Արաս Հրատարակչութեան արխիւ

Վանքը Մալաթիոյ

Վարդի Քէշիշեան
16/12/2025

Գրեթէ հասած եմ աւարտին Մալաթիոյ հայ վանքերուն եւ եկեղեցիներուն նուիրուած ուսումնասիրութեանս, երբ անսպասելի առաջարկ մը կը ստանամ հոն տեղ գտած որոշ նիւթեր բաժնեկցիլ այս էջերուն մէջ: Սիրով պիտի կատարեմ խօստումս, ծաւալուն շարքէն դուրս բերելով ուշագրաւ էջեր: Պիտի փորձեմ մանրաշխարհ մը կերտել Մալաթիոյ նշանաւոր Ս. Լուսաւորիչ վանքին եւ քաղաքին անունով կոչուած ձեռագիր Աւետարանին շուրջ:

Թագաւորներ, իշխաններ եւ վանք մը

Ս. Լուսաւորչի վանքը կը գտնուէր Մալաթիա քաղաքին հարաւ-արեւելեան կողմը՝ մօտաւորապէս մէկուկէս ժամ (4-5 քմ) հեռաւորութեան վրայ՝ Պէկ Տաղիի արեւելեան լանջին, ապառաժէ բլուրի մը գագաթին: Վանքին շուրջբոլորը կ’ողողէին Պէկ Տաղիի արեւմտեան փեշերէն հոսող Գօզլուգի (Gözlük) առուակները, որոնք վանքին զառիվարէն հոսելով կը միանային Եփրատի բազմաթիւ վտակներուն:

Տ. Պալեան այս վանքին համար կը գրէ. «Վանքին անունը հռչակաւոր է, դիրքը բարձրահայեաց, տեսարանը հրապուրիչ եւ ակնապարար, օդը մաքուր եւ առողջարար, … ջուրը բարեհամ, զով եւ ականակիտ»: Ղ. Ինճիճեան կ’աւելցնէ. «անդ նստի եպիսկոպոս Մալաթիոյ»:

Կը համարուի Մալաթիոյ եւ շրջակայքին կանգուն մնացած երեք վանքերէն կարեւորագոյնն ու հնագոյնը: Միջնադարուն յայտնի եղած է որպէս անապատ կամ գրչութեան կեդրոն, վանական դպրոց եւ մենաստան: Վանքի հիմնադրման ստոյգ թուականը յայտնի չէ: Մալաթիացի հայեր աւանդաբար կ’ըսէին, թէ վանքը ժամանակակից էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին, անոր հիմնադրման թուականը հասցնելով մինչեւ 4րդ դար:

Մալաթիոյ մէջ պատմուող ամենէն յայտնի եւ հին աւանդութիւնը կ’ըսէ, թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հռոմէն վերադարձին, երբ Մալաթիա կը հասնի, կը հիւրընկալուի ու կը մեծարուի տեղւոյն հայ իշխանին կողմէ, որ այդ միջոցին վրաններ լարած էր Գօզլուգ կոչուած աղբիւրին մօտ՝ ամրան օթեւանելու: Հայոց առաջին հայրապետը կը պտտի բլուրին շուրջը եւ իրեն հիւրընկալող իշխանին կ’ըսէ, թէ այդ վայրը շատ յարմար էր եկեղեցի կառուցելու համար: Իշխանը միտքը կը պահէ Ս. Հայրապետին պատգամը եւ մեկնելէն ետք այդ տեղ կը կառուցէ Լուսաւորչի անունը կրող եկեղեցի մը1: (Այս մասին մանրամասն պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ)։

Յայտնի է, որ այս տարածքներուն մէջ վանքերը առաւել բազմացած են 11րդ դարէն սկսեալ, երբ Վասպուրականի բնակչութենէն մաս մը՝ Սենեքերիմ Արծրունի թագաւորի գլխաւորութեամբ, կը հաստատուի Փոքր Հայքի՝ Սեբաստիոյ եւ յարակից շրջաններուն մէջ եւ իշխանութիւն կը ստանայ Եփրատացւոց երկրամասին վրայ, որուն մէկ թեւը Եփրատի աջ ափէն կ’երկարէր մինչեւ Մալաթիա: Մեծ հաւանականութեամբ, այդ ժամանակաշրջանէն՝ 11րդ դարէն մինչեւ 20րդ դարու սկիզբները, կանգուն մնացած եզակի վանքերէն մէկն էր Ս. Լուսաւորչի վանքը:

