Skip to main content

Sözlük // Բառարան

մամուլ

basın

լրագրութիւն-

մամուլ

pres

ճնշելու գործիք

մամուռ

yosun

տեսակ մը կարճ խոտ՝ որ խոնաւութենէ կը գոյանայ (քարերու վրայ)

մայել

melemek

մայիւն՝ կամ ոչխարի ձայն հանել

մայթ

kaldırım

փողոցին երկու կողմի բարձր սալայատակը (հետիոտն անցորդներու)

Մայիս

May›s

տարուան Ե ամիսը

մայր

rahibe

մայրապետ

մայր

ana (kalıp)

մետաղեայ կաղապար (որուն մէջ կը թափեն հալած մետաղը եւ կը ձուլեն տառեր)

մայր

anne

մայրիկ

մայրամուտ

günbatımı

արեւմուտք, վերջալոյս

մայրանոց

doğumevi

ծննդաբերութեան տուն

մայրաքաղաք

başkent

երկրի մը գլխաւոր քաղաքը (իբրեւ պետութեան կառավարական կեդրոն)

մայրի

orman

անտառ

մայրի

sedir (ağacı), dağ servisi

եղեւինի նմանող ծառ մը

ման գալ

dolaşmak

պտտիլ, շրջագայիլ, ճեմել

մանած

iplik, dokuma ipliği

կտաւագործութեան թել

մանանայ

kudret helvası

գինձի նմանող՝ բայց սպիտակ՝ անոյշ նիւթ մը

մանանեխ

hardal

կծու հատիկներով բոյս մը (կը գործածուի իբր համեմ),

մանաւանդ

hele, özellikle

գլխաւորաբար, առաւելապէս

մանգաղ

orak

հնձելու գործիք, փոքր գերանդի

մանեակ

kolye

զարդ՝ որ կը կապուի վիզին շուրջ, քայռ, քայռամանեակ

մանել

bükmek

բուրդը կամ բամպակը ճախարակով ոլորել (թել շինելու համար)

մանկաբարձ

ebe

երախան վերցնող անձ՝ որ կ՚օգնէ ծննդաբերութեան

մանկամսուր

kreş

այն հիմնարկութիւնը՝ ուր կը խնամուին նախադպրոցական տարիքի երախաները

մանկապարտէզ

ana sınıfı

նախակրթարանէ վար աստիճանի դպրոց

մանկավարժ

eğitmen

մանուկներ դաստիարակող

մանկավարժ

pedagog

մանկավարժութեան մասնագէտ

մանկավարժութիւն

pedagoji

այն գիտութիւնը՝ որ ցոյց կու տայ մանուկները դաստիարակելու եւb ուսուցանելու միջոցները

մանկատած

dadı

փոքր մանուկներ խնամող (կին)

մանկլաւիկ

yaltakçı

ուրիշի մը քմահաճոյքին՝ կամ հրամանին ենթակայ (անձ)

մանկլաւիկ

nedim

թագաւորի սպասաւոր

մանկութիւն

çocukluk

մանուկ տարիքը (մինչեւ 12 տարեկան)

մանուածապատ

dolambaçlı

ծուռումուռ, օձապտոյտ (ճամբայ)

մանուկ

çocuk

փոքր տղայ, երախայ

մանուշակ

menekşe

մանիշակ, անուշահոտ կապոյտ ծաղիկ մը

մանչ

oğlan

աղջկան հակառակը, տղայ

մանր

ufak, küçük

փոքր, պզտիկ

մանրադիտակ

mikroskop

մանրադէտ, գործիք մը՝ որով կարելի է տեսնել աչքով անտեսանելի իրեր

մանրակրկիտ

titiz

մանրամասն քննուած

մանրամասն

ayrıntılı

բոլոր մասերը ամբողջ, անթերի

մանրամասնութիւն

ayrıntı

բոլոր մասերը

մանրանկար

minyatür

նուրբ աշխատանքով շինուած՝ փոքր նկար

մանրավէպ

kısa roman

փոքր վէպ՝ կամ պատմուածք

մանրել

ufalamak, doğramak

մանր կտորներու վերածել

մանրէ

mikrop

մանրադիտական մարմիններ՝ որոնք կը գտնուին օդին՝ ջուրին եւ հողին մէջ ու վարակիչ հիւանդութիւններու պատճառ կ՚ըլլան,

մանրուք

kırıntı

մանր իրեր

մանրուք

ufaklık, bozukluk

մանր դրամ

մաշիլ

eskimek, aşınmak, yıpranmak

գործածուելու հետեւանքով հիննալ

մաշկ

deri, zar, kabuk

լերկ մորթ կամ կաշի (առանց մազի)

մաշկամիրգ

kestane

շագանակ