Skip to main content

Sözlük // Բառարան

ձիւթ

sakız

կպչուն նիւթ մը

ձիւն

kar

օդին մէջ սառելով՝ բիւրեղացած անձրեւի կաթիլ՝ որ ունի ճերմակ գոյն

ձիւնախառն

karla karışık

որուն հետ ձիւն խառնուած է (ինչպէս՝ ձիւնախառն անձրեւ)

ձիւնել

kar yağmak

ձիւն տեղալ, ձիւն գալ

ձկնավաճառ

balıkçı

ձուկ ծախող (մարդ)

ձկնկիթ

balıkyumurtası, havyar

ձուկի հաւկիթ, թառափկիթ

ձկնկուլ

balıkçıl

ձուկերով սնանող թռչուն մը

ձկնորս

balıkçı

ձուկի որսորդ

ձկնորսութիւն

balıkçılık

ձուկի որսորդութիւն

ձմեռ

kış

տարուան ցուրտ եղանակը

ձմերուկ

karpuz

ամառնային պտուղ մը

ձող

sırık

երկար եւ բարակ փայտ՝ կամ երկաթ

ձոյլ

dökme, döküm

ձուլուած, թափուած (մետաղ)

ձոյլ

saf

անխառն, զուտ

ձոր

vadi

երկու լեռներու միջեւ ցած տեղ, ծործոր, հովիտ

ձորձ

elbise, giysi

հագուստ, զգեստ, հագնելիք, լաթ

ձորձակալ

askı

զգեստ կախելու կազմած

ձու

yumurta

հաւկիթ

ձուաձեւ

oval, söbe, beyzi

ձուածիր, հաւկիթի ձեւ ունեցող

ձուլածոյ

döküm, dökme

ձուլուած, թափծու (մետաղ)

ձուլարան

dökümhane

մետաղէ իրեր ձուլելու տեղ

ձուլել

dökmek, döküm yapmak

մետաղը հալեցնելով կաղապարի մէջ թափել

ձուլուիլ

er(g)imek

հալիլ (մետաղի)

ձուլուիլ

erimek

ուրիշներու հետ խառնուիլ ու կորսուիլ (որպէս ժողովուրդ)

ձուկ

balık

ողնաշարաւոր կենդանիներու տեսակ մը՝ որ կ՚ապրին ծովերու՝ գետերու՝ լիճերու մէջ

ձրի

bedava, boş

աւելորդ, անհետեւանք, զուր

ձրի

bedelsiz, bedava, parasız

առանց դրամի, առանց փոխարինութեան

ձրիակեր

bedavacı

առանց աշխատելու ուտող, մակաբոյծ, պատառաբոյծ

ձրիավարժ

parasız okuyan

այն՝ որ կ՚ուսանի՝ առանց թոշակ վճարելու

ձօն

armağan

նուէր, ընծայ, պարգեւ

ձօնել

ithaf etmek

գրուածք մը՝ մէկուն նուիրել (իբրեւ պատիւ)

ղեկ

dümen

նաւու կամ նաւակի կազմած՝ որ աջ ու ձախ դառնալով ուղղութիւն կու տայ

ղեկավար

dümenci

ղեկը կառավարող

ղեկավար

yönetici, lider

գործի մը առաջնորդը, գործին ուղղութիւն տուող

ղեկավարել

yönetmek

վարել, առաջնորդել, կառավարել

ղենջակ

peşkir

չորցուելու լաթ

ղենջակ

peştemal

մէջք կապելու լաթ, սփածանելի

ղրկել

göndermek

դէպի ուրիշ տեղ՝ ճամբայ հանել, ուղարկել, առաքել, յղել

ղրուշ

kuruş

թրքական լիրային մէկ հարիւրերորդը

ղօղանջ

çan/zil sesi

ղօղանջիւն, զանգակի հնչիւն

ղօղանջել

çınlamak, çalmak

խուլ հնչիւններ արձակել (ինչպէս՝ խոշոր զանգակներու ուժգին ձայնը)

ճագար

adatavşanı

նապաստակի նմանող կենդանի մը

ճաթեցնել

çatlatmak

պայթեցնել եւ ճեղք բանալ

ճաթիլ

çatlamak

պայթիլ, ճեղքուիլ

ճախարակ

makara

թել կամ դերձան փաթթելու՝ կամ ոլորելու գործիք (անիւի նման)

ճախճախուտ

bataklık

հոն՝ ուր լիճի ձեւով ջուր հաւաքուած է, տղմուտ տեղ, եղտիւր

ճակատ

cephe

պատերազմական գիծ

ճակատ

alın

դէմքի վերի մասը (յօնքերէն մինչեւ գլխու մազերը)

ճակատագիր

alınyazısı

կարծել թէ՝ ինչ որ պիտի պատահի մարդոց՝ նախապէս գրուած է իրենց ճակտին վրայ ու չի փոխուիր

ճակատագրական

mukadder

անխուսափելի