Skip to main content
Պլօկ // Blog Հայերէն

Յիշել Շահան Արծրունին

շահան արծրունի

Թուրքիոյ հայ համայնքի կարեւոր դէմքերէն դաշնակահար Շահան Արծրունի մահացաւ անցեալ շաբաթ, Նիւ Եորքի իր տան մէջ: Մամուլին մէջ տեղ գտած լուրերուն համաձայն՝ Արծրունիի անշունչ մարմինը գտնուած է Մանհեթընի իր բնակարանին մէջ: Արծրունիի մահուան պատճառին մասին տակաւին որեւէ յայտարարութիւն չէ կատարուած:

83 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացած Արծրունիին կը յիշատակենք «Քուլիս» հանդէսի 1984 թուականի Հոկտեմբերին հրատարակուած 908-րդ թիւին մէջ տեղ գտած լուրի մը հատուածով: Անանուն հրատարակուած գրութիւնը կը պատմէ Մխիթարեան Սանուց Միութեան մէջ, Շահան Արծրունիի եւ Ալիս Մանուկեանի կողմէ Սիրվարդ Գարամանուկի ստեղծագործութիւնները մեկնաբանուած համերգի մը մասին:

ԱԼԻՍ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ԵՒ ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ Կ՚ԱՆՄԱՀԱՑՆԵՆ ՅՕՐԻՆՈՂ ԳԱՐԱՄԱՆՈՒԿԵԱՆԸ

Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ երեսնամեակի հանդիսութիւններուն գծով անմոռանալի գիշեր մը ապրեցաւ Իսթանպուլահայութիւնը։

… Գիշեր՝ հոն ուր սրահին ելեկտրականութիւնը իրեն մրցակից կը գտնէր ծովածաւալ ժողովուրդին լո՜յս, լո՜յս, ժպի՜տ, ժպի՜տ, ծիծաղող, գո՜հ, երջանիկ ու վերացած դէմքերը։

… Գիշեր՝ հոն ուր Իսթանպուլահայ արուեստասէր հաւաքականութիւնը յոտնկայս ծափահարեց իր արուեստի իսկական քուրմերը՝ Ալիս Մանուկեանը եւ Շահան Արծրունին, որոնք դափնեպսակով կը զարդարէին տարիներու անխոնջ յօրինող Տիկին Սիրվարդ Գարամանուկեանի պայծառ ճակատը։

… Կ՚ըսեն թէ իրաւ երջանկութիւնը փշալից ճամբաներէ, տատասկալից արահետներէ, զարհուրալից կածաններէ կ՚անցնի։ Եւ մենք, մանաւանդ տարեցներս, խարխափելով բարձրացանք նեղլիկ, խորտուբորտ եւ մեծ իմաստասէրին լո՜յս պատգամածին ականջ գոցող սանդուխներէն, հոն ուր կանթեղի լոյսը անգամ ինքզինք գերադաս պիտի հռչակէր…։

Սակայն երբ մութը չքացաւ ու խաւարը փարատեցաւ եւ ներս մտանք ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ բարեզարդուած շքեղ հաւաքատեղիէն, պալատներու վայել լուսաւորութիւնը մեզի մոռցուց մեր լալկան լոյսի ճամբան, պլպլացող մոմերէ իսկ անզօր…։

Ամէն ինչով կատարեալ սրահին մէջ, ամէն ինչով գոհ ու երջանիկ հաւաքականութիւն մը սրտկատնումող կը սպասէր հանդիսութեան բացումին, քրտինքներու հեղեղով մը կլանուած։ կարծէք եզակի ու անկրկնելի հանդիսութենէ մը, շքեղ, պանծալի ու մեծավայելուչ…։

Մեծավայելուչ եւ պիտակաւոր բեմերու կոթողացած գոլորաթուրս սոփրանօն Ալիս Մանուկեան եւ միւզիքոլոկ դաշնակահար Շահան Արծրունի եկած էին պատուել Մխիթարեան Սանուց Միութեան սա դպրոցային համեստ բեմը, տալու համար իրենց քաղցրահունչ երգը եւ հեզասահ նուագը մինուճար ազգակիցներու, որոնք բխեր էին իրենց սիրտէն ու հոգիէն եւ որոնցմէ շատեր առնելիք շատ դաս ունէին անոնց այդ համեստ եւ մանիշակաբարոյ ելոյթէն։ Խոշոր կեցցէ՛ մը հոս, յաւերժահամեստ ու սրտամօտիկ Ալիսին ու Շահանին։

Paylaş · Տարածել

Okumaya devam edin // Շարունակեցէք կարդալ

Հայերէն Ո՞վ կը դառնայ արխիւի առարկայ Հայերէն «Հայ եմ» ասելու ճանապարհը Հայերէն Յուշարձան՝ փոխան շիրմաքարի