Sözlük // Բառարան
մանեակ
kolyeզարդ՝ որ կը կապուի վիզին շուրջ, քայռ, քայռամանեակ
մանել
bükmekբուրդը կամ բամպակը ճախարակով ոլորել (թել շինելու համար)
մանկաբարձ
ebeերախան վերցնող անձ՝ որ կ՚օգնէ ծննդաբերութեան
մանկամսուր
kreşայն հիմնարկութիւնը՝ ուր կը խնամուին նախադպրոցական տարիքի երախաները
մանկապարտէզ
ana sınıfıնախակրթարանէ վար աստիճանի դպրոց
մանկավարժ
eğitmenմանուկներ դաստիարակող
մանկավարժ
pedagogմանկավարժութեան մասնագէտ
մանկավարժութիւն
pedagojiայն գիտութիւնը՝ որ ցոյց կու տայ մանուկները դաստիարակելու եւb ուսուցանելու միջոցները
մանկատած
dadıփոքր մանուկներ խնամող (կին)
մանկլաւիկ
yaltakçıուրիշի մը քմահաճոյքին՝ կամ հրամանին ենթակայ (անձ)
մանկլաւիկ
nedimթագաւորի սպասաւոր
մանկութիւն
çocuklukմանուկ տարիքը (մինչեւ 12 տարեկան)
մանուածապատ
dolambaçlıծուռումուռ, օձապտոյտ (ճամբայ)
մանուկ
çocukփոքր տղայ, երախայ
մանուշակ
menekşeմանիշակ, անուշահոտ կապոյտ ծաղիկ մը
մանչ
oğlanաղջկան հակառակը, տղայ
մանր
ufak, küçükփոքր, պզտիկ
մանրադիտակ
mikroskopմանրադէտ, գործիք մը՝ որով կարելի է տեսնել աչքով անտեսանելի իրեր
մանրակրկիտ
titizմանրամասն քննուած
մանրամասն
ayrıntılıբոլոր մասերը ամբողջ, անթերի
մանրամասնութիւն
ayrıntıբոլոր մասերը
մանրանկար
minyatürնուրբ աշխատանքով շինուած՝ փոքր նկար
մանրավէպ
kısa romanփոքր վէպ՝ կամ պատմուածք
մանրել
ufalamak, doğramakմանր կտորներու վերածել
մանրէ
mikropմանրադիտական մարմիններ՝ որոնք կը գտնուին օդին՝ ջուրին եւ հողին մէջ ու վարակիչ հիւանդութիւններու պատճառ կ՚ըլլան,
մանրուք
kırıntıմանր իրեր
մանրուք
ufaklık, bozuklukմանր դրամ
մաշիլ
eskimek, aşınmak, yıpranmakգործածուելու հետեւանքով հիննալ
մաշկ
deri, zar, kabukլերկ մորթ կամ կաշի (առանց մազի)
մաշկամիրգ
kestaneշագանակ
մաշկոտանի
perdeayaklıայն կենդանիները՝ որոնց ոտքի մատները իրար միացած են մաշկով մը
մառախուղ
sisմշուշ, մէգ, շամանդաղ
մառան
kiler, mahzen, mağazaգինի եւ զանազան ուտելիքներ պահելու սենեակ, շտեմարան
մաս
parça, kısım, bölümամբողջի մը մէկ կտորը, բաժին
մասամբ
kısmenմասնակի, մէկ մասով, ոչ-ամբողջական
մասնագէտ
uzmanբան մը լաւ ուսումնասիրած
մասնաժողով
encümen, komisyon, yarkurulմասնախումբ, յանձնաժողով
մասնակցիլ
katılmakուրիշին միանալ, գործակցիլ
մասնաճիւղ
şubeգիտութեան մը՝ կամ գործի մը առանձին մէկ ճիւղը
մասնավճար
taksitմաս առ մաս վճարում (պարտքի փոխարէն)
մասնաւոր
özelառանձին, յատուկ
մասնաւորապէս
özellikleառանձնապէս, յատկապէս
մասնիկ
ekքերականութեան մէջ այն գիրերը կամ վանկերը՝ որոնք առանձին չեն գործածուիր՝ այլ կը կցուին բառերուն եւ անոնց կու տան որոշ նշանակութիւններ
մասունք
kutsal emanetնուիրական առարկայ
մատ
parmakձեռքի եւ ոտքի ծայրերուն շարժական մասերը
մատակարար
vekilharç, kâhya, idare memuru, idareciայն անձը՝ որ կը հոգայ տան մը կամ հաստատութեան մը կարիքները
մատաղ
kurbanիբրեւ զոհ մորթուած կենդանի՝ զոր կ՚եփեն ու կը բաժնեն աղքատներուն
մատաղ
körpe, genմատղաշ, դեռատի
մատանի
yüzükմատի օղակ (մետաղեայ)
մատենագիր
yazar, müellifմատեան գրող, մատեանի հեղինակ (կը գործածուի՝ գրաբար լեզուով գրող՝ հին հեղինակներու համար)