Skip to main content
Բառաշար խաղին տուփը
Եսայեան միութեան հրատարակութիւն · Խաղ

Տառերուն հետեւինք, բառէ բառ շարան մը հիւսենք։
  • 4–8 խաղցող
  • 12 տարեկանէն վեր
  • 500 քարտ

Բառաշարը արեւմտահայերէնով քարտի խաղ մըն է։ Անոր նպատակն է խաղալով նոր բառեր գործածել, սորվիլ եւ միասին խօսիլ։

Paraşar, Batı Ermenicesiyle oynanan bir kart oyunu: masadaki kelimenin ilk ya da son harfiyle başlayan bir kelime kartı atılır. Amaç, oynarken yeni kelimeler kullanmak, öğrenmek ve birlikte konuşmak.

Բառաշարը տպագրութեան մէջ է եւ շուտով հասանելի պիտի ըլլայ։

Դպրոցներ, ուսուցիչներ եւ խումբեր կրնան անվճար օրինակ խնդրել։ Ստանալու համար կապ հաստատեցէք՝

contact@yesayan.org
Խաղին ուղեցոյցը (PDF)

Խաղին նպատակը

Սեղանին մէջտեղը բառ մը կայ։ Կարգով, ամէն խաղցող անոր վրայ նոր բառ մը կը դնէ, որ կը սկսի մէջտեղի բառին առաջին կամ վերջին տառով։ Այսպէս բառէ բառ շարան մը կը հիւսուի։

Ձեռքի բոլոր քարտերը առաջինը վերջացնողը կը շահի։

Տուփին մէջ

  • 398 բառաքարտ
  • 102 բախտի քարտ
  • քարտերուն ետեւի կողմը

Եւ 12 էջնոց ուղեցոյց մը։

Ինչպէ՞ս խաղալ

  1. Նախ՝ բառաքարտ։ Եթէ համապատասխան բառաքարտ ունիս, զայն մէջտեղի քարտին վրայ դի՛ր։ Յաջորդ խաղցողը անոր տառերուն կը հետեւի։
  2. Եթէ չկայ՝ բախտի քարտ։ Ձեռքիդ բախտի քարտերէն մէկը կրնաս խաղալ։
  3. Ոչ մէկը՝ քաշէ՛։ Տրցակէն մէկ քարտ քաշէ՛. եթէ կը համապատասխանէ՝ անմիջապէս խաղա՛, եթէ ոչ՝ կարգը կ՚անցնի յաջորդին։

Մէջտեղի բառը «թութակ» է։ «Թմբուկ»ն ալ, «կրիայ»ն ալ ճիշդ են։

Բախտի քարտերը

Բախտի քարտերը խաղին ընթացքը կը փոխեն կամ քեզի պարտականութիւն մը կու տան։

  • Նետելու եւ փոխանակելու քարտեր

    Ձեռքիդ բառաքարտերէն մէկը կամ երկուքը նետէ՛, կամ քու բոլոր քարտերդ ուրիշ խաղցողի մը քարտերուն հետ փոխանակէ՛։

  • Քաշելու քարտեր

    Դուն, քովիններդ կամ բոլորը տրցակէն 2-ական քարտ կը քաշէք։

  • Բառերով բացատրելու քարտեր

    Ձեռքիդ բառերէն մէկը 1 բառով, 3 բառով կամ նախադասութիւնով բացատրէ՛՝ առանց զայն ըսելու։ Միւսները կը գուշակեն։

  • Անխօս բացատրելու քարտեր

    Մնջախաղ. առանց խօսելու, մարմինիդ շարժումներով բառը ցոյց տուր։

  • Զգացումի քարտեր

    Բառդ քարտին վրայի զգացումով ըսէ՛՝ ուրախ, տխուր, զարմացած… Միւսները կը գուշակեն զգացումը։

  • Տառի քարտեր

    Ձեռքիդ բոլոր այն բառաքարտերը, որոնք քարտին վրայի տառը կը պարունակեն, նետէ՛։

Բոլոր կանոնները՝ խաղին ուղեցոյցին մէջ։

Այս խաղին մէջ ամէն անձ կրնայ իր գիտցած չափով հայերէն խօսիլ։ Երբ մէկը կը մտածէ, քիչ մը սպասենք։ Երբ մէկը կը սխալի, սիրով օգնենք։

Պատրաստողներ

Ծրագրի պատասխանատու
Նարօտ Աւճը
Խաղի պատրաստութիւն եւ գծագրութիւններ
Ժպիտ Լոյս Կեզէր
Համակարգող
Թալին Սիւզմէ
Հրատարակութեան պատասխանատու
Վահագն Քէշիշեան
Խորհրդատու ուսուցիչներ
Մելիսա Ֆերահեան, Մելիսա Աքքուշ, Ալվին Տիքմէ
Տպագրութիւն
Ֆուա Մաթպաա
Avrupa Birliği tarafından finanse edilmektedir Avrupa Birliği Sivil Düşün

Սոյն հրատարակութիւնը պատրաստուած է Եւրոպական Միութեան «Sivil Düşün» ծրագրի ֆինանսական աջակցութեամբ։ Անոր բովանդակութիւնը Գրականութեան եւ մշակոյթի Եսայեան միութեան պատասխանատուութեան տակ կ’իյնայ եւ չի ցոլացներ անպայման օժանդակող կազմակերպութեան դիրքորոշումները։