Skip to main content

Sözlük // Բառարան

քարափ

rıhtım

սալարկուած ծովեզերք

քարբ

sağıryılan

իժէն շատ աւելի մեծ՝ թունաւոր օձ մը,

քարիւղ

gazyağı

դիւրավառ հեղուկ մը,

քարկոծել

taşlamak

քարերով ծեծել, քարի բռնել,

քարձ

köse

քարձուկ, որուն մօրուքը չ'աճիր կամ ցանցառ է

քարճիկ

kursak

թռչնազգիներու ստամոքսի պարկը

քարշ

çek(iştir)mek

տալ քաշել, քաշքշել

քարոզ

vaaz

հոգեւորականներու կողմէ տրուած՝ հրապարակային պատուէր կամ բացատրութիւն (կրօնական հարցերու շուրջ)

քարոզել

vaaz etmek

գաղափար մը տարածել

քարոզել

vaaz vermek

քարոզ տալ

քարոզիչ

vaiz

քարոզ տուող (հոգեւորական)

քարոզութիւն

propaganda

գաղափար մը տարածելու համար կատարուած աշխատութիւն (խօսքով կամ գիրով)

քարոզութիւն

vaaz

կրօնական քարոզ

քարուկիր

kâgir

քարով ու կիրով շինուած

քարուքանդ

yerle bir

բոլորովին քանդուած, հիմնայատակ եղած, փլատակ դարձած

քարտէս

harita

գծագրուած կամ վիմագրուած նկար (երկրի կամ որեւէ երկրամասի՝ ուր ցոյց տրուած են ցամաքը, ծովը, լեռները, գետերը, քաղաքները եւն.)

քարտուղար

yazman

ատենադպիր

քարտուղար

sekreter

գրագիր

քացախ

sirke

քացխած գինի՝ որ կը գործածուի իբրեւ համեմ

քացխիլ

sirkeleşmek, ekşimek

թթուելով քացախ դառնալ, թթուիլ

քաւ լիցի

estağfurullah

Աստուած չնէ, հեռու ըլլայ

քաւարան

araf

մեղքերը քաւելու տեղ

քաւութեան նոխազ

günah keçisi

զոհ

քեղի

ok

կառքի մը առջեւի կողմը հաստատուած երկայն փայտ՝ որուն երկու կողմերը ձիեր կը լծուին, առեղ

քեղի

yeke

նաւու ղեկի կոթը

քենեկալ

bacanak

մէկուն քենիին ամուսինը

քենի

baldız

մէկուն կնոջ քոյրը

քեռայր

enişte

քրոջ ամուսինը

քեռկին

yenge

մօրեղբօր կամ հօրեղբօր կինը

քերականութիւն

dilbilgisi

լեզու մը կանոնաւոր խօսելու եւ գրելու արուեստ

քերել

kaşımak

քորել, սրածայր առարկայով մը եւ կամ եղունգներով շփել

քերթել

soymak, yüzmek

քերելով հանել

քերթող

şair

քերթուած գրող, բանաստեղծ

քերթուած

şiir

բանաստեղծութիւն, տաղ

քերիչ

rende

քերելու կամ քերթելու գործիք

քերոց

kaşağı

ձին կամ էշը քերելու գործիք

քեցել

ayırmak, koparmak

իրարմէ բաժնել կամ հեռացնել

քէն

küs, küskün(lük)

գժտութիւն

քէն

kin, hınç

ոխ, ոխակալութիւն

քթախոտ

enfiye

փոշի ծխախոտ՝ զոր քիթի մէջ կը քաշեն, ընչախոտ

քթթել

kırpmak

աչքը արագ բացխփել

քիթ

burun

հոտառութեան զգայարան

քիմք

damak

բերնին վերի մասը

քիչ

az

փոքր քանակութեամբ, սակաւ, նուազ

քիւ

saçak

տանիքի դուրս երկարած մասը

քծնիլ

yaltaklanmak

մէկուն առջեւ նուաստանալ՝ զայն սիրաշահելու համար

քղանցք

etek

կնոջական հագուստի վարի մասը, փէշ

քմահաճոյք

kapris

քմայք, յանկարծակի եւ կարճատեւ փափաք՝ որ կախում ունի անձին տրամադրութենէն

քնաբեր

uyku verici/getirici

քուն բերող

քնաբեր

uyutucu

ոչ-հետաքրքրական