համընթաց

միասին ընթացող, զուգընթաց
koşut

համոզել

ընդունիլ տալ, հաւանեցնել
ikna etmek, inandırmak

համոզուիլ

հաւանիլ, ընդունիլ
ikna olmak

համով

համեղ, լաւ համ ունեցող, քաղցր
lezzetli, leziz

համր

այն՝ որ չի կրնար խօսիլ, մունջ
dilsiz

համրել

մէկ-մէկ թուել, հաշուել
saymak

համօրէն

համայն, ընդհանուր, բոլոր
bütün(üyle)

հայագէտ

հայերէն լեզուն լաւ գիտցող

հայախօսութիւն

հայերէն լեզուով խօսիլ

հայեացք

հայեցուածք, նայելու կերպ, նայուածք
bakış

հայեացք

կարծիք, նկատում, գաղափար
görüş

հայելի

ետեւի կողմէն անագուած փայլուն ապակի՝ որ կը ցոլացնէ առարկայի մը պատկերը
ayna

հայերէն

հայ լեզուն (հին հայերէն՝ գրաբար. նոր հայերէն՝ աշխարհաբար)
Ermenice

հայեցողութիւն

բանի մը մասին կարծիք կամ գաղափար
anlayış, bakış

հայեցուած

հայեցուածք, նայուածք
bakış

հայեցուած

արտաքին երեւոյթ, տեսք
görüntü

հայթայթել

ձեռք ձգել, ճարել, գտնել
temin/tedarik etmek, sağlamak, bulmak

Հայկ

աւանդութեան համաձայն՝ հայոց նախահայրը (որմէ կու գայ “հայ” անունը)

հայկաբան

լաւ հայերէն գիտցող, գրաբարագէտ

հայկական

հայոց վերաբերեալ