Skip to main content

Sözlük // Բառարան

զոհողութիւն

fedakârlık, özveri

անձնուիրութիւն, զոհաբերութիւն

զոյգ

çift

երկու հատ՝ որոնցմէ մէկը՝ միւսը կ՚ամբողջացնէ

զով

serin

հաճելի չափով պաղ, պաղուկ

զովարար

serinletici

զովացուցիչ, զովութիւն բերող

զովութիւն

serinlik

հաճելի կամ թեթեւ պաղ, զով

զորօրինակ

mesela, örneğin

օրինակի համար, ինչպէս որ

զուարթ

neşeli, şen

ուրախութիւն արտայայտող, ժպտերես

զուարթութիւն

neşe

արտայայտուած ուրախութիւն

զուարճալի

hoş, neşeli

ուրախացնող

զուարճալի

eğlendirici

խնդացնող, ծիծաղաշարժ

զուարճախօս

nüktedan, nükteci, esprili

զուարճալի բաներ պատմող, կատակախօս

զուարճանալ

eğlenmek

հաճոյք եւ ուրախութիւն զգալ, զբօսնուլ

զուարճացնել

eğlendirmek

հաճոյք եւ ուրախութիւն պատճառել

զուգադիպիլ

denk gelmek, rast gelmek

միեւնոյն ատեն պատահիլ, հանդիպիլ

զուգակշիռ

kıyas

բաղդատութիւն, համեմատութիւն

զուգակշիռ

denk, muadil

նոյն ծանրութիւնը ունեցող, հաւասարակշիռ

զուգահեռագիծ

paralelkenar

այն քառանկիւնը՝ որուն հակադիր կողմերը իրարու զուգահեռական են

զուգահեռական

paralel

ամէն կէտի վրայ իրարմէ հաւասար հեռաւորութիւն ունեցող (գիծեր)

զուգորդութիւն

çağrışım

յիշողութեան մէջ իրարմէ ծնունդ առած գաղափարներու կամ պատկերներու կապակցութիւն

զուլալ

berrak

վճիտ, յստակ, անապակ, ջինջ

զուսպ

mazbut, ölçülü

զսպուած, սեղմ, չափաւոր

զուտ

saf(i), sırf

անխառն, մաքուր, զտուած

զուրկ

mahrum, yoksun

զրկուած, անբաժին, չունեցող

զոքանչ

kaynana

մարդու մը համար՝ իր կնոջ մայրը

զռինչ

anırma

զռոց, իշուն զռալու կամ զռնչելու ձայնը, իշու աղաղակ

զսպանակ

zemberek

մետաղեայ՝ պարուրաձեւ առաձգական լար

զսպել

bastırmak, tutmak, kontrol etmek

սանձել, թոյլ չտալ, բռնել, արգիլել

զտել

arıtmak, süzmek

օտար նիւթերէն բաժնել կամ մաքրել

Զրադաշտ

Zerdüşt

շուրջ 35.. տարի առաջ ապրած իմաստասէր մը՝ որ հիմնած է Պարսից կրակապաշտ կրօնքը՝ որ կը ճանչնար զոյգ աստուածներ (բարիի՝ Որմիզդ եւ չարի՝ Արհման)

զրահ

zırh

մետաղեայ հագուստ՝ զէնքի հարուածէն պաշտպանուելու համար

զրահաւոր

zırhlı

զրահանաւ, մարտանաւ

զրկանք

mahrumiyet, yoksunluk

զուրկ մնալու հետեւանքով հոգեկան կամ նիւթական անձկութիւն

զրկել

mahrum etmek

իրաւունքը կտրել, արգելք դնել

զրոյ

sıfır

զերոյ, . թուանշանը՝ որ ոչ մէկ քանակութիւն կ՚արտայայտէ

զրոյց

konuşma, sohbet

հրապարակային խօսակցութիւն, ասուլիս

զրոյց

rivayet, söylenti

բերնէ բերան տարածուած խօսք

զրպարտիչ

müfteri, iftiracı, kara çalan, karacı

այն՝ որ անիրաւ տեղը մէկը կը մեղադրէ եւ պատիւը կ՚արատաւորէ, չարախօս, բանսարկու

զրպարտութիւն

iftira

անիրաւ տեղը յանցանք վերագրել, չարախօսութիւն

զօդ

lehim

մետաղի մասերը իրար կցելու համար գործածուած նիւթ

զօր

kuvvet

ոյժ, կարողութիւն, զօրութիւն

զօրաբաժին

tümen

զօրամաս, զօրքի մէկ մասը

զօրագունդ

alay

գունդ, զօրախումբ՝ որ կը բաղկանայ չորս գումարտակէ

զօրանալ

güçlenmek

ոյժը աւելնալ, ուժովնալ

զօրանոց

kışla

զինուորներու բնակարան

զօրանցք

resmigeçit

զօրահանդէս, զինուորական շքերթ

զօրաշարժ

manevra

ռազմափորձ՝ պատերազմական վարժութիւն ձեռք ձգելու համար

զօրավար

general

բանակի գլխաւոր հրամանատար

զօրավիգ

destek

ոյժ տուող, աջակից, նեցուկ, պաշտպան

զօրութիւն

kuvvet

ոյժ, ազդելու կարողութիւն

զօրք

(askeri) birlik(ler), silahlı kuvvetler

զինուորներու ամբողջութիւն կամ բանակ