Skip to main content

Sözlük // Բառարան

շպրտել

fırlat(ıp at)mak

մէկդի նետել (արհամարհանքով)

շռայլել

savurmak, saçmak

անխնայ ծախսել, մսխել, վատնել

շտապ

acele

շտապում, աճապարանք

շտապել

acele etmek

աճապարել, արտորալ, փութալ

շտեմարան

ambar, depo, mahzen

ամբար, ամբարանոց, մթերանոց

շտկել

düzeltmek

կարգի դնել, կարգաւորել

շրէշ

çiriş

կօշկակարի մածոյց

շրթունք

dudak

շրթներ, բերնի բացուածքը եւ ակռաները ծածկող զոյգ մկաններ, պռկունք

շրջաբանութիւն

dolaylama

շատ բառերով արտայայտել բան մը՝ զոր կարելի է մէկ բառով ըսել (ոճի ձեւ)

շրջաբերական

sirküler, genelge

որեւէ գրութիւն կամ նամակ՝ որ միեւնոյն ատեն շատերու կ՚ուղղուի

շրջաբերութիւն

tedavül, dolaşım

շրջանաձեւ պտոյտ՝ որպէս տարածում կամ գործածում (դրամի եւն.)

շրջագայիլ

dolaşmak

այս ու այն կողմ պտտիլ, շրջիլ

շրջագիծ

çevre

առարկայի մը եզերքի գիծը

շրջազգեստ

fistan, elbise

կնոջական զգեստ

շրջակայ

civar, çevre(deki), etraf(taki), yöre(deki)

շուրջը եղած, մօտակայ, մերձակայ

շրջակայք

civar, havali, çevre, dolay, etraf

շուրջը եղած տարածութիւնը, մերձակայք

շրջահայեաց

etrafına bak(ın)an, dikkatli

շուրջը նայող

շրջահայեաց

ihtiyatlı, tedbirli, ilerisini düşünen

զգոյշ

շրջան

devir, dönem, evre

ժամանակի որոշ տեւողութիւն

շրջան

dönüş, tur, dolaşım, çember, çevre

պտոյտ՝ որ կը հասնի իր սկսած տեղը

շրջանակ

çember, daire

այն շրջագիծը՝ որուն բոլոր կէտերը՝ կեդրոնէն հաւասարապէս հեռու կը գտնուին

շրջանակ

çerçeve

որեւէ իր կամ պատկեր շրջապատող կազմած

շրջանաւարտ

mezun

ընթացաւարտ (ուսանող)

շրջապատել

çevrelemek, kuşatmak, sarmak

շուրջը պատել, բոլորել, պաշարել

շրջապտոյտ

gezi, turne

ուղեւորութեամբ պտոյտ

շրջափակել

kuşatmak, etrafını kapatmak, ambargo uygulamak

շուրջը գոցել, շրջապատել

շրջել

devirmek

տապալել

շրջել

çevirmek, tersyüz etmek

հակառակ դարձնել

շրջում

takdim tehir

խօսքի մէջ բառերու կարգը փոխել (մանաւանդ՝ ոտանաւորի մէջ)

շրջուն

seyyar, gezginci, gezici

շրջիկ, ոտքի վրայ առուտուր ընող (վաճառորդ)

շրջուն

döner [sahne]

դարձող

շրջպար

vals

շուրջպար, պարի տեսակ մը

շփանալ

şımarmak

երես առնել

շփել

ovmak

ձեռքը՝ կամ բան մը քանի մը անգամ քսել (նոյն տեղը)

շփոթել

karıştırmak

իրար խառնել, չզանազանել

շփոթիլ

şaşırmak

շուարիլ, տարակուսիլ, շլմորիլ

շփում

temas

յարաբերութիւն

շքախումբ

kortej

շքադիրներու խումբ՝ որ պատուի համար ուղեկցած են բարձրաստիճան անձի մը

շքանշան

madalya

մէկուն տրուած պատուանշան (իր մեծ ծառայութեան կամ յաջողութեան համար)

շքեղ

muhteşem, görkemli, harika

հոյակապ, փառաւոր, ակնապարար

շքերթ

geçit töreni, resmigeçit

հանդիսաւոր զօրանցք (նուագախումբով)

շօթ

pide

տեսակ մը հաց (տափակ, բարակ ու երկայն)

շօշափել

yoklamak

ձեռքով դպչիլ (զննելու համար)

շօշափող

teğet

այն ուղիղ գիծը՝ որ մէկ կէտի վրայ կը շօշափէ շրջանակը՝ առանց կտրելու

շօշափուկ

duyarga

միջատներու պեխի նման զգայարանները՝ որոնք կը ծառայեն իբրեւ շօշափելիք, բողկուկ