Skip to main content

Ո՞վ կը դառնայ արխիւի առարկայ

Վարդան Էսթուգեան
agop arad brlog

Նկարիչ, լրագրող եւ գծագրիչ Յակոբ Արատը յիշեցինք անցեալ շաբաթ, իր մահուան 36-րդ տարելիցին առթիւ։ 1913-ին Էսքիշէհիր ծնած Արատ Պոլսոյ գեղարուեստի ակադեմիային մէջ աշխատեցաւ Նազմի Զիյա Կիւրանի, Իպրահիմ Չալլըի եւ Լէօփոլտ Լէվիի արուեստանոցներուն մէջ։ Նկարչական ուսումը շարունակեց Փարիզի մէջ։

Արատի արուեստին որոշիչ կողմերէն մէկը առօրեայ կեանքի եւ աշխատաւոր անձերու հանդէպ ցուցաբերած իր հետաքրքրութիւնն է։ Իր Պոլիսը հին քաղաքի բնապատկերներէն անդին, կեանքի պայքարի, փողոցի կեանքի եւ անտեսուած մարդոց քաղաքն է։ 1940-ին «Նաւահանգիստի ցուցահանդէս»ին շուրջ ի յայտ եկած «Նորերը» (Yeniler) խումբին հետ կապուած արուեստագէտն իր նկարներուն նիւթ դարձուց ձկնորսները, բեռնակիրները, շրջուն վաճառորդներն ու աղքատ թաղամասերու բնակիչները։ 

Յակոբ Արատ լրագիրներու մէջ նկարչութիւն ըրաւ. կազմեր եւ գծագրութիւններ պատրաստեց Սայիթ Ֆայիք Ապասըեանըքի, Օրհան Վէլի Քանըքի եւ ուրիշ գրողներու գիրքերուն համար։ Այսպիսով երկար ատեն գործեց նկարչութեան եւ գրականութեան խաչաձեւման ոլորտին մէջ։ 1986-ին արժանացաւ «Պուրհան Ֆէլէք Մամլոյ սպասարկութեան մրցանակ»ին։

Նկարիչին այսօր վերստին արժեւորումը միայն յիշատակելու հարց մը չէ։ Մօտ անցեալին «Արաս» հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսած «Գոյներու Տիոժենը. Նկարիչ Յակոբ Արատ» անուն գիրքը՝ լրագիրներու արխիւներու, մասնաւոր հաւաքածոներու եւ անձնական փաստաթուղթերու միջոցաւ կը հետազօտէ արուեստագէտին կեանքն ու ժամանակաշրջանի մշակութային մթնոլորտը։ Այս աշխատութիւնը նպատակ ունի տեսանելի դարձնել ինչպէս Արատի գործերը, այնպէս ալ անոնց ետին գտնուող ընկերային եւ մշակութային յարաբերութիւնները։

Գիրքին յառաջաբանին մէջ Բագրատ Էսդուքեան այսպէս կը պատմէ Արատի հետ իր ծանօթութիւնը. «Մենք իրարու մօտեցանք Պոյաճըգիւղի եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ մեր կարճատեւ դրացիութեան շրջանին։ Առանձնութեան մէջ, կեանքին վերջին տարիներուն, զաւակին՝ Կարպիսին եւ շանը հետ ապաստանելու ստիպուած էր Պոյաճըգիւղի եկեղեցւոյ յարակից շէնքի նեղ սենեակի մը մէջ ։ Հարկադրական ապաստանութիւն մըն էր այս, քանի որ Թարապիա վարձքով նստած տանտէրը նախընտրած էր իր տունը վարձու տալ այն շրջանին Պողազիչիով խորապէս հետաքրքրուող զբօսաշրջիկներու»։

Եսայեան միութիւն ըլլալով, ստանձնած ենք Արատի արխիւին ցուցակագրութիւնը կատարելու աշխատանքը։ Արատը արժեւորելու ատեն կը տեսնենք զինք որպէս Պոլսոյ մօտիկ անցեալի վկան։ Եւ աւելին, իր գործերուն մէջէն կը հարցնենք թէ ո՞վ կը դառնայ արուեստի առարկայ։ Ի՞նչ նախընտրութիւն ունէր Յակոբ Արատ։

4 Հոկտեմբեր 1990-ին վերջ գտաւ Յակոբ Արատի կեանքը։ Իր մահուան 36-րդ տարելիցին, նոյն հարցումը ուրիշ կերպով կը դնենք՝ ո՞վ կը դառնայ արխիւի առարկայ, մենք ո՞վ կը նախընտրենք յիշել։

 

agop arad arşiv post