Skip to main content

Sözlük // Բառարան

յագենալ

doymak

կշտանալ

յագուրդ

doyum

գոհացում

յախճապակի

çini, porselen

ազնիւ տեսակի կաւեղէն նիւթ մը (որմէ անօթներ կը շինուին), ճենապակի

յախուռն

gözü pek, cesur

խիզախ, յանդուգն, անխորհուրդ

յածանաւ

kruvazör

արագընթաց մարտանաւ

յածիլ

dolaşmak

պտտիլ, շրջիլ, թափառիլ

յակինթ

yakut

թանկագին քար մը

յակինթ

sümbül

անուշահոտ ծաղիկ մը

յաղագս

için

համար, պատճառաւ

յաղթ

koca(man), heybetli

ուժեղ

յաղթական

galip, muzaffer

յաղթութիւն տարած, յաղթող

յաղթահարել

yenmek

ընկճելով յաղթել, պարտել

յաղթանակ

galibiyet, zafer

յաղթութիւն

յաղթանդամ

iriyarı, irikıyım, cüsseli

յաղթամարմին, անձնեղ, անձնեայ, վիթխարի, խոշորակազմ

յաղթել

yenmek

շահիլ (խաղի մէջ)

յաղթութիւն

yengi

կռիւի կամ մրցումի մէջ յաղթել, հակառակորդին դէմ մեծ յաջողութիւն

յաղթուիլ

yenilmek

պարտուիլ

յաճախ

çoğun

յաճախակի, շատ անգամ, ստէպ

յաճախել

artmak

շատնալ, աւելնալ

յաճախել

devam etmek, gidip gelmek

տեղ մը՝ յաճախ երթալ-գալ, ստէպ այցելել

յաճախորդ

müşteri

այն՝ որ խանութէ մը յաճախ առուտուր կ՚ընէ, գնորդ

յամառ

inatçı

իր ըսածին կամ ըրածին վրայ պնդող, պինդգլուխ, կամակոր

յամառիլ

inat/ısrar etmek

բանի մը վրայ պնդել

յամառութիւն

inat(çılık)

յամառելու վիճակ

յամենալ

gecikmek

ուշանալ, յապաղիլ

յամոյր

ceylan

եղջերուի տեսակ մը

յամրընթաց

ağır ağır, aheste

յամրաքայլ, ծանրաքայլ

յայտագիր

program

գրութիւն՝ որով կը յայտնենք հանդիսութեան մը մանրամասնութիւնները (թատերական ներկայացումի, երգահանդէսի եւն.)

յայտարար

payda

հասարակ կոտորակի գծին տակի եզրը՝ որ ցոյց կու տայ թէ քանի մասի բաժնուած է ամբողջը

յայտարարել

ilan etmek, duyurmak

հրապարակաւ յայտնել, հռչակել

յայտնապէս

görünüşe göre

յայտնի կերպով, որոշապէս

յայտնել

duyurmak

յայտարարել

յայտնել

ifşa etmek

գաղտնիքը մէջտեղ հանել

յայտնել

bildirmek, belirtmek.

իմացնել, տեղեկացնել

յայտնի

tanınmış

ծանօթ

յայտնի

belli, bilinen, açık

բացայայտ, ակներեւ

յայտնութիւն

ortaya çıkma, tezahür

յայտնի ըլլալ, երեւում

յանգ

kafiye, uyak

ոտանաւորի տողերու վերջաւորութեան նմանաձայնութիւն

յանգիլ

son bulmak

վերջանալ, աւարտիլ

յանգիլ

varmak

եզրակացութեան մը հասնիլ

յանդգնիլ

cüret etmek, yeltenmek

համարձակիլ, ժպրհիլ, խիզախիլ

յանդգնութիւն

cüret, cesaret

համարձակութիւն

յանդգնութիւն

hayasızlık, küstahlık

լրբութիւն

յանդիմանել

azarlamak

յանցանքը երեսին ըսել, կշտամբել

յանդիմանութիւն

azar

կշտամբանք, սաստ

յանդուգն

gözü pek, cüretkâr, cesur, küstah

խիզախ, յախուռն, ինքնավստահ

յանկարծ

aniden

յանկարծակի, անակնկալ կերպով

յանկերգ

nakarat

յանգերգ, իւրաքանչիւր տունի վերջաւորութեան կրկնուած տող (երգի կամ ոտանաւորի մէջ)

յանձանձել

bakmak, ilgilenmek

խնամք տանիլ, հոգալ

յանձն առնել

üstlenmek, yüklenmek

ընդունիլ, յօժարիլ