Skip to main content

Sözlük // Բառարան

բեմասացութիւն

hitabet, nutuk, söylev

բեմբասացութիւն, ճառախօսութիւն, ատենաբանութիւն

բեռ

yük

բեռն, ծանրութիւն

բեռնալ

yüklenmek

բեռ կրել, բեռը իր վրայ առնել (տանելու համար)

բեռնակիր

hamal

բեռ կրող (մարդ)

բեռնաւորել

yük vurmak, yüklemek

ծանր բեռցնել, ծանրաբեռնել

բերան

ağız

դէմքին վրայ երկու կզակներուն մէջտեղի խոռոչը

բերդ

kale

ամուր պարիսպներով պատսպարուած տեղ, ամրոց

բերել

getirmek

որեւէ բան հեռուէն մօտ փոխադրել

բերրի

verimli

բեղուն, պտղաբեր, արգաւանդ

բերք

mahsul, ürün

հողէն ձեռք ձգուած արդիւնք, հունձք

բերքահաւաք

hasat

բերք հաւաքելու ժամանակը, հունձք

բեւեռ

kutup

որեւէ գունդի կամ երկրագունդի առանցքին երկու ծայրերը

բեւեռ

çivi

գամ

բզզալ

vızıldamak

թռչող միջատին (ճանճ, մեղու եւն.) “բը՜զզ” ձայն հանելը

բզզիւն

vızıltı

միջատներու թեւերուն թրթռացումէն գոյացած ձայնը

բզքտել

parçalamak, yolmak

բզկտել, կտոր-կտոր ընել, յօշոտել

բժժանք

tılsım

սուտ դեղ, կախարդի նշան, յուռութք

բժիշկ

tabip, hekim

այն՝ որ հիւանդութիւնները կը բուժէ

բժշկութիւն

şifa

առողջութիւնը վերագտնել

բժշկութիւն

tababet

բժիշկի արհեստ՝ դարմանում

բիբ

gözbebeği

աչքի ծիածանին մէջտեղը գտնուող ծակը՝ ուրկէ կ՚անցնին լոյսի ճառագայթները

բիծ

leke

տարբեր գոյնով աղտի նշան, արատ

բիտ

mahmuz

աքաղաղի ոտքին ետեւի կողմը գտնուող սուր ճանկը

բիր

(kalın) sopa

հաստ գաւազան, լախտ, մահակ

բիրտ

kaba (saba), haşin

կոշտ ու կոպիտ, անտաշ

բիւրեղ

kristal, billur

ապակիէն աւելի կարծր եւ աւելի թափանցիկ մարմին մը

բիւրեղանալ

kristalleşmek, billurlaşmak

հեղուկ վիճակէ հաստատունի փոխուելով որոշ ձեւ մը առնե

բլուր

tepe

հողով ծածկուած ցած լեռ

բխիլ

fışkırmak

բղխիլ, դուրս հոսիլ, ծորիլ

բխկալ

geğirmek

ստամոքսէն օդ դուրս տալ բերանով, զգայռել

բծախնդիր

titiz

չնչին թերութիւններ փնտռող, դժուարահաճ

բղջախոհ

şehvetli, şehevi, kösnül

մարմնական ցանկութեան հետամուտ, վաւաշոտ, ցոփ

բնաբան

tema

վերնագրին յաջորդող իմաստալից խօսք

բնագիտութիւն

fizik

մարմիններու յատկութեանց վրայ խօսող գիտութիւն

բնագիր

asıl, orijinal (metin)

բուն գրուածք, սկզբնագիր

բնազանցութիւն

metafizik

գիտութիւնը այն նիւթերու՝ որոնք ենթակայ չեն մեր զգայարաններուն եւ կարելի չէ որեւէ փորձ կատարել (միայն հասկնալի կը դառնան դատողութիւններու եւ ենթադրութիւններու միջոցով)

բնազդ

içgüdü

բնածին մղում, բնածին անգիտակից ընդունակութիւն

բնազդաբար

içgüdüsel olarak, içgüdüyle

բնազդով, առանց դատելու, ինքնաբերաբար

բնական

tabii, doğal

սովորական, պարզ

բնականաբար

doğal olarak

բնականին պէս, հարկաւ

բնակարան

ev, konut, ikametgâh

այն շէնքը՝ ուր կ՚ապրինք, տուն

բնակիլ

yaşamak, oturmak, ikamet etmek

տան մը մէջ հաստատուած ըլլալ, մնալ, նստիլ

բնակչութիւն

nüfus, ahali

տեղ մը բնակող ժողովուրդին ամբողջութիւնը, ազգաբնակութիւն

բնապաշտութիւն

doğacılık, natüralizm

բնութիւնը կամ բնութեան երեւոյթները պաշտել

բնաջնջել

imha/yerle bir/yok etmek, kökünü kazımak

բնաջինջ ընել, անհետացնել, ջնջել, ոչնչացնել

բնատուր

doğa/allah vergisi

բնութենէն տրուած, ծնունդէն ի վեր եղած, բնաձիր

բնաւ

hiç

սկիզբէն ի վեր, ամենեւին, բոլորովին

բնաւորութիւն

huy

մարդու յատկութիւններուն ու թերութիւններուն ամբողջութիւնը

բնիկ

yerli

բուն տեղացի, հարազատ

բնոյթ

mahiyet, nitelik

հիմնական որակ, յատկութիւն