Դպրոցին դռնեն դուրս, պոռալով-կանչելով դուրս նետեցի ես ինծի։ Կարծես ֆիլմի դրուագի մը մէջ ենք։ Ջղային էի։ 14 տարեկանիս առաջին օրերն էր եւ դեռ զգացումներսխօսքերով արտայայտելու մասին կեանքէն դաս մը չէի առած։ Ասոր կարեւորութեան մասին ալ չէր խօսուած։ Խոշ, հետեւեալ տարիներուն ալ մէկը բան մը չըսաւ։ Անձամբ, կամ ուրախ հետքերս յիշելով կամ ալ խորունկ վէրքերս քերելով, արտայայտուելու կարիքը ինքնաբերաբար յորդեցաւ մէջէս։ Ես ալ ասոր մասին խօսելու եկած էի։ Բարեւ։
Այն թատրոնի օրը, բեմ ելլելէն քանի մը ժամ առաջ, ինծի այսչափ բարկացնող բանը՝ Օրիորդ Նաթալիին խնդրանքն էր։ Մերժած էի. չէի ուզեր թատրոնի մէջ դերս այդ վիճակով խաղալ։ Պնդեց որ կրծկալիս մէջը լեցնելով կուրծքս մեծցնեմ եւ «թանթիկ»ի տեսք մը ունենամ։ Եղեր, ներկայացուցած տիպարիս աւելի յարմար կ՚երեւիմ։ «Կուրծքե՞ր, հապա՞ եթէ յետոյ ծաղրեն։»
«ՈՈՈ՜Չ, ՉԵՄ ՈՒԶԵՐ ԿՈՈՈ՜Ր, ՊԻՏԻ ՉԸՆԵՄ ԵԱ՛»։
Մամայիս խօսքովը՝ «օրտուները փրցուցի»։ Անանկ մեծցաւ հարցը, աչքս անանկ դարձեր է, որ այդ դռները զարնելով ելած ատենս, երբեք չտեսայ ծնողներուս ներս մտնալը։ Անոնց ուս նետելով ելեր եմ։ Կրնայ ըլլալ… կրնայ ալ չըլլալ – դպրոցինները քիչ մը կը սիրեն չափազանցնել։ Սակայն եթէ նոյնիսկ անոնք չյիշեմ, կը յիշեմ ապրած վախս, վախէս բխող զայրոյթս, եւ արտայայտուելու անկարելիութեան մէջիս հանգոյցը։
Հարկաւ բացայայտօրէն հարց մը ունեցող այս 14 տարեկան երեխային, հոն ներկայ գտնուող քարտուղար մը, տնօրէնութիւնը, կամ որեւէ չափահաս մը կրնար քաշել անկիւն մը, առիթ տալ հանգստանալու, ժամանակ տալ մտածելու, որպէսզի հասկնար թէ ի՛նչ էր, ինչո՞ւ էր վախը։ Աւելի ապահով մթնոլորտ մը կրնար ստեղծուիլ, եթէ Հարցը թէ՛ ես հասկնայի, թէ՛ ալ իրենք։ «Թամ պուլտուն»։ Անոր տեղը՝ պատահածը առանց գիտնալու «էտէբսիզութիւն կ՚ընես կոր» ըսին։
Վրայէն 19 տարի անցեր է։ Տարիներով նիւթին մասին մօտեցումս պահեցի։ Զայրոյթս հոն ներկայ գտնուող չափահասերուն հանդէպ եղաւ։ Իսկ այսօր, հարցը շատ ուրիշ տեղէ մը տաշելու համար նստայ ստեղնաշարին առջեւ։ Իսկապէս, ես ինչո՞ւ այսչափ վախցայ խոշոր կուրծքով բեմ ելլելէ։ Ո՞վ ինծի ըսած էր որ ասիկա ծաղրելիք բան մը կրնայ ըլլալ։ Ի՞նչ ընելով խայտառակ կ՚ըլլանք, կամ ուղղակիօրէն ո՞վ սորվեցուցած էր մեզի թէ ինչերով կը դատուինք։
Մեծցայ։
Այդ դատուելու հասկացողութեան, արդէն իմ աշխարհ գալէս առաջ ընդունուած արժէքներու վրայ հիմնուած ըլլալը տեսայ։ Ասոնց չյարմարելուս համար դատուելէն շատ վախցայ։ Համարձակութեանս արգելք եղաւ։ Եթէ նոյնիսկ պիտի չդատուէի, ես ինծի իմ ենթադրումներովս պրկեցի։ Կամ ետ քաշուեցայ, կամ ալ պրկուելէն չըլլալիք տեղեր, չըլլալիք ձեւերով պայթեցայ։ Կարծեմ, այսօր աշխատած ոլորտս, ինքզինքս զարգացնել փափաքած նիւթս պատահմամբ չէ որ ստեղծագործութիւնն է։ Ստեղծարար ոգիներով լեցուն աշխարհն է։
Ախ նորէն ենթադրումներս կ՚ըսեն որ անկապ կը թուի այս ըսածներս, ուրտեղէն ո՞ւր կապեցի։ Մէկ վայրկեան, անինքնավստահութեանս թակարդին չինկած, բացատրեմ։
Ստեղծարար ոգին նախ, կ՚ընդունի քեզի ինչպէս որ ես։ Քանի որ անծանօթը հիւրասիրել շատ կը սիրէ, քեզի կը կանչէ բոլորովին իւրայատուկ ձեւովդ։ Միայն այն ձեւով իսկապէս տարբեր ենք մէկս միւսէն, անանկ չէ՞։ Մեզի մեր արժէքներովը մենք ըլլալու առիթ տուող այս վիճակը, ըստ իս արդէն մեզի ապահով զգացնելու համար մինակը բաւարար է։ Յամենայն դէպս, կ՚արժէ մէկ յատկութիւն մը եւս շեշտել։
Ստեղծարար ոգին քեզի ժամանակ կու տայ։ Իսկ ժամանակը՝ սխալելու առիթ… Սխալը, նաեւ կրնանք ըսել անյաջող, տհաճ, գէշ…։ Անոնք եթէ չըլլային, ինչպէ՞ս պիտի վստահ ըլլայինք ինչու համար ըրածնիս հիմա «յաջող է», «հաճելի է», կամ «լաւ է»։ Առանց իրենցմով կատարեալը գտնելը դիւրի՞ն է։
Ճուլիա Քամէրօնը -որ իրեն վստահ շատ պիտի յիշեմ այս շարքին ընթացքին- ըսած է՝ «Կատարեալը փնտռելը մեծամտութիւն է։ Մանրամասնութիւններուն կառչելով, ուժաթափ կ՚ըլլաս։ Մինչդեռ յաջողելու համար, յաջող վրիպումներու պէտք ունինք։»։ Նախ, ազատօրէն գրենք, խօսինք, մեր ձայնը փնտռենք։ Ապա, հնարաւորոթիւն տանք խորաթափանց ըլլալով մեր վրիպումները վերլուծելու։ Այդ դատումի վախէն, կատարեալին փէշէն կառջելով, այս կարելիութենէն կը հեռանանք կոր։
Իսկ եթէ վրիպումներուն հետ հաշտուինք, վախը ո՞ւր կ՚երթայ։ Հո՛ս է, եւ ողջ ըլլայ մեր ինքնավստահութեան հետ ալ խաղալ շատ կը սիրէ։ Արդէն ապրումներով որ նոր կու գան եւ տակաւին գալիք մարտահրաւէրներով, անկարելի է ինքնավստահութիւնը անփոփոխ կաղապարի մը մէջ տեղաւորել։ Սակայն վրիպելու պատրաստ ըլլալը, ինքնավստահութեան ապահով վայր մը տալու կրնայ օգնել, չէ՞։ Թերեւս դատումները զանազանելով…։
Մեր գրածին, ըսածին, գծածին – ընդհանուր ըրածին մէջ վրիպումներուն գալիք շինիչ դատումները՝ աշխատելու ոգեւորող, ճամբայ ցոյց տուող ոճ մը ունին։ Կարելի է գիտցածդ պահ մը կը սպառի, սակայն չես կորսուիր։ Գլուխդ չեն խառներ, աւելին՝ կը ներշնչեն։ Իրենց պէտք ունինք։ Իսկ քանդելու կեդրոնացած, արհամարող աղտոտ դատումները անուղղակի եւ անվիճելի են։ Գեղեցիկ խօսքերու մէջ ծածուկ ձեւով ալ կրնան հասնիլ ականջներուդ։ Այս անպիտան դատումներուն մէջէն շինիչը որսալ եւ հանել՝ զատելու մասին է խօսքը։
Այս դատումներուն ստեղծած գաղտնի ճնշումին ուժաթափումը, մեր ըմբռնումի կիզակէտը կը դարձնէ մեզի։ Ուրիշը ի՞նչ ըսաւ, ի՞նչ ըրաւ, ի՞նչ պիտի ըսէ կամ պիտի մտածէ հարցումները, իրենց տիրապետութիւնը կը կորսնցնեն, երբ ազատ անկախ թռելու տեղ չեն գտներ միտքի մը մէջ։ Իրենց տեղը կ՚առնէ անձնական հետաքրքրութիւնը՝ «Արդեօք ես ի՞նչ ունիմ իմ մէջս»։
Եթէ ես ալ չմտածէի թէ ուրիշներուն ինչպէ՛ս պիտի երեւնամ մեծ կուրծքով, թերեւս այդ թանթիկի տեսքէս պիտի ներշնչուէի, մէջի Տիկինս մէջտեղ պիտի հանէի։ Արդէն տասնեակ անգամներ մեծ մօրս կապկած չէի՞։ Այդ գաղտնի ճնշումը, հաւանականութիւններու, հանդիպումներու եւ պատահականութիւններու ճամբուն քար մը դրեր է։ Կը ներես Օրիրորդ Նաթալի, ես չէի, քարն էր…։
Այդ նշմարումի ատեն է որ ինքնավստահութիւնը եւ ստեղծելու գիտակցութիւնը աճելու կը սկսին։ Զգացմունքին համապատասխան բառ գտնել, խօսիլ կամ գրել, երեւակայուածին գոյն գտնել, ներկել կամ ձայն գտնել եւ յօրինել – այն ատեն պարզ բաներ դարձած կ՚ըլլան։ Ահաւասիկ այդ է պատճառը այս տողերը կարենալ գրելուս։
Սրտանց կը յուսամ որ կատարեալ չէ։
«Ստեղծարար պայքար» շարք, թիւ 1