Քսաներորդ դարուն, Պոլսոյ հայ գրողները յատուկ դիրքի մէջ կը գտնուէին։ Փոքրամասնութեան մը գրողներն էին՝ քաղաքի մը մէջ ուր ինքնութիւնները կը հալէին։ Այս աշխարհագրական եւ մշակութային ճեղքը, անխուսափելիօրէն ձայն մը ստացած էր սակայն։ Տակաւին շատ ըսելիք կար, բայց կա՞ր արդեօք ըլլալը։
——
Կասկած
Կարպիս Ճանճիկեան
Սենեակին մէջ
ես կայի
Եւ իմ եսը կար
սպաննուեր է մին
ո՞րը
չի գիտցուիր
բայց ես ոտքի կը կենամ
կը քալեմ կը խօսիմ
կսմիթիս ցաը կը զգամ
մահճակալս իր տեղը կը կենայ
չեմ պառկած չեմ երազեր
կեանքի մէջ կամ
բայց սենեակիս մէջ
ես կայի
եւ իմ եսը կար
——
Հոս
Զահրատ
Հոս ըլլալու կամ չըլլալու
այդ երկունքին միջեւ գիծն եմ
փարակուկ
Դիւրաթափնց այ սահմանն եմ
— կամ թէ չկամ — յայտնի չէ
Մինչդեռ շատեր զիս փշաթել՝ երկաթէ դուռ կը կարծեն
Հոս ըլլալու կամ չըլլալու
այդ երկուքին մէջ սահող
ակնթարթն եմ ես կարճուկ —
Արագալոյս այդ պահիկն եմ
— կամ թէ չկամ — յայտնի չէ
Մինչդեռ շատեր զիս տարիով կը չափեն
Անջրնետին մէջ անծալ
ժամանակին մէջ անսկիզբ անվախճան
——
Կարպիս Ճանճիկեան եւ Զահրատ, երկուքն ալ կը գրեն կարճ, կը հրաժարին շքեղ պատկերներէ, կ’ընտրեն անմիջականութիւն — կարծես շատը աւելորդ ըլլար։ Եւ երկուքն ալ, ամէն մէկը իր ձեւով, կը խօսին գոյութեան մասին։
Ճանճիկեանի «Կասկած»ին մէջ «եսը» կը բաժնուի ինքզինքէն — մէ՛կը մնաց, մէ՛կը գնաց, բայց ո՞րը ո՞րն է, «չի գիտցուիր»։ Այս պատկերը պատահական չէ Պոլսահայ ծիրին մէջ։ Վերապրածը, որ ամէն օր կ’ապրի երկու լեզուի, երկու աշխարհի, երկու պատկանելիութեան սահմանին վրայ, ի վերջոյ կը հարցնէ. ո՞ր «ես»ն է ինքը։
Ճանճիկեան կ’ըսէ՝ հարցումը կը մնայ անպատասխան, կեանքը կը շարունակուի, կսմիթիս ցաւը կ’ապացուցանէ, որ մարմինը հոս է — բայց «եսը» կասկածելի է։
Զահրատ կ’երթայ ուրիշ տեղ։ Ինք ո՛չ ըլլա՛լն է, ո՛չ չըլլա՛լը, այլ անոնց «միջեւ գիծ»ը։ Այս համարձակութիւնը — ինքզինք յայտարարել ո՛չ որպէս էութիւն, այլ որպէս անցո՛ւմ, ակնթա՛րթ, «արագալոյս պահիկ» — Քեամիւ եւ Սարթրի ժամանակակից է, բայց Զահրատ կ’ըսէ հայերէնո՛վ, Պոլսո՛յ մէջ, հայ գաղութի աւելի լայն «ըլլա՞լ թէ չըլլա՞լ» հարցին ստուերին տակ։
Հոս կ՚արժէ կարկինը պզտիկ մը ընդլայնել եւ Ռուբէն Հախվերդեանի «Ուրուական» երգը լսել, Լիբանանահայ Կարապալա խումբին կատարողութեամբ։ Խօսքերը այսպէս կ՚ըսեն՝
«Անյայտ կորած» կը գրանցեն իմ վերջաբանը…
Եթէ մի օր այցելէք դուք ինծի տանը
Գուցէ եւ ձեզ ընդունի իմ ուրուականը
Չզարմանաք միթէ դա է էականը՝
Թէ մեզնից ո՞վ է իրականը։
Ա՛յս է ամենէն ծանր ժառանգութիւնը. գոյութենապաշտ հարցերը կ’ըլլան նաեւ պատմական հարցեր, ե՛ւ հակառակը։