Անահիտ Սարգիսեան կը հանդիպի երեխաներու հետ

Կը հանդիպինք Անահիտ Սարգիսեանի հետ, քիչ մը կը խօսինք, քիչ մը կ՚երգենք, քիչ մը կը խաղանք։
Աննման տղոց աննման քարով աշխատանոց

Մանկապատանեկան դասագիրքերով ծանօթ Գարին Քօչը առաջին եւ երկրորդ դասարաններուն հետ իր Աննման քարը գիրքին վրայ պիտի կատարէ աշխատանոց մը Եսայեան միութեան մէջ։
Արեւմտահայերէնի շրջապտոյտ

Արեւմտահայերէնի պատմութիւնը կը փնտռենք Ղալաթիոյ եւ Փերայի փողոցներուն մէջ։
Բանաւոր պատմութեան աշխատանոց դպրոցականներուն հետ

Բանաւոր Արեւմտահայ մշակութային ժառանգութիւնը փաստագրելու եւ փոխանցելու նպատակ ունեցող բանաւոր պատմութեան նախաձեռնութիւն մըն է։ Աւանդական ուտեստներու բաղադրատոմսերու, խոհանոցային պատմութիւններու եւ սովորութիւններու միջոցով հաւաքական յիշողութիւնը կը հաւաքենք բանաւոր պատմութեան աշխատանքներու միջոցաւ։ Այս աշխատանոցի ընթացքին պիտի ծանօթանանք թէ ինչպէս կրնանք մեր շուրջի պատմութիւնները հաւաքել եւ արձանագրել։
Բանաւոր պատմութեան աշխատանոց երիտասարդներուն հետ

Բանաւոր Արեւմտահայ մշակութային ժառանգութիւնը փաստագրելու եւ փոխանցելու նպատակ ունեցող բանաւոր պատմութեան նախաձեռնութիւն մըն է։ Աւանդական ուտեստներու բաղադրատոմսերու, խոհանոցային պատմութիւններու եւ սովորութիւններու միջոցով հաւաքական յիշողութիւնը կը հաւաքենք բանաւոր պատմութեան աշխատանքներու միջոցաւ։ Այս աշխատանոցի ընթացքին պիտի ծանօթանանք թէ ինչպէս կրնանք մեր շուրջի պատմութիւնները հաւաքել եւ արձանագրել։
Կը հարցնեմ ձեզ… Քաղուածքներ

Երգիրք համախմբումը, որ երաժշտութեան եւ գրականութեան ստեղծարար աշխատանքներ կը կատարէ, Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանի (1905, Տրապիզոն – 1995, Լոս Անճելըս) «Հարց կու տամ ձեզի, տիկիններ եւ պարոններ» ինքնակենսագրական վէպը՝ թրքերէն եւ արեւմտահայերէն թարգմանութիւններով, ձայնագիրքի ձեւաչափով արձանագրած եւ անցեալ Նոյեմբերին թուային հարթակներու վրայ հրապարակած էր։ Երաժշտական վէպի մը ձեւաչափ ունեցող ձայնագիրքին մէջ, վէպէն մեկնած երաժշտութիւններն ալ տեղ […]
Ձայնաշխարհ

Միաձայն երգեցողութեան աշխատանոց. ձայնեղանակներու աշխարհին յատուկ մօտեցումի մը փորձ Վերժին եւ Արամ Քերովբեաններուն հետ։
Գրադարաններու հանդիպում

Հայերէն հաւաքածոներ ունեցող գրադարաններ եւ արխիւներ քով քովի կու գանք քիչ մը ծանօթանալու եւ համագործակցութեան եզրերը քննարկելու։
Մշակութային փոխանցումը Սփիւռքի մէջ

Սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ արեւմտահայերէնի մշակութային փոխանցումը ինչպէ՞ս կ՚իրականանայ։ Կը խօսինք Լիոնէն Մելինէ Բարսեղեանին եւ Աթէնքէն Քուին Մինասիեանին հետ։
ՀԵՏԱՁԳՈՒԱԾ – Արփէնին հետ հանդիպում

Արփէն Չընար կը հանդիպի զանազան սերունդներէ հիւրերու հետ։ Քիչ մը ինքը մեր վրան կը խնդայ, քիչ մը մենք իր վրան կը խնդանք։