Skip to main content

Sözlük // Բառարան

միջնադար

ortaçağ

պատմական շրջան մը (395-1453)

միջնորդել

aracı olmak

բարեխօսել

միջնորդել

araya girmek

միջամտել

միջնորմ

bölme

մէջտեղի պատ՝ որ տեղ մը երկու մասի կը բաժնէ

միջոց

yol, önlem, çare, araç, imkân

հնարք

միջոց

saye

պատճառ

միջոց

süre, sıra

ատեն, ժամանակ

միջոց

ara, mesafe, mekân

տեղ, տարածութիւն

միջուկ

մէջի մասը (պտուղի)

միջօրէ

öğle

կէսօր, ցերեկ, օրհասարակ

միջօրէական

meridyen

երեւակայական շրջանակ՝ որ կ՚անցնի երկրի զոյգ բեւեռներէն

միս

et

մարդոց եւ անասուններու ոսկորները ծածկող կակուղ նիւթ (մորթով պատած)

միտում

yönelim, kasıt

հակում, ձգտում, տրամադրութիւն

միտք

zihin

յիշողութիւն

միրգ

yemiş

թարմ կամ չոր պտուղ

միւս

öteki, öbür

(մի-եւս) մէկալ

միօրինակ

birörnek, yeknesak

միակերպ, միաձեւ

մլաւել

miyavlamak

“միաո՜ւ-միաո՜ւ” ձայն հանել (կատուի)

մլուկ

tahtakurusu

մարդոց արիւնը ծծող միջատ

մխալ

tütmek

մուխ արձակել, ծխալ

մխել

saplamak, sokmak

մխրճել, մէջը մտցնել, խրել, խօթել

մխել

su vermek

կարմրած երկաթը պաղ ջուրի մէջ խօթել, պողպատել

մխիթարել

teselli etmek

մէկուն վիշտը մեղմացնել (խօսքով կամ գործով), սփոփել, ամոքել

մխիթարութիւն

teselli

մխիթարանք, սփոփանք

մխոց

piston

մեքենայի շարժական գլան

մխրճիլ

batmak

ընկղմիլ

մխրճիլ

gömülmek

մէջը մտնել, թաղուիլ

մկան

adale, kas

մկանունք, մարմնին այն մսեղէն մասերը՝ որ կրնան թուլնալ կամ կծկուիլ՝ եւ կ՚ապահովեն անդամներու շարժումը

մկրատ

makas

կտրելու գործիք (զոյգ շեղբով)

մկրտել

vaftiz etmek

ջուրի մէջ թաթխել-հանել (երեք անգամ՝ որպէս քրիստոնեայ), կնքել

մղել

itmek

դէպի առաջ քշել, հրել

մղլակ

sürgü

փայտէ՝ կամ երկաթէ ձող՝ որ կը գործածուի իբրեւ նիգ (գոց դուռը ետեւի կողմէն ամրացնելու համար)

մղձաւանջ

kâbus

ծանր եւ անհանգիստ քուն՝ որ ենթակային վախ կը պատճառէ եւ կարծել կու տայ թէ պիտի խեղդուի, տագնապ

մղոն

mil

երկայնութեան չափ մը (ցամաքային 1609 մեդր. ծովային՝ 1852 մեդր)

մղում

itki

մղուելու վիճակ, թափ

մնալ

kalmak

տեղէն չհեռանալ, կենալ

մնայուն

kalıcı

ոչ-ժամանակաւոր, տեւական

մնացորդ

artık, kalıntı

մնացեալ, աւելցած, աւելցուք

մնջկատակ

pantomim

անձայն՝ կամ անխօս դերասանութիւն (միայն ձեռքի եւ դէմքի շարժումներով)

մշակ

rençper

հողագործ

մշակ

emekçi

բանուոր

մշակել

işlemek

հողը վարել ու ցանել

մշակոյթ

kültür

քաղաքակրթութիւն

մշակութային

kültürel

մշակոյթի վերաբերեալ

մշակութիւն

rençperlik, çiftçilik

մշակի գործը, հողագործութիւն

մշակութիւն

eğitim

մշակելու գործողութիւն, դաստիարակութիւն

մշուշ

sis

մառախուղ, մէգ, շամանդաղ

մշտադալար

her dem yeşil

միշտ կանանչ (դաշտ կամ ծառ)

մշտական

daimi

միշտ տեւող, անվերջ, տեւական

մշտել

dürtmek

թեթեւօրէն հրել, դրդել