Հարազատի մը կորուստով կը բացուի վերյիշումներու արկղը եւ դուրս կու գան բազում ապրումներ, որ տարիներու հոլովոյթով վերածուած էին անցեալի։ Այդպէս պատահեցաւ նաեւ իմ սիրելի ընկերոջս, Եդուարդ Թովմասեանի մահէն ետք։ Աչքիս առջեւ պատկերացաւ Նառլըգաբուի եկեղեցիին մէջ կատարուած հարսանիքը։ Մեր ընկերական շրջանակի մէջ առաջին հարսնիքն էր։ Այդ տարիներուն պսակադրութիւնները ընդհանրապէս կը կատարուէին Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին։ Թոմօն մերժած էր այդ հոսանքը։ Մեզմէ շատերս նախ կարծեցինք թէ ան պարզապէս քաղքենի բարքերը մերժելու համար դիմած է այս ճամբուն։ Չէինք գիտեր թէ, մեր ընկերը Ետիքուլէ ծնած ըլլալով, կը կատարէր ընդունուած աւանդութիւնը եւ կը պսակուէր իր մկրտուած թաղի եկեղեցին։
Եկեղեցւոյ մէջ հարսանիքի շարականներով Եդուարդի եւ Փայլինէի գլուխները կապած էինք նարօտով։ Ինչ լաւ էր որ այդպէս ըրաւ։ Որովհետեւ պսակադրութեան յաջորդեց հարսանիքի կարգը, այս անգամ եկեղեցւոյ բակին մէջ։ Շարականներ երգելու պահուն Յակոբ Տէօքմէճեանն էր մեր խմբավարը։ Իսկ բակին մէջ այդ պաշտօնը ստանձնեց Նշան աղբարիկը՝ Նշան Էքմէքճեանը։ Անոր մականին տակ կատարեցինք շարք մը հարսանեկան երգեր, Թագւորագովք եւ ծիծաղաշարժ կատակերգ մը «աղջկան հայ կամաւոր…»։
Այդ երանելի օրուան վերյիշումէն ետք, աչքերուս առջեւ կը կենդանանան բազում դրուակներ, որոնք ապրած ենք Թոմոյի, Փայլինէի, Մարի Մամայի, Պետիկի, Միհրանի, Թագուհիի, Լեւոն Աղբարիկի, Սայաթի եւ Մելիքճանի, ապա Սելինի եւ Նարեկի հետ։ Անոնց հետ կապուած իւրաքանչիւր յիշատակ խմբանկարի մը կը վերածուի, որուն մէջ կը տեսնենք Խաչօն, Սելիմէն, Զուլալը, Արթունը եւ Նշան Աղբարիկը։
Սակայն շատ աւելի բազմամարդ է այդ խմբանկարը։ Օրինակի համար Սայաթ Նովա Երգչախումբի ամբողջ կազմը, նոյնպէս Քարտեշ Թիւրքիւլերի երաժիշտները համախմբուած են։ Այդ բազմութեան մէջ կը տեսնեմ երջանկայիշատակ անուններ։ Շնորհք եւ Մեսրոպ պատրիարքները։ Աստուած իմ, Թոմօն ինչ պատկերալից ապրումներ ունեցած էր Շնորհք Պատրիարքի հետ, երբ հազիւ 17-18 տարեկան էր։ Կը նկատեմ ուրիշ ծանօթ անուններ։ Մարտիրոս եւ Տիրուհի Պալըքճեանները, Պերճ եւ Տիանա Գամբարոսեանները, Սարգիս եւ Մանիշակ Սերովբեանները, Վաղարշակը՝ որ ապա պիտի դառնար Հայր Յովակիմ։
