հաստատել

բանի մը ճշդութիւնը ընդունիլ, “այո” ըսել
onaylamak, tasvip etmek, teyit etmek, doğrulamak

հաստատութիւն

հաստատուն կամ տոկուն վիճակ, տոկունութիւն
sağlaml›k

հաստատութիւն

հիմնարկութիւն
kurum

հաստատուիլ

տեղ մը մնալ, տեղաւորուիլ
yerleşmek

հաստատուիլ

վաւերացուիլ, ընդունուիլ
onaylanmak

հաստատուիլ

հիմնուիլ
kurulmak

հաստատուն

հաստատ, անշարժ, ամուր, տոկուն

հաստգլուխ

դժուար հասկցող, բթամիտ
kalın kafalı

հաստկեկ

բաւական հաստ
kalınca

հասցէ

մէկու մը գտնուած տեղը
adres

հասցնել

բան մը ատենին տանիլ

հասցնել

գործ մը՝ ատենին լրացնել

հասցնել

զբաղիլ կամ խնամք տանիլ (բան մը մէջտեղ հանելու համար)
yetiştirmek

հատ

համրելու ատեն՝ ամէն մէկը
adet, tane

հատ

կտոր

հատած

նոր տողէ մը՝ մինչեւ յաջորդ նոր տողը, պարբերութիւն (գրուածքի մէջ)
paragraf

հատած

ոտանաւորի կարգ մը բառերուն քով փոքր դադարում (քերականական կանոնի համաձայն)

հատանող

կտրող՝ ուղիղ գիծ
kesen

հատավաճառ

հատով՝ կամ փոքրաքանակ ծախել (ոչ-մեծաքանակ)
perakende

հատընտիր

ընտիր գրուածքներ, ծաղկաքաղ
seçki