19րդ դարու վերջերուն եւ 20րդ դարու սկիզբներուն, երբեմնի համբաւաւոր վանական խոշոր համալիրը կը բաղկանար փոքրիկ եկեղեցիէ մը եւ մօտ տասնի չափ վանական խուցերէ:

Վանքին պատմութեան շուրջ հազարամեայ վկայութիւններ

Ս. Լուսաւորչի հնադարեայ վանք մը ըլլալուն մասին կը վկայեն առաջին հերթին «ի դուռն Ս. Լուսաւորչին ի Մելիտինոյ վանքս» գրչագրուած մատեանները, որոնք կը հաստատեն 11րդ դարու կէսերուն արդէն վանական դպրոցի մը եւ գրչատան գոյութիւնը: Ս. Լուսաւորիչ վանքէն մեզ հասած ձեռագիրներու յիշատակարաններուն մէջ յաճախ հանդիպող՝ «քաջ րաբունի եւ փիլիսոփայ», «րաբունապետ եւ վարդապետ»ներու, կարգ մը բանալի բառերու առկայութիւնը, ինչպէս եւ տեղւոյն թարգմանական աւանդույթը, բաւարար են հաստատելու, թէ Լուսաւորչի վանքը եղած է միջնադարու հայ հոգեւոր, մշակութային եւ կրթական յառաջադէմ կեդրոններէն մէկը, որը յայտնի էր իբրեւ եպիսկոպոսանիստ վանք:

Մալաթիոյ անցեալի պատմութիւնը վկայագրող հեղինակներ կը հաւաստեն, թէ տեսած են Ս. Լուսաւորչի վանքը պահուող 11-12րդ դարերուն պատկանող ձեռագիրը, տեսած եւ յիշատակարանը ընդօրինակած է Գարեգին Վրդ. Սրուանձտեանց 1878ին Մալաթիա այցելութեան ընթացքին:

1895ին Ս. Լուսաւորչի վանքը, այլ եկեղեցիներու շարքին, յարձակումի ենթարկուած է: Վանքին մէջ պահուող արժէքաւոր ձեռագիրներուն եւ սպասքներուն հետ գրաւուած էին նաեւ կալուածներու սեփականութեան փաստաթուղթերը (թափուները), նոյնիսկ վանքը գրաւուած էր, ապա ետ դարձուած էր, բայց վանքին ջուրը, որ Հաճի Ապտալլահ անունով ազդեցիկ էշրաֆի մը կողմէ գրաւուած էր, կը մնար իր ձեռքը։

Ձեռագիր մատեանի մը ճակատագիրը կապուած Մալաթիոյ հայոց ճակատագրին

Երբ կը խօսինք Ս. Լուսաւորիչ վանքին մասին, չենք կրնար չանդրադառնալ ընդհանրապէս Մալաթիոյ եւ մասնաւորապէս վանքին պատմութեան առնչուող «Մալաթիոյ Աւետարան»ին (Մատենադարան, Ձեռ. 10675), որ մինչեւ 1915 թուականը Ս. Լուսաւորչի վանքը կը պահուէր: Բարձրարժէք այս Աւետարանը գրչագրած եւ պատկերազարդած է նշանաւոր Թորոս Ռոսլին 1267-1268ին, Հռոմկլայի մէջ (Կիլիկիա)՝ Կոստանդին Բարձրբերդցի կաթողիկոսին համար: Հետագային, շատ հաւանաբար՝ Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք, ինչ-ինչ ճամբաներով Մալաթիա բերուած եւ երկար դարեր պահուած է Ս. Լուսաւորչի վանքը, այդ պատճառով հետագային քաղաքին անուամբ «Մալաթիոյ Աւետարան» կոչուած է: Ձեռագիրին մէջ առկայ են յիշատակագրութիւններ, որով կը յայտնուի, թէ ձեռագիրը 1455ին Մելինտինէի թեմի առաջնորդ՝ Սիմէոն եպիսկոպոսը վերանորոգած եւ կազմած է՝ Ս. Լուսաւորիչ վանքին մէջ (տե’ս Թորոս Աղբար, Ա., էջ 327):