Դիւրաւ կրնամ կորսուիլ նկարի այս բազմութեան մէջ։ Կը դժուարանամ։ Վահրամ Պուրմաեանը, Մկրտիչ Մարկոսեանը, Արտաշէսն ու Սիլվան, Վետաթ Կիւնյոլը, Թունճէլ Քուրթիզը, երգչուհի Սէման՝ զանազանելու: Հետզհետէ կը հարկադրուիմ խոշորացոյցի օգնութեան դիմելու։ Գիտէի որ այս տեղերը տեղ մը պիտի ըլլայ եւ ահա գտայ Թորգոմ Պէշիքթաշլըեանը։ Անոր կողքին է Թոմոյի խնամիներէն մէկը՝ Էօմեր Մատրան։ Էսմէն՝ հօրը կողքին է Քամին գրկած ձեւով։ Իզուր փնտռեցի Մանուէլ Չըթաքը։ Ապա յիշեցի, ան, Պերճ Արապեանը եւ Էրհան Արըքը խմբանկարին մէջ չեն։ Անոնք երեքով միասին այս նկարը քաշողներն են։ Այս նկարը եւ պահը անմահացնողներն են։
Այնքան բազմամարդ է որ Թոմոյի խմբանկարը, նոյնիսկ խոշորացոյցով անգտանելի կը դառնան բազմաթիւ դպրեվանքցիներ, կեդրոնականցիներ, «Արաս»ի անձնակազմի անդամներ, Սայաթ Նովա Մանկանց կազմի շրջանակները… Տեսայ Եփրատը։ Ան որ Ֆըրաթ էր նախապէս եւ Թոմոյի կնքահայրութեամբ դարձաւ Եփրատ։ Այս նկարին մէջ բաժին ունենալու համար վերջին պահուն հասած էր իր ծննդավայրէն՝ Ամիտայէն։
Ջանք մը եւս, եւ կը նկատեմ ձեռքը Լեւոնիկին, ուսին դրած Գրիգոր Արք. Չիֆթճեանը, Ատրպատականի թեմի առաջնորդը։ Թոմօն ինչ մեծ գոհունակութիւն ապրած էր երբ այցելեց իրեն Թավրիզի առաջնորդարանի մէջ։ Թէ ինչո՞ւ եպիսկոպոսին ձեռքը Լեւոնիկին ուսին էր։ Այս հարցումը կը պարզուի Թոմոյի յատուկ կախարդանքով։ Ան իր անկեղծ ու սրտանց մտերմութեամբ կրնար գրկել բոլորին։ Եւ կարծես վարակիչ յատկութիւն մը, անոր գրկածներն ալ իրարու հանդէպ կը մտերմանային, կ՚անկեղծանային։
Պահ մը կարիքը կը զգամ աչքերս փակելու այս յոգնաջան նկարէն ձերբազատուելու համար։ Կ՚անդրադառնամ որ աչքերը փակելը բաւարար չէ, մտքիդ մէջ գոյացած պատկերներէն փախչելու համար։
Նման բնոյթով ուրիշ պատկեր մը կը պարզուի մտքիս մէջ։ Գրիգոր Խանճեանի Վարդանանքի նկարն է ան։ Այդ նկարն ալ լեցուն է ծանօթ դէմքերով, որոնց շարքը կ՚երկարի Ուիլիըմ Սարոյեանէն Եղիշէ Չարենց եւ մինչեւ Պարոյր Սեւակ։ Զուգահեռներ կը կազմեմ երկու խմբանկարներու միջեւ։ Ակամայ Թոմօն կը փնտռեմ Քոչարի գործին վրայ։ Գիտեմ որ պէտք է հոն ըլլար։ Հոգ չէ թէ դէմքերը յստակ չեն, բայց հոն է… Ահա՛։ Իբրեւ մարդ, իբրեւ հայ մարդ, իբրեւ հայր, իբրեւ ընկեր արդարօրէն աւարտեց իրեն վիճակած տարիները եւ անցաւ անմահութեան, յաւիտենականութեան։ Յիշատակը կը շարունակէ հարստացնել եւ ուրախացնել խմբանկարին բոլոր անձերը։ Չէ՞ որ Թոմոյի հետ յիշատակներ բաժնած ենք բոլորս։