Sözlük // Բառարան
զազիր
pis, tiksindiriciզազրելի, շատ աղտոտ, նողկալի, գարշելի
զազրահոտ
pis koku(lu)գէշ հոտով, գարշահոտ
զամբիկ
kısrakէգ ձի, մատակ ձի
զամբիւղ
zembilբարակ ճիւղերով հիւսուած պարկաձեւ կողով
զայրանալ
hiddetlenmek, öfkelenmek, kızmakսաստիկ բարկանալ, մոլեգնիլ, ցասնուլ
զայրանք
hiddetսաստիկ բարկութիւն, սրտմտութիւն, զայրոյթ
զայրացկոտ
sinirli, kızgın, hiddetliշուտ բարկացող, դիւրաբորբոք, դիւրագրգիռ, ցասկոտ
զայրոյթ
hiddet, öfkeսաստիկ բարկութիւն, սրտմտութիւն, ցասում
զանազան
çeşitliտեսակ-տեսակ, բազմատեսակ, այլազան, այլեւայլ, պէս-պէս
զանազանել
ayırt etmek, seçmekբանի մը ուրիշէ մը ունեցած տարբերութիւնը որոշել, զատել
զանգակ
çıngırak, zilզանգ, պղինձէ շինուած առարկայ՝ որ ունի լեզուակ մը՝ եւ հնչեցնելու կը ծառայէ, բոժոժ
զանգիկ
küçükdilմակալեզու, այն կռճիկէ կափարիչը՝ որ խռչափողը կը գոցէ երբ բան մը կլլենք
զանգուած
kütleկոյտ, նիւթի քանակը որեւէ մարմնի մէջ
զանցառութիւն
ihmalպարտականութեան հանդէպ անփութութիւն, թերացում
զառամ
bunakզառամած, խիստ ծերացած, ցնդած
զառանցել
sayıklamakհիւանդագին վիճակի կամ երազի մէջ անգիտակից խօսքեր ընել, բարբանջել
զառիվար
yokuş aşağıզառիվայր, զառիթափ, բարձրէն դէպի ցած իջնող տեղ կամ ճամբայ
զառիվեր
yokuş yukarıդարիվեր, ցածէն դէպի վեր բարձրացող տեղ կամ ճամբայ
զատ
ayrıզատուած կամ բաժնուած, առանձին
Զատիկ
PaskalyaՔրիստոսի յարութեան տօնը
զատուիլ
ayrılmakբաժնուիլ, անջատուիլ
զարգանալ
gelişmek, ilerlemek, bilgili olmakմտաւորապէս յառաջդիմել, ուսում առնել, բան սորվիլ
զարգանալ
gelişmek, serpilmekմեծնալ, աճիլ, բարգաւաճիլ
զարգացում
bilgiմտաւոր յառաջդիմութիւն, ուսում
զարդ
süsզարդարանք, որեւէ բան՝ որ գեղեցկացնելու կը ծառայէ, պաճուճանք
զարդասեղ
broşթանկագին քարով կամ ոսկեղէն զարդ՝ զոր կիները կը կրեն իրենց հագուստի կուրծքի մասին վրայ
զարդարել
süslemekզարդերով գեղեցկացնել
զարդարուիլ
süslenmekգեղեցկանալու համար պէտք եղածը ընել, յարդարուիլ, պճնուիլ, պաճուճուիլ
զարդարուն
süslüզարդարուած կամ շքեղ (որեւէ իր)
զարթնուլ
uyanmakարթննալ, քունէն ելլել
զարթնում
uyanışզարթօնք, արթննալու վիճակ
զարկ
atışսրտի կամ բազկերակի բաբախում
զարկ
vuruşհարուած, բախում
զարհուրանք
dehşetսարսափ, սոսկում, սաստիկ վախ, արհաւիրք
զարհուրելի
dehşetliսաստիկ վախ պատճառող, սոսկալի, սարսափելի
զարհուրիլ
dehşete düşmek, korkuya kapılmakսաստիկ վախնալ, սոսկալ, սարսափիլ, ահաբեկիլ, սասանիլ, քստմնիլ
զարմ
soyնոյն ծնողքէն ծնած սերունդ, տոհմ
զարմանազան
türlü çeşitli, acayipզարմանալի եւ զանազան տեսակներով, պէս-պէս
զարմանալ
şaşmak, hayret etmekբան մը անսովոր նկատել եւ ապշիլ
զարմանք
hayretզարմացում, խելքէ դուրս բանի մը առջեւ շուարիլ մնալ, ապշութիւն, արմանք-զարմանք
զարմիկ
kuzenհօրաքրոջ կամ մօրաքրոջ՝ հօրեղբօր կամ մօրեղբօր զաւակ
զարնել
vurmakհարուածել, ծեծել
զարնուիլ
çarpışmakբախիլ, ընդհարիլ
զարնուիլ
vurulmakվիրաւորուիլ կամ սպաննուիլ
զարնուիլ
vurulmakսիրահարիլ
զարտուղի
aykırıուղիղ ճամբէն շեղած
զարտուղութիւն
aykırılık, düzensizlik, sapkı, anomaliշեղում (ուղիղ ճամբէն կամ սովորական կանոններէն)
զաւակ
evlatծնողքի մը՝ աղջիկը եւ կամ մանչը, որդի
զաւեշտ
komediծիծաղաշարժ կամ ծաղրական թատերական գրուածք
զբաղեցնել
meşgul etmek, uğraştırmak, oyalamakմէկու մը ուշադրութիւնը գրաւելով ժամանակը անցընել, պարապեցնել