Միութեան կազմակերպած «ամարանոց աշխատանոց» ծրագիրը այս շաբաթ իր աւարտին հասաւ։ Հինգէն մինչեւ տասնվեց տարեկան մասնակիցներու հետ զանազան նիւթերու շուրջ ծաւալած աշխատանոցները տեղի ունեցան Գընալը կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ։ Աշխատանոցներէն մէկը միութեան «Հարկաւ» ֆանզինի համար էջեր պատրաստելու աշխատանոցն էր։ Մօտ տասնհինգ մասնակիցներու հետ կայացած այս աշխատանոցին ընթացքին, գիրքեր ու թերթեր կարդացինք եւ անոնց մէջ գտանք բառեր, որոնց իմաստը չէինք գիտեր։
Ահաւասիկ բառերը՝
- օթեկ
- անամպ
- հանդերձարան
- քննադատութիւն
- աղքատախնամ
- կանգնիլ
- մռայլ
- գերիշխող
- անվիճելի
- վաստակաւոր
- յօրանջել
- աղել
- յախճապակի
- կանխաւ
Ապա, Խելացի Դաւիթէն խնդրեցինք որ այս «անհասկնալի» բառերը գործածելով պարբերութիւն մը կազմէ։ Քանի մը փորձէ ետք, ահաւասիկ արդիւնքը։
«Դերասանը ներկայացումէն կանխաւ վազեց հանդերձարան՝ հասկնալու համար, թէ ինչո՞ւ փորին մէջ գերիշխող ցաւ մը սկսած էր։ Ան հասկցաւ, որ պատճառը կէսօրին կերած օթեկ ճաշն էր, որուն անվիճելի «հնութիւնը» ոչ մէկ քննադատութիւն կրնար տանիլ։ Թէեւ դուրսը անամպ օր էր, անոր դէմքը մռայլ դարձած էր, եւ ցաւէն ու յոգնութենէն սկսած էր յօրանջել։ Այս վաստակաւոր արուեստագէտը, որ միշտ աղքատախնամ ծրագիրներու կը մասնակցէր, ստիպուած եղաւ յախճապակիէ գաւաթով ջուրը առատ աղել ու խմել, ապա դանդաղ քայլերով քալել ու կանգնիլ դէպի բեմ՝ աղօթելով, որ փորը բացման պահուն անակնկալ ձայներ չհանէ։»
Իսկ եթէ հետաքրքրուած էք թէ ի՛նչ գիրքեր կարդացինք այս հրաշալի բառերը գտնալու համար, ահաւասիկ՝