Skip to main content

Ամենաերկար գիշերը

Գծագրութիւն՛ Հրանդ Գալէմքէրեան
Görsel açıklaması: Գծագրութիւն՛ Հրանդ Գալէմքէրեան

Մարտի սկիզբն է տակաւին, արեւը լման իր տեղն է։ Այս եղանակին, այս օդին, սիրած գինետունը երթալն ու երկու գաւաթ զարնելը սովորութիւն է Յովսէփին համար։ Իր մօտ աշկերտութիւն ընող եղբորորդիին՝ Արամին յանձնեց խանութը, միայն քանի մը ժամուան համար։ Դռնէն ելած ատեն լաւ մը պատուիրեց անոր. «Մինչեւ գալս խանութը քեզի կը վստահիմ, ուշադի՛ր եղիր»։ Թարլապաշըէն դէպի Ասմալըմեսճիթ բարձրացաւ, նստաւ Փանթելիսի ետեւի պարտէզին անկիւնի սեղանը։ Կէս քարաֆ մը ուզեց։ Միտքը երկու գաւաթ խմել, քիչ մը գինովնալ ու ետքը խանութը գոցելով կանուխ քնանալ կար։ Քիչ ետք Գեղամը եկաւ ու Յովսէփին բոլոր ծրագիրները տակնուվրայ ըրաւ։ Նպարավաճառի մը համար բաւական մտաւորական շրջանակ մը ունէր Յովսէփը։ Գեղամը շաբթական «Արուեստ» երգիծաթերթի կարեւոր գծագրիչներէն էր։ Թերթի Սագըզաղաճըի գրասենեակէն ելած, ճամբան հանդիպած Յովհաննէսն ալ իրեն հետ առած եկած էր գինետուն՝ կռահելով որ Յովսէփը այս աղուոր օդը առիթ պիտի սեպէր։ Քիչ ետք «վարպետ» ծածկանունովՍմբատն ալ ինկաւ քովերնին։ Կազմին հետ մէկտեղ քարաֆին օղին ալ նոյն համեմատութեամբ կ’աւելնար։ Սմբատը շատ տրամադրութիւն չունէր։ Միւսներուն պէս հաճոյքով չէր խմեր կարծես, այլ աւելի շատ մտահոգութեամբ։ Տխուր ըլլալը օղին առանց ջուրի խմելէն յայտնի էր։ Նախ Սմբատին այս վիճակը օրուան յոգնութեան տուին։ Ինքնամփոփ նկարագիր մը ունէր Սմբատ. ընկերներուն ալ հաճոյքը չփչացնելու համար լուռ ու մունջ պարպած էր չորրորդ գաւաթը։ Ճիշդ գլուխը թեթեւ մը դառնալու սկսած էր ու ալքոլը զգալի դարձած էր, երբ Գեղամը ձայն տուաւ Սմբատին. «Բան մը կայ վրադ, հա՛ դէ տեսնենք...»։ Սմբատը, ասիկա հաստատելու պէս գլուխը օրօրեց եւ ընկերներէն արտօնութիւն ուզելով սեղանէն ելաւ։

Տունը գինետունէն շատ հեռու չէր, Եիւքսեք Քալտըրըմէն դէպի Քուլետիպի իջած ատեն ձախի երկրորդ փողոցը կը բնակէր Սմբատ։ Զառիվայրը ոլոր-մոլոր իջաւ ու փողոցը մտաւ։ Երեք յարկանի շէնքի մը ամենէն վերի յարկը, չորս սենեակնոց հսկայ տուն մը ունէր։ Օղիին շիշին մէջի պէս չմնալը հասկցաւ այն ատեն, երբ վարի դրացիին՝ Գրիգորին դուռը կարծես կոտրելու պէս բանալու կը ջանար։ Աղմուկը լսող Գրիգորը շփոթած վիճակով բացաւ դուռը։ Դիմացը ուժասպառ Սմբատը տեսնելով, զայն տուն հրաւիրեց նոր եփած սուրճէնհրամցնելու համար։ Սթափելու համար սուրճը լաւ գաղափար սեպելով՝ Սմբատը նստաւ ցուցափեղկին ձախ անկիւնի բազկաթոռին։ Երեք վայրկեան ետք դրացին սուրճը ձեռքը, եկաւ դիմացը։ Գրիգորը գիտէր որ վարպետը հազուադէպօրէն կը գինովնար, իսկ գինովնալու չափ խմելու համար ալ պէտք էր որ տխուր ըլլար։ Անմիջապէս հասկցաւ՝ ցաւ մը ունէր։ Օդը կամաց-կամաց կը մթննար։ Արեւուն մար մտնելուն ու Սմբատին սիրտը բանալուն միջեւ կամ տասը վայրկեան կար, կամ չկար։ Նիւթը քաղաքականութիւն էր. այդ պատճառով շատ մտերիմ չեղող մէկուն պատմել-չպատմելու միջեւ տատամսեցաւ, բայց վերջապէս հաւատացած պիտի ըլլար որ ցաւը օտարի մը պատմելը միշտ աւելի լաւ կը զգացնէր զինք։ Այդ գինով վիճակով իսկ, ժամերէ ի վեր ներսը ինչ որ կար ու չկար՝ ջուրի պէս հոսեցաւ։ Կացութիւնը Գրիգորին կարողութենէն վեր էր։ Խոհանոց գնաց ու անցեալ Զատիկէն մնացած հոնի լիքէօրը բերաւ. Սմբատը այս գիշեր պէտք էր խմէր։ Եւ անշուշտ զայն մտիկ ընելու համբերութիւնը ունենալու համար՝ Գրիգորն ալ... Ժամերը անցած ատեն լիքէօրինտեղը գինին առաւ, գինիին տեղն ալ՝ շատախօսութիւնը։

Սմբատը գիշերուան ժամը տասնուկէսին մօտ փորձեց ելլել բազկաթոռէն։ Այնքան գինով էր որ երրորդ փորձին յաջողեցաւ։ Իսկ Գրիգորը այնքան յոգնած էր որ չէր կրնար զայն ճամբել։ Արդէն վերի յարկը կը բնակէր, ամէն օր ալ չըլլայ՝ երկու օրը անգամ մը առտու կամ իրիկուն անպայման կը հանդիպէին։ Ասկէ զատ, սխալմամբ եկած էր իր տունը։ Կարճ խօսքով՝ Գրիգորը զայն չճամբելու համար շատ պատճառներ ունէր։ Ծանր քայլերով աստիճանները ելլելէ ետք, վերջապէս բանալիները շիտակ անցքին մէջ դրաւ ու տուն մտաւ Սմբատը։ Կէս ժամ չանցած դուռը զարնուեցաւ։ Գինետան ձգած ընկերները, Սմբատին վիճակով հետաքրքրուած՝ ուզած էին զինք տեսնել։ Չորսն ալ տան մէկ անկիւնը՝ գինով, մէկը գետին, միւսը երկինք, քնացան մնացին։ Եղածը Արամին եղաւ. մինչեւ առտու աչքին քուն չեկաւ, խանութին լաւ նայեցաւ։