Skip to main content

Sözlük // Բառարան

թագ

taç

գլխու զարդարուն պսակ՝ զոր կը կրէին թագաւորները

թագաւոր

kral

երկրի մը բարձրագոյն իշխանաւորը, արքայ, վեհապետ

թագաւորի

krallık

իշխանութեան տակ

թագուհի

kraliçe

թագաւորի կին, իշխանուհի

թագուհի

kraliçe

կին թագաւոր, դշխոյ

թաթ

pençe

ձեռքը՝ մինչեւ դաստակ

թաթառ

tayfun

ոլորապտոյտ սաստիկ փոթորիկ՝ որ երկինք կը բարձրացնէ կամ կը կործանէ ինչ որ գտնէ

թաթխել

batırmak, ban(dır)mak, bula(ştır)mak

թաթախել, հեղուկի կամ ջրոտ նիւթի մէջ մտցնել, թաթաւել, թրջել

թալլել

talan etmek

կողոպտել, թալանել

թալկութիւն

baygınlık

մարելու վիճակ, նուաղում

թախանձել

yalvarmak

շատ աղաչել, աղաչել-պաղատիլ

թախիծ

keder

սաստիկ տխրութիւն, կսկիծ, վիշտ

թախծոտ

kederli

թախիծով կամ տխրութեամբ լեցուն

թակ

tokmak

փայտէ ձող (գնդաձեւ կամ խորանարդաձեւ գլուխով)

թակարդ

kapan

թակարթ, անասուններ որսալու գործիք, որոգայթ, վարմ, ծուղակ

թակոյկ

testi

կաւէ մեծ աման (ջուրի կամ գինիի), մեծ սափոր

թաղ

mahalle, semt

քաղաքի մը բաժանումներէն ամէն մէկը

թաղանդ

zar

թաղանթ, բարակ մաշկ

թաղապետ

muhtar

թաղի կառավարիչ

թաղար

saksı

կաւէ աման (ծաղիկ հասցնելու)

թաղել

gömmek

հողին մէջ դնել կամ հողով ծածկել

թաղեցի

mahalleli, semt sakini

թաղի բնակիչ, թաղակից

թաղիք

keçe

թաղի, ճնշուած բուրդէ կամ մազէ շինուած կտաւ

թաղում

defin, göm(ül)me

թաղելու գործողութիւն, յուղարկաւորութիւն

թամբ

eyer

նստելու կազմած՝ որ կը դրուի ձիու մէջքին վրայ

թան

ayran

ջրախառն մածուն

թանալ

ıslatmak

թաց ընել, թրջել

թանաք

mürekkep

գունաւոր հեղուկ՝ որ գրելու կը ծառայէ, մելան,

թանգարան

hazine

մեծարժէք իրեր պահելու տեղ, գանձարան

թանգարան

müze

գեղարուեստական գործեր կամ պատմական իրեր պահելու տեղ

թանկագին

değerli

թանկարժէք, մեծ արժէք ունեցող

թանձր

katı, yoğun

ոչ-ջրուտ, ոչ-կակուղ, պինդ

թանչ

dizanteri

թանչք, արիւնախառն փորհարութիւն

թաշկինակ

mendil

նուրբ կտաւ՝ քիթ կամ քրտինք սրբելու

թառամիլ

solmak

թարմութիւնը կորսնցնել (բոյսերու), թարշամիլ, թօշնիլ, խամրիլ

թառափ

mersinbalığı

ձուկի տեսակ մը՝ որուն հաւկիթները խիստ յարգի են

թառիլ

tünemek

թառի կամ ճիւղի վրայ տեղաւորուիլ (թռչուններու)

թատերաբեմ

sahne

թատրոնի բեմ՝ ուր կը կատարուի ներկայացումը

թատերագիր

oyun/piyes/tiyatro yazarı

թատրերգակ, թատերական գործերու հեղինակ

թատերախաղ

piyes

թատրոնի ներկայացում

թատրերգութիւն

tiyatro

թատերգութիւն, թատերական կամ բեմական գրականութիւն

թատրերգութիւն

tiyatro eseri, oyun, piyes

թատերախաղ

թատրոն

tiyatro

թատր, այն շէնքը՝ ուր կը ներկայացուին թատերական գործերը

թարախ

irin

վէրքին մէջ գոյացած աղտոտութիւն

թարգման

tercüman

բացատրող, արտայայտող

թարգմանել

tercüme etmek, çevirmek

լեզու մը ուրիշ լեզուի մը վերածել (գրաւոր կամ բերանացի)

թարգմանիչ

mütercim, çevirmen

գրուածք մը ուրիշ լեզուի վերածող

թարթել

göz kırpmak

աչքի կոպերը գոցել ու բանալ (շատ արագ)

թարթիչ

kirpik

թերթերունք, կոպերուն ծայրը բուսած կարճ մազերը, արտեւանունք

թարմ

taze

այն՝ որ մնացած չէ կամ նոր մէջտեղ ելած է