Skip to main content

Sözlük // Բառարան

ատենապետ

başkan

այն՝ որ կը նախագահէ ատեանին, աւագ ատենակալ

ատրճանակ

tabanca

գրպանի փոքր հրացան

արագ

çabuk

կարճ ժամանակի մէջ, շուտ

արագաձիգ թնդանօթ

otomatik top

արագ-արագ կամ շուտ-շուտ արձակող թնդանօթ

արագաձիգ հրացան

makineli tüfek

արագ-արագ կամ շուտ-շուտ արձակող հրացան

արագիլ

leylek

երկայն կտուցով ու երկայն սրունքներով մեծ թռչուն մը,

արագութիւն

hız

շարժումի մը կամ գործողութեան մը կարճ ժամանակ տեւողութիւնը

արածել

otlamak

արածիլ, խոտ ուտել

արածել

otlatmak

խոտ ուտելու տանիլ

արահետ

patika

ոտքով բացուած նեղ ճամբայ, կածան

Արամազդ

Zeus

երկինքի չաստուածը եւ աստուածներուն մեծաւորը

արատ

leke

որեւէ թերութիւն, բիծ

արատաւորել

lekelemek

աղտոտել, վնաս հասցնել

արարած

yaratık

ինչ որ ստեղծուած է, շնչաւոր էակ եւ անշունչ առարկայ

արարիչ

Yaradan

ստեղծող, Աստուած

արարողութիւն

ayin, seremoni

եկեղեցական խորհուրդ մը կամ պաշտամունք մը կատարելու կերպ

արարուած

perde

արար, բեմադրութեան մը բաժանումները, գործողութիւն

Արաց

peyk, uydu

երկրորդական մոլորակ՝ որ կը դառնայ գլխաւոր մոլորակին շուրջը

արբշիռ

mest, sarhoş

գինովցած, յափշտակուած

արբունք

ergenlik

տարիքի հասունութիւն երբ պատանին ընդունակ կը դառնայ սեռային կեանքի

արգահատիլ

acımak

մէկուն մեղքնալ, խղճալ, գթալ

արգանակ

haşlama, et suyu

խաշած մսի ջուր

արգանդ

rahim

կիներու այն գործարանը՝ որուն մէջ սաղմը կ՚աճի մինչեւ ծնունդ

արգասաբեր

verimli

արդիւնաւոր, արգասաւոր, արգասաւէտ

արգասիք

ürün, meyve

բերք, պտուղ, արդիւնք

արգաւանդ

verimli

առատ բերք բերող, բերրի, պտղաբեր, բեղուն, պարարտ

արգելակ

fren

կառքի մը անիւներուն շարժումը դանդաղեցնելու կամ դադրեցնելու կազմած

արգելանոց

tutukevi

կալանաւորները պահելու տեղ, կալանատուն,

արգելափակել

hapsetmek

բանտարկել

արգելք

mania, engel

խոչընդոտ, դիմադրութիւն

արգիլել

men etmek, yasaklamak

չթողուլ, թոյլ չտալ, խոչընդոտ ըլլալ, խափանել

արդ

süs

զարդ, յարդարանք, արդուզարդ

արդար

adil

այն՝ որ արդարութեան եւ օրէնքի համաձայն կը գործէ

արդար

masum

յանցանք չունեցող, անմեղ

արդարադատ

adil

արդարութեամբ դատող, անաչառ

արդարանալ

aklanmak

անմեղութիւնը յայտնի ըլլալ

արդարեւ

nitekim, gerçekten

իրաւ, ստուգիւ, ճիշդ է որ

արդարութիւն

adalet

ամէն մէկուն տալ ինչ որ իրեն կը պատկանի, արդար ըլլալ

արդեօք

acaba

կը կարծուի թէ, կը թուի թէ

արդէն

zaten

հիմակուընէ

արդի

çağdaş, modern

հիմակուան, այժմէական, ներկայ

արդիականացնել

modernleştirmek

արդիացնել, ժամանակակից ձեւի կամ ճաշակի վերածել

արդիւնաբերութիւն

sanayi

հում նիւթեր արտադրելու կամ զանոնք մշակելու աշխատանք

արդիւնք

netice, sonuç

աշխատանքի մը մէջտեղ բերած գործը

արդուզարդ

süs

մարմնի մաքրութեան կամ գեղեցկութեան համար տարուած խնամք, զարդարանք

արդուկ

ütü

մետաղէ գործիք մը՝ զոր կը տաքցնեն ու կը քսեն կերպասին՝ հարթելու կամ կոկելու համար

արեգ

güneş

արեգակ, արեւ

արեգակ

güneş sistemi, güneş

արեւ՝ որուն շուրջ կը դառնան երկրագունդը եւ միւս մոլորակները՝ որոնց ամբողջութիւնը կը կոչուի “արեգակնային դրութիւն

արենակից

kandaş

արիւնակից, նոյն արիւնը ունեցող, ցեղակից, ազգակից

արեւածագ

şafak

արեւուն ծագելու ժամանակը