Յովհաննէս Չամաշըրճեանի պատրիարքութեան շրջանին, Կարապետ Ամիրա Ազնավուրեանի առաջնորդութեամբ 1907նին շինուած է Նառլըգաբուի Սուրբ Յովհաննէս Եկեղեցին։ Այն ատեն եկեղեցւոյ վարի յարկը կը գործածուէր իբրեւ հիւանդանոց։ Կառուցուած շրջանին, եկեղեցիին եւ հիւանդանոցին պատերը ճիշդ ծովուն վրայ եղած են։ 1955ին պոլսոյ մէջ ծովեզերեան նոր ճամբայ մը շինուելու ատեն, եկեղեցիին տեղը փոխուած է։ Եկեղեցին նորէն կառուցուեցաւ 1962ին եւ գործածութեան բացուեցաւ 1964ին։1
Սուրբ Յովհաննէս Եկեղեցին պոլսոյ հայ ժողովուրդին համար կարեւոր էր ոչ միայն որպէս եկեղեցի, այլ նաեւ իր հիւանդանոցի բաժինին համար։ Այսօրուան Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի պատմութեան արմատներն ալ կը սկսին Սուրբ Յովհաննէս Եկեղեցիին վարի յարկի հիւանդանոցէն։
Պատմութիւնը այդ է, որ այստեղ մնացող հիւանդներուն դժուար պայմանները եւ իրենց ապրելու ձեւը, նեղութիւն կը ստեղծէին հայ ժողովուրդին համար։ Օր մը քարոզի ատեն, Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանը կը լսէ հիւանդներուն ձայնը եւ անհանգիստ կ՚ըլլայ այդ վիճակէն։ Պէտքը կը զգայ հայերուն համար հիւանդանոց մը կառուցելու եւ այսպիսով առաջնորդը կ՚ըլլայ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցին հիմնադրութեան։
«Պատմութիւն Ս. Փրկչի Հիւանդանոցին Հայոց ի Կ. Պոլիս»2 յուշամատեանէն բաժին մը կը վկայէ, թէ ինչպէս որոշում տուած է Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան.
«Նշան աղա Նուրեան, 90 ամեայ, քեռորդի Պէզճեանի, կը պատմէ սրտաշարժ դէպք մը, որ եղաւ անմիջական շարժառիթ Պէզճեանի՝ձեռնարկելու նոր Հիւանդանոցի մը շինութեան։ Նարլը-Գափուի այժմեան Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյն տակի նկուղն էր երբեմն Հիւանդանոց, եւ տաճարին ճիշդ դիմացը կը պահուէին յիմարք։ Ինչպէս հիմա Ս. Համբարձման օրն է Ս. Փրկչի Հիւանդանոցի համար, այն ատեն ալ Որդւոց Որոտման օրն էր Նարլը-Գափուի Հիւանդանոցի տարեկան այցելութեան օրն, յորում Ամիրայք նաւակներով կ՚ելնէին Ս. Յովհաննու եկեղեցւոյն նաւամատոյցը, մեծածախ խնճոյք կը կազմէին, եւ հաստատութեան տարեկան բացը գոցելու համար հանգանակութիւն կ՚ընէին իրենց մէջ։ Անգամ մը, այսպիսի այցելութեամբ մը, Պէզճեան Ս. Պատարագի ներկայ կը գտնուէր Նարլը-Գափուի եկեղեցւոյն մէջ, երբ, ճիշդ նոյն միջոցին որ Առէք կերէքի նուիրական բառերը կ՚արտասանուէին, անդիէն թշուառ խելագարի մը սոսկալի հայհոյութեանց աղաղակները կը խեղդէին պատարագամատոյց եկեղեցականին ձայնն, եւ ամէն բարեպաշտ երկրպագուաց ուշադրութիւնը կը դարձնէին դէպ ի խեղճ, անբնակելի անկիւնն, ուր շղթաներու եւ Քալախաներու տակ կը հեծէին խելագարք։ Այս «սրբապղծութիւն» այնպէս ազդեց Պէզճեանի ջիղերուն, այնպիսի սոսկմամբ եւ արգահատութեամբ լեցուց անոր սիրտն, որ պատարագն աւարտելուն պէս, կանչելով Ամիրաները, մեծանուն բարերարն ըսաւ թէ անհրաժեշտ է այլուր փոխադրել հիւանդներն ու յիմարները, նոր եւ աւելի անդորրաւէտ Հիւանդանոց մը շինելով։»
- Պատրիարքութիւն Թուրքիոյ Հայոց, Ս. Յովհաննէս Եկեղեցի, Նառլըգաբու | Ա.Վիճակ (Հին Քաղաք)։ www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/ս-յովհաննէս-եկեղեցի-նառլըգաբու-ա-վիճ/
- Քէչեան Բիւզաեն, «Պատմութիւն Ս. Փրկչի Հիւանդանոցին Հայոց ի Կ. Պոլիս»։ Տպագրութիւն Գ. Պաղտասարեան, Կ. Պոլիս, 1887։