Skip to main content

Sözlük // Բառարան

փոխ

ödünç

վերադարձնելու պայմանաւ առնուած կամ տրուած որեւէ բան

փոխաբերաբար

mecazen

փոխաբերական իմաստով

փոխաբերական

mecazi

փոխաբերութիւն պարունակող

փոխաբերութիւն

mecaz

բառի մը տեղ ուրիշ բառ մը գործածել (խօսքը աւելի պատկերաւոր դարձնելու համար)

փոխադարձ

karşılıklı

երկու կողմէն ալ հաւասարապէս կատարուող, երկկողմանի

փոխադարձե

karşılık vermek

փոխարէնը դարձնել, հատուցանել

փոխադրել

nakletmek, taşımak

գտնուած տեղէն առնել՝ եւ ուրիշ տեղ տանիլ, տեղափոխել

փոխան

karşılık (olarak), yerine

փոխանակ, փոխարէն

փոխանակ

yerine

ուրիշ բանի մը տեղ, փոխարէն

փոխանակել

yerine geçmek

յաջորդել

փոխանակել

mübadele/takas/değiş tokuş etmek

բանի մը հետ փոխել

փոխանորդ

vekil

ուրիշի մը փոխարինող, տեղակալ

փոխանորդագիր

vekâletname

այն թուղթը՝ որով մէկը լիազօր կ՚ըլլայ իբրեւ փոխանորդ գործելու

փոխանցել

devretmek

մէկէ մը առածը ուրիշի մը տալ

փոխանցել

bulaştırmak

վարակել

փոխանցել

iletmek

յանձնել

փոխանցիկ

bulaşıcı

տարափոխիկ, վարակիչ

փոխանցում

devir

նախորդէն յաջորդին անցնելու գործողութիւն կամ վիճակ

փոխատուութիւն

ödünç verme

փոխ տալ (դրամ եւն.)

փոխարէն

kaşılık

փոխանակ

փոխարժէք

bedel

բանի մը դրամական արժէքը, գին

փոխարինել

karşılamak, karşılık olarak vermek

փոխարէնը տալ, հատուցանել

փոխարինել

karşılamak, yerini almak/tutmak

մէկուն՝ կամ բանի մը տեղը բռնել

փոխարքայ

genel vali

թագաւորի փոխանորդ

փոխել

değiştirmek

ուրիշ բանի մը վերածել

փոխնիփոխ

sırayla

փոխառփոխ, յաջորդաբար

փոխնորդ

çamaşır

ճերմակեղէն, ներքնազգեստ

փոկ

kayış

երկայն ու նեղ կաշի

փոկ

fok

ծովաշուն

փողահար

borazancı

փողար, փող փչող (նուագածու)

փողերանոց

darphane

պետական հաստատութիւն՝ ուր դրամ կը պատրաստուի

փողկապ

kravat

նեղ ու երկայն կերպաս՝ զոր այրերը կը կապեն իրենց շապիկի օձիքին շուրջ (իբրեւ զարդ)

փողոտել

boğazlamak

վիզը կամ կոկորդը կտրել, մորթել

փողոց

sokak

երկու շարք տուներու միջեւ ճամբայ

փողրակ

künk

թրծուած կաւէ խողովակ

փոշի

toz

որեւէ նիւթի շատ մանր փշուր

փոշոտ

tozlu

փոշեպատ, փոշիի մէջ թաթխուած կամ վրան փոշի իջած

փոս

çukur

փորուած կամ ներս քաշուած տեղ, խոռոչ

փոսանալ

çukurlaşmak

փոս դառնալ, փոս ձեւացնել

փոսուռայ

ateşböceği

կայծոռիկ, լուսաճճի

փոր

karın

մարմնի այն մասը՝ որ կը պարունակէ ստամոքսը՝ աղիքները՝ լեարդը եւայլն, որովայն

փորագրել

hakketmek, kazımak

փորելով գրել, քանդակել

փորել

kazmak

փոս բանալ, պեղել, բրել

փորհարութիւն

ishal

փորլուծութիւն, փորքշուք, յաճախակի ջրալի կարիք

փորձ

tecrübe, deney(im)

այն գործողութիւնը՝ որ կը կատարուի հետեւանքը հասկնալու համար

փորձագէտ

uzman

փորձառութիւն ունեցող, հմուտ անձ

փորձանք

bela

աղէտ, չարիք, չարչարանք

փորձանօթ

deney kabı

այն ամանը՝ որուն մէջ գիտական փորձեր կը կատարեն

փորձառական

deneysel

փորձի վրայ հիմնուած

փորձառու

tecrübeli, deneyimli,

փորձով գիտցող, հմուտ, վարժ