Sözlük // Բառարան
արեւածաղիկ
ayçiçeğiուղղաձիգ ցօղունով բարձր բոյս մը՝ որուն ծաղիկներու կուտերէն իւղ կը հանեն
արեւակ
opalփոփոխական գոյներով թանկագին քար մը
արեւելք
doğuարեւուն ծագած կողմը
արեւելքցի
doğuluարեւելքի բնակիչ
արեւմուտք
batıարեւուն մայր մտած կողմը
արեւշատութիւն
uzun ömürերկար կեանք
արթիստ
sanatçıօտար բառ մը՝ որ կը նշանակէ “գեղարուեստով զբաղող մարդ, արուեստագէտ”
արթննալ
uyanmakքունէն ելլել, զարթնուլ
արժանահաւատ
inanılırինչ որ արժանի է հաւատալու, վստահելի, ստոյգ
արժանանալ
layık/mazhar olmakբանի մը արժանի դառնալ կամ բանի մը հասնելու բախտ ունենալ
արժանի
layıkարժանաւոր, այն՝ որ իրաւունք ունի գնահատանքի
արժանիք
değerարժէք, յարգ, արժանաւորութիւն
արժէթուղթ
tahvilստացուածքի փաստաթուղթ, բաժնեթուղթ
արի
cesurքաջ, կտրիճ
արի
AriՀնդկաստանի՝ Իրանի եւ Կովկասի հնդեւրոպական ցեղին անունը
արիաբար
cesaretleքաջաբար, առանց վախնալու
արիւնիլ
kanamakարիւն հոսիլ
արիւնոտիլ
kana bulanmak, kanlanmakարիւնի քսուելով աղտոտիլ, արիւնի քսուիլ
արծարծել
uyandırmak, körüklemekմարած կրակ մը վառել, հրահրել, բոցավառել
արծիւ
kartalմեծ եւ ուժեղ թռչուն մը՝ որ թռչուններուն թագաւորը կը նկատուի
արկած
kazaանակնկալ դէպք կամ փորձանք
արկածախնդիր
maceracıարկածներ փնտռող կամ սիրող, բախտախնդիր
արկածեալ
kazazedeարկածի կամ անակնկալ դժբախտութեան ենթարկուած
արհամարհել
küçümsemekբանի տեղ չդնել, քամահրել
արհաւիրք
dehşetսաստիկ վախ, սոսկում, սարսափ
արհեստ
zanaatձեռքով եւ մանր գործիքներով կատարուած աշխատանք՝ բան մը շինելու համար
արհեստանոց
atölyeայն շէնքը՝ ուր արհեստաւորը կ՚աշխատի, գործանոց
արհեստաւոր
zanaatkârայն՝ որ արհեստով մը կ՚զբաղի, արհեստ ունեցող
արձագանգ
yankıձայնի որոշ կրկնութիւն՝ որ առաջ կու գայ երբ ձայնի ալիքները արգելքի հանդիպելով ետ կը դառնան ու կը լսուին
արձակ
nesir, düzyazıտաղաչափութեամբ կամ ոտանաւորի պէս չգրուած
արձակ
serbestազատ, ընդարձակ
արձակել
salıvermekազատ թողուլ, ազատ ձգել, չբռնել
արձան
heykelմետաղէ կամ քարէ քանդակուած կամ շինուած պատկեր, անդրի
արձանագործ
heykeltıraşարձան շինող, քանդակագործ
արձանագրութիւն
kayıtպաշտօնական ընդօրինակութիւն
արձանանալ
put kesilmekարձանի պէս անշարժ մնալ
արձոյլ
ağարձող, արձուղ, ձկնորսական ուռկան կամ ցանց
արմատ
kökբոյսին հողին մէջ նստած մասը՝ ուրկէ սնունդ կ՚առնէ
արմաւենի
hurma ağacıարմաւի ծառ
արմուկ
dirsekթեւին դուրս ցցուած մասը երբ ծալլուի
արմտիք
hububat, tahılմանր հատիկներով բերք (ինչպէս՝ ցորեն, գարի, բրինձ, ոսպ եւն.), ընդեղէն
արշալոյս
şafak, tanայն պահը երբ առտուան լոյսը նոր կ՚սկսի բացուիլ
արշաւ
yarışարշաւանք, արագ վազելու գործողութիւն
արշաւասոյր
hücum etmek, sefer/akın düzenlemekպատերազմով յարձակիլ երկրի մը վրայ
արուարձան
varoşքաղաքին մերձակայ կամ մօտիկ թաղերը
արուեստ
sanatինչ որ մարդու ձեռքով եւ ճարտարութեամբ է ստեղծուած
արուեստագէտ
sanatçıայն՝ որ ինքզինքը նուիրած է գեղարուեստի (երաժշտութեան, նկարչութեան, քանդակագործութեան, թատրոնի եւն.)
արուեստական
yapmacıkարուեստակեալ, ոչ-բնական, շինծու, անբնական
արուեստական
suni, yapayարուեստի վերաբերեալ, մարդու ձեռքի ճարտարութեամբ շինուած
արջ
ayıգիշակեր գազան մը՝ որ կ՚ուտէ նաեւ պտուղներ եւ կը բնակի ցուրտ երկիրներ ու լեռները