Skip to main content

Sözlük // Բառարան

համախոհ

hemfikir, yandaş

միեւնոյն կերպ մտածող, կողմնակից

համախորհուրդ

hemfikir

համամիտ, համակարծիք

համակ

büsbütün, tümüyle

ամբողջ, ամբողջովին, բոլոր

համակարծիք

hemfikir

նոյն կարծիքը ունեցող, համամիտ

համակերպիլ

uymak, onaylamak

յարմարիլ, հաւանիլ

համակրութիւն

sempati, ilgi

համակրանք, մէկը՝ կամ բան մը հաւնելու զգացում, սէր

համաձայն

uyumlu, tutarlı

իրարու համապատասխան կամ յարմարող

համաձայն

hemfikir

նոյն կարծիքը ունեցող, համակարծիք

համաձայնիլ

anlaşmak

իրարու ըսածը ընդունիլ, միաբանիլ

համաձայնիլ

bağdaşmak, uyuşmak

իրարու յարմարիլ կամ պատշաճիլ

համաձայնութիւն

uyum

յարմարիլ, ներդաշնակութիւն

համաձայնութիւն

fikir birliği, anlaşma

նոյն կարծիքը ունենալ, միաբանութիւն

համաճարակ

salgın

տարածուող (հիւանդութիւն)

համամիտ

hemfikir

նոյն մտքին տէր, համակարծիք

համայն

bütün, tüm

ամբողջ, բոլոր, ընդհանուր

համայնագիտարան

ansiklopedi

հանրագիտարան, շատ ընդարձակ բառարան՝ որուն մէջ կը գտնուին ամէն տեսակ տեղեկութիւններ

համայնք

topluluk, toplum, cemaat

երկրի մը բնակիչներուն՝ կամ ժողովուրդի մը որեւէ ձեւով անջատուած մէկ մասը, հասարակութիւն

համաշխարհային

evrensel, dünya çapında

ամբողջ աշխարհին պատկանող, տիեզերական

համաչափ

simetrik

նոյն չափը ունեցող, հաւասարաչափ

համաչափութիւն

simetri

ամբողջութեան մը մէջ՝ մասերու նմանութիւն կամ հաւասարութիւն, չափակցութիւն

համապատասխան

uygun

յարմար, պատշաճ

համապատասխանել

uygun düşmek

յարմարիլ, պատշաճիլ

համառօտ

kısa

կարճ, հակիրճ, կրճատուած, ամփոփ

համառօտագրութիւն

kısaltma

բառ մը կարճ գրելու ձեւ

համաստեղութիւն

takımyıldızı

աստղերու խումբ

համաստուածեան

panteist

այն իմաստասէրները՝ որոնք կ՚ընդունին թէ բնութեան մէջ ինչ որ կայ Աստուծոյ մէկ մասն է եւ տիեզերք ու Աստուած նոյն բաներն են

համար

için

նպատակով մը, պատճառով մը

համար

sayı, hesap

թիւ կամ հաշիւ

համարակալութիւն

muhasebe

հաշուակալութիւն, տոմարակալութիւն

համարել

saymak

սեպել, նկատել

համարժէք

eş değer

համազօր, նոյն արժէքը ունեցող

համարիչ

pay

հասարակ կոտորակին վրայի եզրը

համարձակ

cüretkâr, atak, cesur

առանց նեղուելու, ազատ, քաջ

համարձակիլ

cüret/cesaret etmek

քաջութիւն ունենալ, յանդգնիլ

համարձակութիւն

cesaret, atılganlık, cüret

քաջութիւն, յանդգնութիւն

համարում

itibar, inanç

լաւ գաղափար, լաւ կարծիք

համբակ

acemi

անփորձ, թերավարժ, սկսնակ

համբաւ

şöhret, ün

աղէկ անուն, հռչակ

համբաւաւոր

ünlü

նշանաւոր, հռչակաւոր, անուանի, երեւելի, ականաւոր, հանրածանօթ

համբերատար

sabırlı

համբերող, երկայնամիտ

համբերել

sabretmek

համբերութիւն ցոյց տալ, սպասել, տանիլ, հանդուրժել, կրել

համբերութիւն

sabır

սպասելու կամ դիմադրելու ոյժ, երկայնամտութիւն

համբոյր

öpücük

շրթունքին հպումը (իբրեւ սիրոյ կամ յարգանքի նշան)

համբուրել

öpmek

շրթունքը դպցնել, պագնել

համեղ

leziz, lezzetli

համով, ախորժահամ, ախորժելի

համեմ

baharat

կերակուրի համ տուող նիւթ

համեմատ

uygun, uyumlu

յարմար, պատշաճ

համեմատ

göre, orantılı

համաձայն

համեմատաբար

nispeten

նոյն կերպով, բաղդատմամբ

համեմատական

orantılı, nisbi

նոյն չափով