Sözlük // Բառարան
դաւանանք
mezhepնոյն կրօնքին մէջ տարբեր հաւատալիքներու ամբողջութիւնը
դափ
tefմաղաձեւ փոքր թմբուկ (երբեմն փոքր ծնծղաներով եզերուած)
դափնեվարդ
zakkumվարդագոյն կամ ճերմակ ծաղիկներով մշտադալար՝ թունաւոր թուփ մը
դափնի
defneմշտադալար ծառ մը՝ որուն տերեւներովը կը պսակէին յաղթական զինուորներուն ու բանաստեղծներուն ճակատը
դգալ
kaşıkսեղանի սպաս՝ որ ունի գոգաւոր մաս մը՝ ջրուտ կերակուրը բերան տանելու համար
դդմաճ
makarnaտեսակ մը խմորեղէն՝ որմէ կերակուր կը պատրաստուի
դդում
kabakդդմենի տունկին պտուղը
դեգերիլ
dolaş(ıp dur)mak, gezinmek, gezinip durmakաննպատակ պտտիլ, սլքտալ
դեդեւել
sallanmak, yalpalamakտատանելով քալել, տատանիլ, երերալ
Դեկտեմբեր
Aralıkտարուան տասներկրորդ կամ վերջին ամիսը
դեղ
ilaçբժշկական կամ քիմիական նիւթ՝ որ կը գործածուի հիւանդութիւններու դէմ
դեղագիր
reçeteբժիշկին պատուիրած դեղերուն ցանկը
դեղագործ
eczacıդեղեր պատրաստող ու ծախող
դեղահատ
hapդեղի հատիկ (կլլելու համար պատրաստուած)
դեղարան
eczaneդեղեր պատրաստելու կամ ծախելու խանութ
դեղձ
şeftaliդեղձի կոչուած ծառին գնդաձեւ պտուղը
դեղձանիկ
kanaryaդեղին գոյնով քաղցրախօս թռչուն մը
դեղնիլ
sararmakգոյնը դեղինի փոխուիլ, լեմոնի գոյն ստանալ
դեղնորակ
sarımsıդեղձան, դեղինի զարնող (գոյն), խարտեաշ
դեղնուց
yumurta sarısıհաւկիթին մէջի դեղին մասը
դեռ
daha, henüzտակաւին, ալ
դեսպան
elçiերկրի մը՝ ուրիշ պետութեան մօտ ուղարկած ներկայացուցիչը
դեր
rolգործի մը եւ կամ բեմադրութեան մը մէջ իւրաքանչիւր անձի ինկած բաժինը
դերանուն
zamir, adılայն փոփոխական բառերը՝ որոնք կը դրուին գոյական անուններու տեղ
դերասան
oyuncu, artistդերակատար, բեմի վրայ որոշ դեր մը ունեցող
դերձակ
terziհագուստ կարող արհեստաւոր
դերձան
iplikկարելու թել
դեւ
devվիթխարի հասակով՝ սաստիկ ուժեղ մարդանման արարած
դեփդեղին
sapsarıսաստիկ կամ բոլորովին դեղին
դէզ-դէ
küme kümeդէզադէզ, կուտակուած, կոյտ-կոյտ
դէմ
karşıդիմաց, հանդէպ, յանդիման
դէմդիմաց
karşı karşıya, karşılıklıդէմ-յանդիման, երես առ երես
դէմք
çehre, sima, yüzգլխու առջեւի մասը, երես
դէմք
şahıs, şahsiyetանձ, անձնաւորութիւն
դէպի
doğruդէպ, նախադրութիւն՝ որ շարժման ուղղութիւն կամ կողմ ցոյց կու տայ
դէպք
hadise, olayպատահած եղելութիւն, պատահար
դժբախտ
bedbaht, talihsiz, şanssızանբախտ, տարաբախտ, թշուառ
դժբախտաբար
ne yazık ki, maalesefմե՜ղք որ..., կը ցաւիմ որ...
դժգոհ
memnuniyetsizայն՝ որ գոհ չէ, տհաճ, նեղսիրտ
դժկամութիւն
gönülsüzlük, isteksizlikդժկամակութիւն, դժգոհութիւն, տհաճութիւն
դժնդակ
çetin, zor(lu), acımasızդժնեայ, շատ գէշ, անտանելի, դաժան
դժոխայի
cehennemiդժոխքի վերաբերեալ, անտանելի
դժոխք
cehennemայնտեղ՝ ուր խառնաշփոթութիւն կամ անկարգութիւն կը տիրէ
դժուար
zor, güçդժուարին, շատ աշխատանք պահանջող, ծանր
դժուարահաճ
zor beğenen, titizայն՝ որ դժուար կը հաւնի
դժուարամարս
hazmı zorդժուար մարսելի (ուտելիք)
դժուարութիւն
güçlükարգելք, խոչընդոտ, նեղութիւն
դի
taraf, yanկողմ
դի
ölü, leş, kadavraմեռած մարմին, դիակ
դիազննութիւն
otopsiմահուան պատճառը հասկնալու համար դիակը կտրել եւ քննել