Skip to main content

Sözlük // Բառարան

ստնաւոր

memeli

ստինքներ ունեցող (կենդանի)

ստնտու

sütana

երախան ստինքով կերակրող, ծծմայր

ստոծանի

diyafram

կուրծքը որովայնէն բաժնող մաշկ

ստոյիկ

stoacı

Զենոնի փիլիսոփայութեան հետեւող՝ որ կ՚արհամարհէ աշխարհի վիշտերն ու վայելքները եւ կը հաւատայ ճակատագրի զօրութեան

ստորաբաժանում

altbölüm

երկրորդական բաժանում

ստորագծել

altını çizmek

ընդգծել (իբրեւ կարեւոր)

ստորագրել

imzalamak

ստորագրութիւն դնել

ստորագրութիւն

imza

անձի մը անունը՝ որ գրուած է իր ձեռքով (որեւէ գրուածքի տակ՝ իբրեւ վաւերացում)

ստորադաս

alt, aşağı

ստորակարգ, վար՝ կամ ցած դասուած, երկրորդական

ստորադասական

şart (kipi)

բայի այն եղանակը՝ որուն մէջ գործողութիւնը պայմանական կամ ենթադրական է

ստորակէտ

virgül

կէտադրական նշան ( , )

ստորերկրեայ

yeraltı

հողին տակ գտնուող, գետնափոր

ստորեւ

aşağıda

վարը, տակը (նշանակուած)

ստորին

aşağı

վարի

ստորին

aşağılık

անարգ, վատ, ցած

ստորնանալ

alçalmak

ստորին դառնալ, ցածնալ

ստորնացում

alçalma

նուաստացում, կորանք

ստորոտ

etek

վարի մասը (լերան)

ստուար

çoksayıda, kalabalık, sık

հոծ

ստուար

kalın, büyük

հաստ, խոշոր, մեծ

ստուգաբանութիւն

etimoloji

բառերու կազմութեան ուսումնասիրութիւնը

ստուգել

doğrulamak, kontrol etmek

ստուգութիւնը հաստատել, ճշդել

ստուգն

yemek borusu

ստամոքս իջնող խողովակը, որկոր,

ստուեր

gölge

մթութիւն՝ որ կը գոյանայ երբ անթափանց մարմին մը խափանէ լոյսի ճառագայթները, շուք

ստուերել

gölgelemek

շուք ձգել, մթնցնել

ստութիւն

yalan

սուտ խօսք, խաբէութիւն

ստրկութիւն

kölelik

գերութիւն

ստրուկ

köle, kul

ստորին ծառայ

սրածայր

sivri (uçlu)

սուր ծայր ունեցող

սրահ

salon

ընդարձակ սենեակ

սրամիտ

zeki

նրբամիտ, ուշիմ, խելացի

սրափուշ

akdiken

փշոտ թուփ մը՝ սպիտակ կամ վարդագոյն ծաղիկներով

սրբագրել

düzeltmek

գրուածքի մը սխալները շտկել

սրբան

makat, anüs

մարմնի այն մասը՝ ուրկէ կղկղանքը դուրս կ՚ելլէ

սրբացնել

kutsamak, kutsallaştırmak, azizleştirmek, evliyalaştırmak

սուրբ կամ նուիրական դարձնել

սրբել

silmek

մաքրել

սրբութիւն

günahsızlık, masumiyet, arılık

անմեղութիւն

սրբութիւն

kutsiyet, kutsallık

նուիրականութիւն

սրբուհի

azize

սուրբ կին

սրդողիլ

darılmak

վշտանալ, նեղանալ

սրել

sivriltmek, bilemek

սուր դարձնել, յեսանել

սրիկայ

adi, hergele

անազնիւ՝ չար մարդ, ստահակ

սրինգ

kaval

փչողական նուագարան մը

սրճաման

cezve

սրճեփոց, սուրճ եփելու աման

սրճարան

kahve(hane)

սուրճ խմելու տեղ

սրճեփ

kahveci

սուրճ եփող (անձ)

սրուակ

sürahi

փոքր՝ երկայն՝ ապակեայ շիշ

սրունք

bacak

ոտքէն մինչեւ ծունկ,

սրսկապան

cibinlik

անկողնի վրանաձեւ վարագոյր (մժեղներէն պահպանելու համար)

սրսկել

serpmek

ջուրը կամ որեւէ հեղուկ սփռելով թափել (քիչ քանակութեամբ), ցօղել