Skip to main content

Sözlük // Բառարան

թատրոն

tiyatro

թատր, այն շէնքը՝ ուր կը ներկայացուին թատերական գործերը

թարախ

irin

վէրքին մէջ գոյացած աղտոտութիւն

թարգման

tercüman

բացատրող, արտայայտող

թարգմանել

tercüme etmek, çevirmek

լեզու մը ուրիշ լեզուի մը վերածել (գրաւոր կամ բերանացի)

թարգմանիչ

mütercim, çevirmen

գրուածք մը ուրիշ լեզուի վերածող

թարթել

göz kırpmak

աչքի կոպերը գոցել ու բանալ (շատ արագ)

թարթիչ

kirpik

թերթերունք, կոպերուն ծայրը բուսած կարճ մազերը, արտեւանունք

թարմ

taze

այն՝ որ մնացած չէ կամ նոր մէջտեղ ելած է

թարմութիւն

tazelik

թարմ ըլլալու վիճակ

թաց

ıslak

շատ խոնաւ, թրջած, տամուկ

թաւ

kalın

հաստ (ձայն)

թաւ

sık, gür

խիտ առ խիտ բուսած, հոծ

թաւալիլ

dönmek, yuvarlanmak

ինքնիր վրայ գլորիլ, գլտորիլ

թաւարծի

tüylü

թաւ մազերով, բրդոտ

թաւիշ

kadife

կերպասի տեսակ մը՝ որուն մէկ երեսը ծածկուած է շատ խիտ խաւով մը

թաւուտ

(sık) çalılık, ağaçlık

թաւուտք, խիտ առ խիտ բուսած (մացառ, թուփ եւն.)

թափ

kuvvet, güç

շարժելու կարողութիւն, ոյժ

թափանցել

geçmek

մէջէն անցնիլ (ջուրը կամ լոյսը)

թափանցել

nüfuz etmek

մէջը անցնիլ

թափանցիկ

şeffaf

իր մէջէն ջուր կամ լոյս անցընող

թափառական

avare

թափառաշրջիկ

թափառական

göçebe

որոշ բնակութիւն մը չունեցող, վաչկատուն

թափառայած

serseri, başıboş

թափառաշրջիկ, անգործ եւ աննպատակ թափառող

թափառիլ

dolanmak

աննպատակ շրջիլ կամ պտտիլ

թափել

dökmek

ամանի մը մէջէն պարպել (ուզելով եւ կամ ակամայ)

թափթփած

pasaklı

ոչ-կոկիկ, շլխտի, անկանոն

թափթփիլ

dökülmek

կամաց-կամաց բայց շարունակ թափիլ

թափիլ

dökülmek

ամանէն դուրս ելլել, ծորիլ

թափուր

boş

պարապ, ամայի, անտէր

թափօր

tören alayı, kortej

եկեղեցական եւ կամ ուրիշ հանդիսութեան մը մասնակից մարդոց խումբ

թաքուն

gizli

պահուած, գաղտնի, ծածուկ

թաքչիլ

gizlenmek

պահուըտիլ, ծածկուիլ

թեթեւ

hafif

ոչ-ծանր, մեղմ, դիւրատար

թեթեւսոլիկ

hoppa

թեթեւամիտ, թեթեւաբարոյ

թելադրել

önermek, tavsiye/telkin/dikte etmek, dayatmak

խորհուրդ տալ, դրդել, մղել, կամքը պարտադրել

թելադրութիւն

telkin

խորհուրդ տալ կամ յիշեցնել, դրդում

թեկնածու

namzet, aday

այն անձը՝ որ կ՚ուզէ ընտրուիլ

թերակղզի

yarımada

այն հողամասը՝ որ միայն մէկ կողմով միացած է ցամաքի, կիսակղզի

թերեւս

belki

հաւանաբար, փափաքելի է որ (աղէկ բանի համար)

թերթ

gazete

լրագիր

թերթ

yaprak

գրքի կամ տետրակի իւրաքանչիւր թուղթ

թերթուշ

baklava

անուշեղէն մը

թերթօն

tefrika

թերթի մը մէջ մաս առ մաս հրատարակուած վէպ կամ որեւէ գրուածք

թերի

eksik, natamam, yarım (kalmış)

պակաս կամ կիսատ մնացած (բարդութեան մէջ «թեր» կը նշանակէ «պակաս».

թերուդէմ

lehte ve aleyhte

մէկու մը կամ բանի մը ի նպաստ եւ հակառակ

թերութիւն

kusur

պակասաւոր կողմ, պակասութիւն

թեւ

kol

ուսէն մինչեւ դաստակ, բազուկ

թեւ

kanat

կարգ մը կենդանիներու թռչելու եւ կամ լողալու անդամները

թեւածել

kanat çırpmak

թեւերը շարժել (թռչելու համար), թռչիլ, թեւահարել

թեւակ

kanatçık

թեւիկ, փոքր թեւ