հանճար

բարձր իմացականութեան տէր, մեծատաղանդ
dâhi

հանճարեղ

շատ խելացի, իմաստուն

հանում

պակսեցնելու գործողութիւն, բարձում
çıkarma

հանուր

բոլոր, ընդհանուր, համայն, ամէն
bütün, tüm

հանրագրութիւն

շատերու կողմէ ստորագրուած (խնդրագիր եւ կամ բողոքագիր)

հանրածանօթ

ամէնուն ծանօթ, քաջածանօթ
tanınmış, ünlü

հանրակառք

ելեքտրական ոյժով շարժող մարդատար կառք
tramvay

հանրային

ընդհանուրին պատկանող,ժողովրդական, հասարակական

հանրապետական

հանրապետութեան վերաբերեալ

հանրապետական

հանրապետութեան կողմնակից
cumhuriyetçi

հանրապետութիւն

այն վարչաձեւը՝ որուն մէջ ժողովուրդը կ՚ընտրէ պետութեան վարիչները
cumhuriyet

հանրաքուէ

երկրին վերաբերեալ շատ կարեւոր հարցի մը մասին ժողովուրդին ուղղակի քուէարկութիւնը
referandum, halkoyu

հանրօգուտ

ամէնուն օգտակար

հանք

հողին տակ գտնուած (զանազան նիւթեր կամ մետաղներ)
maden, mineral, cevher

հանք

այն տեղը՝ ուրկէ մետաղներ կամ մետաղային բաղադրութիւններ կը հանեն
ocak

հանքածուխ

հողին տակ գոյացած ածուխ
madenkömürü

հանքային

հանքին յատուկ, հանքին վերաբերեալ
maden(i), mineral

հանքային

իր մէջ հանք կամ հանքէն ելած նիւթեր պարունակող

հաշիւ

համրանք, թիւ, համար

հաշիւ

թուաբանութիւն