Կը կարդանք բանջարեղէններու ըմբոստութիւնը

Գիրքը կ՚ընթերցենք եւ նիւթին շուրջ խաղեր կը խաղանք, աշխատութիւններ կ՚ընենք Սարին Ագպաշին հետ։
Զում հանդիպում – Յուշամատեանին հետ

Յուշամատեանի հիմնադիր ու վարիչ՝ Վահէ Թաշճեանին հետ առցանց հանդիպում պիտի ունենանք զրուցելու համար զանազան նիւթերու շուրջ, ինչպէս կայքէջին անցեալը, ներկան, մարտահրաւէրները, գործընթացը եւ այլն։
Զում հանդիպում – ԻՄԱՍի հետ

ԻՆԱԼՔՕ-ի ԻՄԱՍ ծրագիրի հիմնադիր ու վարիչ՝ Անահիտ Տօնապետեանին հետ առցանց հանդիպում պիտի ունենանք զրուցելու համար ծրագիրին շուրջ։
Զարդիս մատենաշարին հետ հանդիպում

Զարդիս ծրագիրը ի՞նչ կ՚ընէ։ Գրականութեան եւ ընթերցանութեան դասարանային կիրարկման նորարարական մօտեցումներուն կը ծանօթանանք Սարին Ագպաշին հետ։
Գծավէպի աշխատանոց
Գիրքի կողքի աշխատանոց

Նախ կը պատրաստենք մեր ներկերը, ապա քիչ մը գծագրութիւն եւ քիչ մը ձեւաւորում, քանի մը բառով վերնագիր եւ հեղինակ։ Ահաւասիկ պատրաստ են գիրքերու կողքերը։ Դալար Միտոյեանի եւ Գրիգոր Տապանեանի հետ աշխատանոց։
Բարեւ Արեւ x Սայաթ Նովա Մանկանց Երգչախումբ

Սայաթ Նովա Մանկանց Երգչախումբի աշխատանոցին կը միանայ Անահիտ Սարգիսեանը իր երգերով, խաղերով եւ պարերով։
Արեւ Լուսին Ժապաւէն – Գրել կարդալը հաճոյքով իւրացնել

Արեւ Լուսին Ժապաւէն ծրագիրին հիմնական մօտեցումներուն, կիրարկելու ձեւերուն կը ծանօթանանք եւ միասնաբար կը տեսնենք յաջողած օրինակները Սարին Ագպաշի հետ։
Ասպանդակ փոտքասթային հանդիպում

Ասպանդակ արեւմտահայերէն փոտքասթը կը հանդիպի Շուշան Ղազարեանի եւ Անտրէ Թորոսեանի հետ, այս անգամ հանդիսատեսներու ներկայութեամբ։