Անահիտ Սարգիսեան կը հանդիպի երեխաներու հետ

Կը հանդիպինք Անահիտ Սարգիսեանի հետ, քիչ մը կը խօսինք, քիչ մը կ՚երգենք, քիչ մը կը խաղանք։
Բանաւոր պատմութեան աշխատանոց դպրոցականներուն հետ

Բանաւոր Արեւմտահայ մշակութային ժառանգութիւնը փաստագրելու եւ փոխանցելու նպատակ ունեցող բանաւոր պատմութեան նախաձեռնութիւն մըն է։ Աւանդական ուտեստներու բաղադրատոմսերու, խոհանոցային պատմութիւններու եւ սովորութիւններու միջոցով հաւաքական յիշողութիւնը կը հաւաքենք բանաւոր պատմութեան աշխատանքներու միջոցաւ։ Այս աշխատանոցի ընթացքին պիտի ծանօթանանք թէ ինչպէս կրնանք մեր շուրջի պատմութիւնները հաւաքել եւ արձանագրել։
Զարդիս մատենաշարին հետ հանդիպում

Զարդիս ծրագիրը ի՞նչ կ՚ընէ։ Գրականութեան եւ ընթերցանութեան դասարանային կիրարկման նորարարական մօտեցումներուն կը ծանօթանանք Սարին Ագպաշին հետ։
Գիրքի կողքի աշխատանոց

Նախ կը պատրաստենք մեր ներկերը, ապա քիչ մը գծագրութիւն եւ քիչ մը ձեւաւորում, քանի մը բառով վերնագիր եւ հեղինակ։ Ահաւասիկ պատրաստ են գիրքերու կողքերը։ Դալար Միտոյեանի եւ Գրիգոր Տապանեանի հետ աշխատանոց։
Գծավէպի աշխատանոց
Կը կարդանք բանջարեղէններու ըմբոստութիւնը

Գիրքը կ՚ընթերցենք եւ նիւթին շուրջ խաղեր կը խաղանք, աշխատութիւններ կ՚ընենք Սարին Ագպաշին հետ։
ՀԵՏԱՁԳՈՒԱԾ – Անահիտ Սարգիսեան ուսուցիչներու հետ ձեռք ձեռքի

«Ձեռք ձեռքի» մանկապարտէզի ծրագիրի հեղինակ Անահիտ Սարգիսեանի հետ պիտի զրուցենք իր ծրագրին մասին։