Հայերէն հրատարակութիւնները կը հանդիպին
Թարգմանչաց տօնի առթիւ, Արաս հրատարակչութեան եւ Եսայեան միութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ, 8, 9 եւ 10 Հոկտեմբերին կը կազմակերպենք Թուրքիոյ հայ հրատարակչական դաշտը, մամուլը, հաստատութիւններն ու անկախ ստեղծագործողները մէկտեղող գիրքի եւ մշակոյթի տօնավաճառ մը՝ Կրկին գիրքի փառատօնը։
Փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Նարեկեան սրահի հիւրընկալութեամբ։ Պիտի գործեն գիրքերու ցուցադրութեան ու վաճառքի տաղաւարներ, ինչպէս նաեւ պիտի իրականանան հայերէնով զրոյցներ եւ աշխատանոցներ։
Եկէ՛ք գիրքերու եւ նոր հրատարակութիւններու ծանօթանանք, զրուցենք, մասնակցինք եւ միասին ժամանակ անցընենք։
Թուական՝ 8-9-10 Հոկտեմբեր 2026
Վայր՝ Նարեկեան սրահ
Այցելութեան ժամեր՝ ամէն օր 12:00 - 20:00
08/10 Հինգշաբթի
12:00–20:00 Գիրքերու վաճառք
12:00–16:00 Դպրոցական այցելութիւններ / Աշխատանոց
17:00–18:00 Մակագրութիւն
18:00–20:00 «Մեզի ձեր խոհանոցը կը պատմէ՞ք»
09/10 Ուրբաթ
12:00–20:00 Գիրքերու վաճառք
12:00–16:00 Դպրոցական այցելութիւններ / Աշխատանոց
17:00–18:00 Մակագրութիւն
17:00–18:30 «Բաց գիրք՝ քաղուածքդ ընտրէ՛, եկո՛ւր միասին կարդանք»
18:30–19:30 «Հանդիպում Անահիտ Տօնապետեանի հետ»
10/10 Շաբաթ
12:00–17:00 Գիրքերու վաճառք
17:00–18:00 Մակագրութիւն
17:30–19:00 «Թարգմանչաց տօն՝ թարգմանիչներու հետ»