Skip to main content

Sözlük // Բառարան

արջառ

davar

խոշոր եղջիւրաւոր անասուն (կով, եզ եւն.)

արջենի

ayı kürkü

արջու մորթ, մուշտակ

արտ

tarla

մշակելի հող, ցանքադաշտ

արտադրեալ

çarpım

այն թիւը՝ որ բազմապատկութեան արդիւնքն է

արտադրել

üretmek

արդիւնք առաջ բերել, արդիւնաբերել, շինել

արտադրութիւն

istihsal, üretim

երկրի մը առաջ բերած արդիւնքը

արտածել

ihraç etmek

ապրանք մը ուրիշ երկիր ծախել, արտահանել

արտակարգ

olağanüstü, sıradışı

սովորականէն տարբեր, անսովոր, անսպասելի

արտայայտիչ

ifade

լաւ արտայայտող, տպաւորիչ, ազդու արտայայտութիւն խօսքով կամ նշանով իր միտքը կամ զգացումները յայտնել

արտասահման

yurtdışı

երկրէ մը դուրս, ուրիշ երկիր, օտար երկիր

արտասանել,

telaffuz

արտասանութիւն

արտասովոր

olağandışı, olağanüstü

սովորականէն դուրս, արտակարգ, անսովոր

արտասուաբեր

göz yaşartıcı

արտասուք կամ արցունք բերող

արտասուել

ağlamak

արտասուք թափել, լալ

արտասուք

gözyaşı

արտօսր, արցունք, լաց

արտաքին

dış

դուրսը գտնուող, դուրսի

արտաքնոց

ayakyolu

բնական պէտքը ընելու տեղ, պէտքարան, ճեմիշ

արտաքսել

atmak, dışlamak, kovmak, sürmek

դուրս ընել, վռնտել, վտարել

արտեւան

kirpik

աչքի թարթիչի մէկ մազը

արտեւանունք

kirpikler

աչքի թարթիչները

արտոյտ

çayır kuşu

երգեցիկ թռչուն մը

արտորալ

acele etmek

աճապարել, շտապել, փութալ

արտորնօք

aceleyle

աճապարանքով, արտորանքով, փութով, շտապով

արտօնագիր

izin kâğıdı

արտօնութեան թուղթ

արտօնատէր

imtiyaz sahibi

այն՝ որ արտօնութիւն ունի, տէր

արտօնութիւն

müsaade, izin

իրաւունք տալ, թոյլ տալ, առանձնաշնորհում

արցունք

gözyaşı

լաց, արտասուք, արտօսր

արփի

güneş

արեւ, արեգ, արեգակ

արքայ

kral

թագաւոր

արքայութիւն

cennet

Քրիստոնէութեան համաձայն այն երանաւէտ տեղը՝ ուր մահէն ետք բարի հոգիները պիտի երթան, դրախտ, եդեմ

արքունիք

saray

թագաւորին բնակած պալատը, թագաւորին ընտանիքը, պալատականներ

արօտ

çayır

բուսած կանանչ խոտ՝ զոր կ՚ուտեն անասունները

արօտավայր

otlak, yaylak

այն տեղը՝ ուր կանանչ խոտը կը բուսնի, արածելու տեղ, արօտատեղի

արօր

saban

երկրագործական պարզ գործիք՝ որ կը ծառայէ հողը փորելու

աւա~ղ

ne yazık, yazık, yazıklar olsun, eyvah, heyhat

ձայնարկութիւն մը՝ որով վիշտ կը յայտնեն, մե~ղք, ափսո~ս

աւագ

büyük

մեծը, առաջինը, գլխաւորը

աւագանի

rical, ekâbir

մեծեր, գլխաւորներ, երեւելիներ

աւազ

kum

ժայռերու փոշի կամ տեսակ մը հող՝ որ կը գտնուի ծովերուն յատակը կամ ծովեզերքը

աւազան

havuz

որեւէ նիւթէ շինուած մեծ աման՝ մէջը ջուր հաւաքելու կամ պահելու համար

աւազուտ

kumsal

աւազով ծածկուած տեղ

աւաղել

hayıflanmak, acımak, ağlamak, teessüf etmek

վիշտ կամ ցաւ յայտնել, լալ, ողբալ, սգալ, ափսոսալ

աւան

kasaba

ընդարձակ գիւղ՝ շուրջը առանց պարիսպի, գիւղաքաղաք

աւանդ

emanet

ուրիշի պահ տրուած դրամ կամ իրեղէն

աւանդական

ananevi, geleneksel

սերունդէ սերունդ բերանացի հաղորդուած, զաւկէ զաւակ շարունակուող, սովորութիւն դարձած

աւանդապահ

ananeperest, gelenekçi, geleneklere bağlı

աւանդութիւնը կամ հին սովորութիւնները պահող, աւանդութիւններուն հետեւող

աւանդութիւն

anane, gelenek

հին սովորութիւն՝ որ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի

աւարել

soymak

աւարի տալ, կողոպտել, բռնի յափշտակել

աւարտել

bitirmek

սկսուած գործ մը վերջացնել

աւել

süpürge

բոյսերու ցօղուններով շինուած խուրձ՝ որ կը գործածուի աղբերը մաքրելու

աւելախնդիր

fazla

աւելորդ հետաքրքրութիւններ ունեցող եւն.)