baş

մարդու մարմնին վերին մասը՝ որ կը պարունակէ ուղեղը եւ զգայարանները

գլուխ-գործոց

başyapıt

գործերուն ամէնէն կարեւորը

գլտորել

yuvarlamak

գլորել, առարկայ մը ինքնիր վրայ թաւալելով շարժել

գծագրել

çizmek

պատկեր մը գիծերով արտայայտել

գծիկ

tire

փոքր գիծ՝ որ կը միացնէ երկու բառ ( -)

գձուձ

adi, alçak, zelil

անարգ, ստորին, արհամարհելի

գմբեթ

kubbe

գմբէթ, կամարաձեւ տանիք

գնահատել

takdir etmek

գին կտրել, արժէքը որոշել

գնացք

gidiş(at)

երթալու կերպ, ընթացք, ուղղութիւն

գնդակ

top(ak), bilye

փոքր գունդ կամ գունդի ձեւ ունեցող իր

գնդակահարել

kurşuna dizmek

հրացանով սպաննել, հրացանի բռնել

գնդամուղ

bilardo

գնդակներու խաղ մը՝ զոր կը խաղան գաւազաններով՝ մասնաւոր սեղանի մը վրայ

գնդապետ

albay

զօրագունդի հրամանատար

գնդասեղ

topluiğne

գնդաձեւ գլուխով ասեղ

գնդացիր

makineli tüfek

հրազէն մը՝ որ մեքենայօրէն գնդակներ կ՚արձակէ

գնել

satın almak

ծախու առնել

գնորդ

müşteri, satın alan

այն՝ որ գնել կ՚ուզէ

գնչու

çingene

թափառական ցեղ մը

գոգ

kucak

ծոց, գիրկ

գոգաւոր

çukur, içbükey

ներսի կողմը փոսացած, գոգաձեւ

գոգնոց

önlük

այն զգեստը կամ լաթը՝ որ հագուստը կը պահպանէ աղտէ կամ փոշիէ

գոգցես

sanki

կարծես

գոլորշի

buğu, buhar

շոգի, ջրաշոգի