Skip to main content

Sözlük // Բառարան

դագաղ

tabut

այն սնտուկը՝ որուն մէջ մեռեալ կը դրուի

դադար

ara, dinlenme

հանգիստ, աշխատանքի ընդմիջում

դադրեցնել

durdurmak, son vermek

կեցնել, կասեցնել

դադրիլ

durmak, kesilmek

կենալ, կասիլ

դադրիլ

dinmek

կտրիլ, հատնիլ

դաժան

haşin, acımasız

չար, անողորմ, խոժոռ, բիրտ

դալար

yeşil(lik)

բուսնող կանանչ խոտ

դալար

taze, körpe, diri

թարմ, նոր, մատղաշ

դալարաչուի

yeşil gözlü

կանանչ աչքերով

դալարիք

yeşillik

դալարի, կանանչութիւն, բուսեղէն

դալկահար

soluk (yüzlü)

մեռելի պէս դեղնած կամ տժգոյն, դալկադէմ

դալուկ

sarılık

դեղնախտ (հիւանդութիւն)

դահիճ

cellat

պատիժը գործադրող

դահլիճ

salon

պաշտօնական տեսակցութեան կամ խորհրդակցութեան սրահ

դահլիճ

kabine

պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ժողով

դամբան

kabir, mezar

դամբարան, գերեզման, շիրիմ, տապան

դայեակ

ebe

մանկաբարձ կին՝ որ նորածինը կը խնամէ

դանակ

bıçak

կոթով գործիք մը՝ որ (հաց, միս եւն.) կտրելու կը ծառայէ

դանդաղ

ağır, yavaş

դանդաղկոտ, կամաց կամ ծանր շարժող, յամր

դանդաղիլ

yavaşlamak, ağırdan almak

կամաց շարժիլ, տնտնալ, յուլանալ

դաշն

akit, bağıt

դաշինք, համաձայնութիւն, պայմանագրութիւն

դաշնագիր

muahede, antlaşma

գրաւոր դաշինք

դաշնակ

piyano

դաշնամուր, մետաղեայ լարերով եւ ստեղնաշարով նուագարան մը

դաշնակահար

piyanist

դաշնակ նուագող (արուեստագէտ)

դաշնակից

müttefik, bağlaşık

իրարու հետ համաձայնած կամ պայմանաւորուած (պետութիւն), ուխտակից

դաշոյն

hançer

երկսայրի եւ սրածայր փոքր սուր

դաշունահարել

hançerlemek

դաշունել, դաշոյնով զարնել

դաշտ

ova

տափարակ գետնի տարածութիւն, հարթավայր, տափաստան

դաշտամուկ

tarla faresi

դաշտերու մէջ ապրող մուկ

դաշտան

âdet

կիներու ամսական արիւնահոսութիւնը

դառն

acı

լեղի, անախորժ

դառնալ

dönmek

ուղղութիւնը փոխել

դառնանալ ժ

öfkelenmek

բարկանալ, զայրանալ, սրտմտիլ

դառնութիւն

öfke

զայրոյթ, բարկութիւն

դառնութիւն

acı

տառապանք, վիշտ

դաս

ders

աշակերտին սորվեցնելու համար տրուած տեղեկութիւն կամ պարտականութիւն

դաս

sınıf, sıra, saf, bölüm

կարգ, շարք, բաժանում

դասագիրք

ders kitabı

դասի վերաբերեալ գիրք, դպրոցական գիրք

դասալիք

kaçak

դժուարութեան առջեւ իր ծառայութենէն փախչող

դասախօսութիւն

ders, konferans

դասաւանդութիւն, որեւէ նիւթի մասին տրուած դաս (մանաւանդ բարձրագոյն վարժարաններու մէջ)

դասական

klasik

ընտիր, օրինակելի (տեւական արժէք ունեցող գործ կամ գրականութիւն)

դասական

sıra sayı [sıfatı]

դաս կամ կարգ ցոյց տուող թուական ածական

դասակարգ

sınıf

մարդոց ապրելակերպի կամ ընկերային դիրքին համաձայն տարբերութիւնը

դասարան

derslik

դասասրահ, այն սենեակը՝ ուր կը կատարուին դասախօսութիւնները

դասարան

sınıf

տարեշրջանի համաձայն դպրոցական կարգ

դասաւանդել

ders vermek, okutmak

դաս տալ, ուսուցանել

դասաւորել

sıralamak, sınıflandırmak

առարկաները որոշ կարգի մը համաձայն տեղաւորել

դասել

saymak

որոշ տեղ մը տալ, կարգաւորել

դաստակ

bilek

ձեռքին եւ բազուկին միացած մասը

դաստառակ

peşkir

անձեռոց, ձեռքի սրբիչ