Skip to main content

Թարգմանել օտարութեան մէջ - Մարկ Նշանեան

armenian scrap papers

Նշանեանի գրականութեան հետ ծանօթացայ «Ժոզեֆինա Երգչուհին» թարգմանութեան միչոցաւ: Հատորը կարդալէ եւ Նշանեանի հետ մեկնաբանելէ յետոյ անդրադարձայ հայալեզու մտաւորական կեանքի բացակայութեան։ Փորցառութիւնը ունեցայ հայերէնով աշխարհին բացուելու: Հետաքրքրութիւնս ընդլայնացաւ «Թարգմանել օտարութեան մէջ» յօդուածով:

Այս յօդուածին մէջ Նշանեան կը քննէ թարգմանութեան ծառայութիւնը, մանաւանդ՝ օտարութեան մէջ թարգմանելու ծառայութիւնը: Քննարկումը կը սկսի արեւմտահայերէն թարգմանութեան մասին քանի մը յատկանշական տեղեկութիւններով:  Նշանեան կը նշէ առաջին արեւմտահայերէն թարգմանութեան մասին որ կատարած է Մինաս Բժիշկեան, 1817-ին՝ «Ռոպինսոն Քրիւզոյ»: Մխիթարեան հայր եւ վաստակաւոր գործիչ Բշիկեան, իր աշխատանքներով ներկան պատմականացուցած է իբրեւ վկայ: Այսինքն հայերու ներկայ իրավիճակը ներկայացուած է որպէս պատմանական արդիւնք՝ բացատրելով թէ հայերը ի՞նչ պատմական գաղթեր կամ իրադարձութիւններ ապրած են։ Իր ճանապարհագրական գործերուն մէջ հայերու ապրած տարածքներու պատմական գործընթացքները եւ այն տարածքներու վրայ ապրողներու համայնքային կեանքերը նկարագրած է։ 

Ապա, Պոլսոյ եւ Իզմիրի թարգմանիչներուն շնորհիւ արեւմտահայերէնը դարձած է այսօրուան ճկուն լեզուն: Պոլսոյ եւ Իզմիրի թարգմանիչները ֆրանսահայերու մեծ վէպերը եւ վիպապաշտ բանաստեղծութիւնները թարգմանած են հայերէնի: Անոնցմէ Պարտիզակցի Արսէն Ղազիկեան,  Վենետիկ Ս. Ղազար կղզիի մէջ աշխարհաբարով տարած է թարգմանութեան բազմաթիւ աշխատութիւններ եւ ժառանք ձգած է արեւմտահայերէնով պատրաստուած դասական գրականութեան մեծ գործերուն կարեւոր մասը:

Իսկ 20-րդ դարուն մէջ սփիւռքի զանազան թերթերու թարգմանութիւնները եթէ ակնարկենք կը տեսնենք թէ անոնք թարգմանած են թերթօններ, ապահովելու համար իրենց բաժինները: Եւ զարմանալիօրէն այս թարգմանուած օտար գործերը յաճախ կը նմանին հայ գրականութեան մէջ արդէն հաստատուած հեղինակներու ոճերուն, օրինակ՝ Երուանդ Օտեան ու Սմբատ Բիւատը։ Անոնց երգիծական շեշտադրումները, առօրեայ կեանքի դիտարկումները եւ լեզուական պարզութիւնն ու կենդանութիւնը կարծես կը վերարտադրուին թարգմանութիւններուն մէջ։ 

Գրական թարգմանութեան իսկական աշխատութիւն տարած են Փարիզի նոր սերունդը։ Սարաֆեան եւ Նարդունի այս սերունդին յայտնի անուններն են: Սարաֆեան թարգմանած է որ կարենայ դուրսը ներառել: Սարաֆեան գաղթական մը ըլլալով իր ինքնութեան եւ լեզուին մէջ փորձած է օտար աշխարհը եւ այլ լեզուները հասկնալ որպէսզի կարենայ ապրիլ սփիւրքին մէջ։ Անոր թարգմանելու նպատակներէն մէկն ալ եղած է՝ հայ գրականութիւնը եւ ներկայութիւնը օտարութեան մէջ արեւմտահայերէնով ցոյց տալ: Հետեւաբար Սարաֆեան նկատուած է դրսութեան մարդը: Դուրսը ներառել գաղափարին աւելի մօտենալու համար կարելի է Սարաֆեանի «Մենք դուսն ենք» խօսքին մասին մտածել: 

Նշանեան արեւմտահայերէն թարգմանութեան կոչումին որպէս մարզ ու մարզանք, ԿԱՄ շարքով կը ծառայէ եւ քառորդ դարէ ի վեր օտարութեան մէջ թարգմանութեան թափ տալով: ԿԱՄ շարքին մէջ ունի բազմաթիւ գրական թարգմանութիւններ, ինչպէս «Ժոժեֆինա Երգչուհին»: Օտարութեան փորձընկալումը Նշանեան  մեկնաբանած է Պեռմանի հարցադրումով. «Ազգին թարգմանական գործունէութիւնը ի՞նչ շփում ունի օտարին հետ»:

Նշանեան կը թարգմանէ օտարութեան մէջ, հանդիպելու համար օտարին հետ եւ կը հիւրասիրէ օտարը: Վահէ Օշական, եղած է օտարութեան մէջ ըլլալու մեծ դէմքը։ Ան թարգմանած է ինք իրեն հանդիպելու համար: Եւ նոյնպէս Սարաֆեան թարգմանած է ինքնիշխան լեզուներուն միջեւ օտարութեան փորըձնկալումը ստեղծելու համար:

Նշանեան գիտէ թէ մինակը, յանկարծ արեւմտահայերէնը պիտի չդարձնէ թարգմանուող լեզուի մը: Բայց գիտէ որ պէտք է թարգմանել վերապրող լեզուին մէջ: Այսինքն ապրող եւ վերապրող լեզուով: Ա՛հա այս է օտարութեան մէջ թարգմանելը: