Փիլիսոփայենք երեխաներուն հետ

Այս աշխատանոցի ընթացքին, Տատեան Վարժարանի 7-րդ դասարանի աշակերտներուն հետ շրջանակ մը պիտի կազմենք եւ պիտի փիլիսոփայենք։ Նիւթի մը շուրջ հարցումներ պիտի հարցնենք, միտք պիտի բանեցնենք, պատասխաններ պիտի փնտռենք եւ այս պատասխաններէն նոր հարցումներու հասնիլ պիտի ջանանք։
ՀԵՏԱՁԳՈՒԱԾ – Հայերէն գեղջկական երգեր – Համերգ

Ակնայ, Բալուի, Վասպուրականի, Մշոյ եւ Քեսապի շրջաններէն։ Քերովբեան խումբ Յաւերժացնելով 1980–ին Փարիզ հիմնուած Կոչնակ խումբի ժառանգը, Վիրճինիա, Շուշան եւ Արամ Քերովբեան կը ներկայացնեն հայկական աւանդական երգեր, անոնց սկզբնական, ձայնեղանակային ձեւով։ Խումբին մեկնաբանութիւնը կը բղխի երգերու շարունակաբար վերստեղծման աւանդութենէն, որով յանկարծաբանութեամբ եւ լեզուէն անբաժան զարդարանքներով, իւրաքանչիւր ներկայացում կը դառնայ եզակի։
Յետաձգուած – Թարգմանութեան աշխատանոց

Թարգմանութեան շուրջ կը խօսինք, օրինակներ կը տեսնենք եւ փորձեր կ՚ընենք։
Յետաձգուած – Յանկարծի հետ Արման Վարդանեան կը կարդանք

Յանկարծ անկախ թատերախումբը, 2018-էն ի վեր արեւմտահայերէնով բեմ կը բարձրացնէ իր հեղինակներն ու պատմութիւնները։ Այսպիսով, Օսմանեան շրջանի թատերական աւանդոյթէն մինչեւ այսօր հասնող հայ թատրոնի ժառանգութիւնը շարունակած կ՚ըլլայ եւ բեմին վրայ զօրացուցած լեզուին հնչեղութիւնը։ Այս ձեռնարկով Արման Վարդանեանի՝ Թուրքիոյ մէջ երբեւէ չբեմադրուած «ԽԱՂ»ի ընթերցումը կը ներկայացնենք հանդիսատեսին։ Այս հանդիպումը պիտի ըլլայ թէ՛ մեր լեզուի բեմական արձագանգը, […]
Յետաձգուած – Սապէս փոտքասթային հանդիպում

Սապէս Պոլիս կը հանդիպի երաժիշտ Շուշան Քերովբեանի հետ, այս անգամ հանդիսատեսներու ներկայութեամբ։
Յետաձգուած – Փիլիսոփայենք երիտասարդներուն հետ

Այս աշխատանոցի ընթացքին, Արամեան Սանուց Միութեան երիտասարդներուն հետ շրջանակ մը պիտի կազմենք եւ պիտի փիլիսոփայենք։ Նիւթի մը շուրջ հարցումներ պիտի հարցնենք, միտք պիտի բանեցնենք, պատասխաններ պիտի փնտռենք եւ այս պատասխաններէն նոր հարցումներու հասնելու պիտի ջանանք։
Շրջապտոյտ դէպի Արմաշ եւ Պարտիզակ

Պտոյտ մը դէպի Արմաշ։ Կ՚այցելենք երբեմնի Դպրեվանքին յիշողութեան վայրերը եւ մշակութային ժառանգութեան այլ տեղեր։ Կը հանդիպինք նաեւ Պարտիզակ, ուր կ՚այցելենք Երուանդ Կոպելեանի նորակառոյց տուն-թանգարանը։ Տեղերը լեցուած են։
Պարերու հետ հանդիպում աշխատանոց

Հայկական պարերու շուրջ աշխատութիւններով ծանօթ Յակոբ Կիւլեչի հետ միասին Սասունի Եար Խուշթայով եւ Կարինի Քոչարիով կեանք կու տանք մեր պարերուն։
ՀԵՏԱՁԳՈՒԱԾ – Անահիտ Սարգիսեան ուսուցիչներու հետ ձեռք ձեռքի

«Ձեռք ձեռքի» մանկապարտէզի ծրագիրի հեղինակ Անահիտ Սարգիսեանի հետ պիտի զրուցենք իր ծրագրին մասին։
Հանդիպում Անահիտ Սարգիսեանի հետ

Հանրածանօթ հեղինակ եւ մանկական գիրքերու գրող Անահիտ Սարգսեանի հետ պիտի զրուցենք զանազան նիւթերուն շուրջ, պիտի անդրադառնանք իր գրական վաստակին ընդհանրապէս եւ յատկապէս Արաս հրատարակչատունէն լոյս տեսած իր վերջին գիրքերուն։