Skip to main content

Յուշարձան՝ փոխան շիրմաքարի

Բագրատ Էսդուգեան
taniel varujan büst

Յակոբ Պարոնեանի կիսանդրին Օրթագիւղի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղադրուելէ ետք ալ շարունակուեցան մեր քառեակի կիրակնօրեայ քայլարշաւները՝ Ենիգիւղ, Պոսֆորի ափին, Ենիգիւղէն Քիրեչպուրնու երթ ու դարձի կանոնով։

Այս անգամ մեզի միացած էին եւս երկու ընկերներ՝ Կարապետ Ուսթա եւ Յակոբ Ալթընքայա։

Բոլորս ալ ոգեւորուած էինք Պարոնեանի գործին յաջողութեամբ պսակուելէն։ Այս անգամ ես էի որ առաջարկեցի նման բնոյթի աշխատանք մը՝ արեւմտահայերէնի մեծ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի համար։

Եղեռնազոհ բանաստեղծը եթէ մահանար բնական կեանքով, շատ հաւանական է որ թաղուէր Շիշլիի Հայ Կաթողիկէ գերեզմանատան մէջ, իր համաերկրացիներու՝ Բրգնիկցիներու յատուկ բաժինին մէջ։

Ինչպէս նախորդ անգամ, այս աշխատանքին համար եւս դիմեցինք մեր արուեստագէտ բարեկամին՝ Էրօլ Սարաֆեանին։ Որքան հաճելի էր մեզի համար տեսնել թէ սիրելի Սարաֆեանն ալ կը կիսէր նոյն խանդավառութիւնը՝ լսելով նման առաջարկ։ Իբրեւ երկրորդ հանգրուան, պաշտօնական դիմումնագիրով մը եւ կանխապէս ապահովուած ժամադրութեամբ ներկայացանք Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր գերապայծառ Յովհաննէս Արք. Չոլաքեանին։ Պարզեցինք մեր նպատակը, ընդգծելով յայտնեցինք թէ նիւթական ոչ մէկ պահանջ ունինք եւ կը խնդրենք գերեզմանատան մէջ պատշաճ տեղի մը տրամադրումը։ Գերապայծառը, որ երկար տարիներէ ի վեր կը խուսափէր իր հեղինակութիւնը առաջադրելէ, մեզի խորհուրդ տուաւ տեսակցիլ Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան հետ։

Ընդառաջեցինք այդ թելադրանքին եւ դարձեալ ժամադրութիւն ապահովելով՝ փութացինք Սուրբ Յակոբ հիւանդանոց։ Ես եւ Սարգիս Քիւլեկէչ, աղերսագիրը ձեռքերնիս, բաւականին երկար սպասեցինք ժողովասրահի դրան առջեւ։ Ի վերջոյ կատարուածը անարգանք համարելով՝ սրտնեղած դուրս ելանք, առանց սպասելու աղաներուն կամքին։

 

Taniel Varujan Büst

 

Եղելութենէն տեղեակ եղաւ Թուրքիոյ Հայոց այդ ժամանակուան Պատրիարքը՝ Մեսրոպ Բ. Մութաֆեան։ «Եկէ՛ք տեղադրենք Շիշլիի մեր գերեզմանատան մէջ», ըսաւ Պատրիարք Սրբազանը։

Էրօլ Սարաֆեան շաբաթներու տեւողութեամբ աւարտած էր քանդակը։ Իրեն հետ, Յակոբ Պարոնեանէն ետք այս անգամ ալ տարակարծութեան մատնուեցանք՝ քանդակը ո՛ր նիւթով ձուլելու մասին։ Սարաֆեան կ՚առաջարկէր փոլիեսթերը՝ թէ՛ աւելի աժան, թէ՛ գողերու ուշադրութեան աւելի նուազ ենթարկուելու պատճառներով։ Մենք համառեցանք՝ պահանջելով որ քանդակը ձուլուի բրոնզով։ Այդպէս ալ եղաւ։