Աւետարանին ճակատագիրը սերտօրէն կապուած է մալաթիահայոց ճակատագրին հետ: Այն քանիցս կողոպտուած է վանքի յարձակումներու ընթացքին, եւ ժողովուրդի նուիրատւութիւններով ետ գնուած է: 1895-1996ի ընթացքին՝ Ս. Լուսաւորիչ վանքին թանկագին սպասներուն եւ ձեռագիրներուն հետ այս Աւետարանը եւս կը գողցուի: Որոշ ժամանակ յետոյ վաճառքի կը հանուի Ատանայի մէջ: Տեղւոյն Առաջնորդարանը պահանջուած գումարը վճարելով կը գնէ զայն: Ապա՝ Մալաթիոյ առաջնորդին եւ ազգայիններուն կրկին դիմումներուն վրայ՝ Աւետարանը կը վերադարձուի տէրերուն: 1915ին Աւետարանը կը գրաւուի Լքեալ գոյքերու յանձնախումբի երկու անդամներուն կողմէ, ապա կառավարութեան կողմէ յայտնաբերուելով կը դրուի Խարբերդի պետական գանձատունը, ուրկէ, այլ թանկարժէք ձեռագիրներու եւ եկեղեցական սպասներու հետ կը փոխանցուի Կ. Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին: Հետագային տարբեր ուղիներով անցնելով կը հասնի Երեւան եւ կը յանձնուի Մաշտոցեան Մատենադարանին, ուր կը պահուի No 10675 համարի ներքոյ:

Վանքին վերջին օրերը

1915ին Ս. Լուսաւորիչ վանքը կը գրաւուի եւ շուրջ ինը ամիս եւ կը վերածուի թէքքէի: Ապա՝ Խարբերդի անգլիական հիւպատոսին կողմէ նահանգի ընդհանուր կառավարիչ Շաքիր փաշային ներկայացուած բողոքին վրայ, վանքը կը վերադարձուի հայերուն՝ կողոպտեալ եւ քայքայեալ վիճակի մէջ: Ասոր մէջ որոշակի դեր ունեցած են նաեւ Խարբերդի ամերիկեան նպաստամատոյցի միսիոնարները՝ Տօք. Կէյթս2 եւ Մր. Փուլք, ինչպէս նաեւ միջազգային Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչները, որոնք այդ ատեն Մալաթիա կը գտնուէին յատուկ առաքելութեամբ: Զինադադարի հռչակումէն ետք՝ տարագրութեան ուղիներէն վերադարձող մալաթիահայեր, շրջան մը Ս. Լուսաւորչի վանքը կ’ապաստանին, որոնք դեռ երազներ ունէին վանքը շէնցնելու:

1918ի զինադադարէն ետք վանքը վերջնականապէս կը գրաւուի թրքական կառավարութեան կողմէ: Ականատեսներ կը պատմեն, թէ մօտակայ գիւղերու բնակիչները ամբողջովին մերկացուցեր էին արդէն իսկ կիսաքանդ վանքը, տանելով դուռ, պատուհան, ատաղձ եւլն: Մալաթիացի յուշագիր մը այսպէս կը նկարագրէ այդ օրերու վանքը. «Բայց հիմա սա առաջուայ վանքը չէր, այլ կիսաքանդ, աւեր ու անտիրական. կարծես սեւ քօղը երեսին այրիացած հարս ըլլար ան»: Հետագային, կառավարութիւնը վանքը՝ կալուածներով միասին կը վաճառէ, վանքը կը վերածուի գոմի, իսկ եկեղեցին՝ յարդանոցի:

  1. Ալպոյաճեան, Պատմութիւն Մալաթիոյ, էջ 604: Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական, էջ 58:
  2. Տօք. Կէյց՝ միսիոնար (Caleb Frank Gates) 1857-1946ին՝ 9 տարի վարած է Խարբերդի Եփրատ Գոլէճի տնօրինութիւնը, 1903-1932ին՝ Ռոբերթ Գոլէճի տնօրէն: