հարկաւ․ ձայն մը, պատկեր մը, խօսք մը

6/11/2025

Երբ կը փնտռենք նոր արտայայտման ձեւեր, ծնունդ կ՚առնէ ֆանզին մը՝ ազատ եւ փորձարարական։ «հարկաւ»ը՝ իր անունին պէս, ինքնավստահ հաստատում մըն է։ Կը հաւաքէ պատմութիւններ, գրութիւններ, գծագրութիւններ, խառն տպաւորութիւններ ու դէպքեր՝ որպէս հայերէնով մտածողներու շղթային օղակներէն մէկը։ Առաջին թիւը լոյս տեսաւ 2025-ի Օգոստոսին, իսկ երկրորդը՝ Հոկտեմբեր-Նոյեմբերին։

Երկու թիւերն ալ տարբեր ձայներու եւ հաւաքական ստեղծագործութեան տեղ են՝ գրելու եւ ընթերցելու ազատութեան տարածք։ Կը հանդիպինք երկու ամիսը անգամ մը։

«հարկաւ»ի էջերուն մէջ պատմութիւնները կ՚ընկալուին ոչ միայն իբրեւ քով քովի շարուած բառեր, այլ իբրեւ զգացումներու ընթացք՝ խոնաւ փողոցներէն մինչեւ հայելիներու դիմաց կենալու պահեր, մանկութեան յուշերէն մինչեւ ժամանակակից քաղաքային ընդվզումներ։ Ան կը հրաւիրէ ընթերցողը դիտելու, լսելու, յիշելու եւ երազելու արեւմտահայերէնով՝ լեզուի մը միջոցաւ, որ նոյնքան մտերմիկ է, որքան որ է անծանօթ բոլորիս։

«հարկաւ»ը հրատարակուած է «Եսայեան մշակոյթի եւ գրականութեան միութեան» կողմէ՝ իբրեւ համագործակցական հարթակ, բոլոր ստեղծագործողներուն համար։

Յաջորդ թիւերուն մասնակցելու կամ ձեր գրութիւնները ղրկելու համար՝ բաց է contact@yesayan.org հասցէն։

Կարդա՛, գրէ՛, շինէ՛, գծէ՛, ղրկէ՛, մա՛ս կազմէ։