Պատրիարք Սրբազանի միջամտութեամբ գերեզմանատան վարչութիւնը տրամադրեց հարմարագոյն կէտը՝ Դանիէլ Վարուժանի յիշատակը անմահացնելու համար։

Ընթացքին, մեր ֆանթասթիք երեւակայութիւններով կը զարգանային յուշարձանի բացման հանդէսի մանրամասնութիւնները։

Անգամ մը եւս օգնութեան հասած էր մեր վաղեմի ընկերը՝ ճարտարապետ Վազգեն Պարընը։ Ան մտայղացաւ ու ձեւաւորեց խիստ նպատակայարմար մարմարեայ հենարան մը, որուն վրայ քանդակուած էին մեծ բանաստեղծին «Անդաստան» քերթուածէն հատուածներ։

Ես դիմած էի անձամբ ինծի ծանօթ երաժիշտի մը՝ նէյ փչող Շենօլ Ֆիլիզին։ Խնդրած էի որ բացման արարողութեան ինք եւս մասնակցի իր ընկերներով՝ օրուան պատշաճ երաժշտական բաժին մը կատարելու համար։ Շենօլը սիրով ընդառաջեց իմ խնդրանքիս եւ իր ընկերներուն՝ կիթարահար Պիրոլ Եայլայի, քոնթրապասիստ Նեզիհ Եշիլնիլի եւ տուտուկահար Սուրէն Ասատուրեանի ընկերակցութեամբ փութաց Շիշլիի Հայոց գերեզմանատունը։

Այդ շրջանին Ակօսի հայերէն էջերուն համար յօդուածներ ստորագրող Լարիսսա Համոյեան գրի առած էր Դանիէլ Վարուժանի ձերբակալման պահը նկարագրող կարճ թատրերգութիւն մը, որուն բեմադրութիւնը եւ արտասանութիւնը վստահուած էր դարձեալ մեր վաղեմի ընկերներէն Պօղոս Չալկըճըեանի, իսկ օրուան հանդիսավարն էր Նարօտ Էրքոլ։ Բոլոր այս մանրամասնութիւններով հանդերձ՝ հաւանաբար մեր պարզամտութեան արդիւնք, չէինք կանխատեսած չար միտքի մը միջամտութիւնը։

Այդ օր անհասկնալի թերացումով մը հոգեւորականաց դասէն ոչ ոք ներկայ էր։ Հաւաքուած էր շուրջ երկու հարիւր անձ։ Այդ բազմութեան մէջ էր նաեւ Պեյօղլուի թաղական խորհուրդի կազմէն Պօղոս Եըլան, որ եկած էր ընթացքը հսկելու։ Տեսնելով քոնթրապասն ու կիթարը՝ առարկեց, ըսելով թէ «Գերեզմանատունը չալկըի տեղ չէ»։ Իր այդ խօսքերը պաղ ցնցուղի ազդեցութիւն գործեցին մեր բոլորին վրայ։ Ես խիստ ամօթով մնացած էի իմ բարեկամ երաժիշտներուս դիմաց, երբ անոնք հասունութեամբ կը փորձէին մխիթարել զիս։ Ահաւասիկ, անտաշ ու տգէտ թաղական մը եկած էր ի դերեւ հանելու մեր այդքան նրբամտութեամբ մշակած գործը։ Ցաւալին այն է որ այդ օր, այդ տեղ, ինքն էր թագաւորը եւ ոչ թէ մենք՝ իբրեւ գործի տէրը։

Հանդէսը մեզի համար կատարեալ յիասթափութեան մը վերածուեցաւ՝ շնորհիւ Պօղոս Եըլանի՝ գերեզմանատան ննջեցեալներու խաղաղութիւնը ապահովելու յիմար միտքին։

Այսքան տարի ետք, երբ կ՚անցնիմ Դանիէլ Վարուժանի յուշարձանին առջեւէն, ատելութեամբ կը յիշեմ խոր տգիտութեամբ հանդերձ ազգային ծառայութեան լծուած մարդիկը, որոնք միայն վնաս կը պատճառեն։