համաձայնիլ

իրարու յարմարիլ կամ պատշաճիլ
bağdaşmak, uyuşmak

համաձայնութիւն

նոյն կարծիքը ունենալ, միաբանութիւն
fikir birliği, anlaşma

համաձայնութիւն

յարմարիլ, ներդաշնակութիւն
uyum

համաճարակ

տարածուող (հիւանդութիւն)
salgın

համամիտ

նոյն մտքին տէր, համակարծիք
hemfikir

համայն

ամբողջ, բոլոր, ընդհանուր
bütün, tüm

համայնագէտ

ամէն բան գիտցող

համայնագիտարան

հանրագիտարան, շատ ընդարձակ բառարան՝ որուն մէջ կը գտնուին ամէն տեսակ տեղեկութիւններ
ansiklopedi

համայնական

համայնքի պատկանող, ընդհանուր

համայնք

երկրի մը բնակիչներուն՝ կամ ժողովուրդի մը որեւէ ձեւով անջատուած մէկ մասը, հասարակութիւն
topluluk, toplum, cemaat

համաշխարհային

ամբողջ աշխարհին պատկանող, տիեզերական
evrensel, dünya çapında

համաչափ

նոյն չափը ունեցող, հաւասարաչափ
simetrik

համաչափութիւն

ամբողջութեան մը մէջ՝ մասերու նմանութիւն կամ հաւասարութիւն, չափակցութիւն
simetri

համապատասխան

յարմար, պատշաճ
uygun

համապատասխանել

յարմարիլ, պատշաճիլ
uygun düşmek

համառօտ

կարճ, հակիրճ, կրճատուած, ամփոփ
kısa

համառօտագրութիւն

բառ մը կարճ գրելու ձեւ
kısaltma

համաստեղութիւն

աստղերու խումբ
takımyıldızı

համաստուածեան

այն իմաստասէրները՝ որոնք կ՚ընդունին թէ բնութեան մէջ ինչ որ կայ Աստուծոյ մէկ մասն է եւ տիեզերք ու Աստուած նոյն բաներն են
panteist

համասփիւռ

համատարած, ամէն կողմ սփռուած կամ տարածուած