Լուսանկար մը ի՞նչ կը պատմէ։ Այս պատկերին մէջ հաւաքուած են սերունդ մը գրողներ, բոլորն ալ Պոլիսէն։ Հաւաքուած են վարպետ Մնձուրիին շուրջ։ Ամէն մէկէն քանի մը տող առնելով կը փորձեմ հասկնալ իրենց աշխարհը։ Ի՞նչ կը խօսէին արդեօք երբ քով քովի էին։

Յակոբ Մնձուրի
Եւ երկրին ժողովուրդը, որ կը կարդար այս ամէնքը չէր ճանչնար թէ ո՞վ էր այդ բանաստեղծը որ կը գրէր, կը պատմէր այդքան հետաքրքրական բաներ իրեն։
Եւ կը փնտռէին զայն երկրին իմաստուններուն, դպիրներուն, գիտնականներուն մէջ, անոնցմէ մէկը կարծելով։ Ու ոչ ոք գիտէր թէ արեւին մէջ այրած, սեւցած դէմքով, նիհար, կարճահասակ մարդ մըն էր ան, հին, մաշուած զգեստով, որ զաւակներ ունէր, օրավարձով կ՚աշխատէր, ու կը բնակէր տնակի մը մէջ, եւ թէ կը գրէր այս բոլորը մատներով որ կարծրացած էին բանուորի աշխատանքէն։
Իգնա Սարըասլան
Քաղցր ժպիտի մը սառ խրտուիլակը դէմքին
Թափառեցաւ աննպատակ
Երկինքի ամպին տակ
Փողոցի ցեխին վրայ
Կաթիլ մը մելամաղձութիւն
Թարթիչներէն ներս
Եւ ծրար մը յիշատակ
Թեւին տակ
Օննիկ Ֆըչըճեան
Առտու եղաւ
Ելաւ
Կերաւ
Աշխատեցաւ։
Գիշեր եղաւ
Կերաւ, խմեց, քնացաւ։
Կէս գիշերին երազ տեսաւ,
Երազին մէջ աշխատեցաւ։
Առտու եղաւ
Ելաւ
Կերաւ…։
Է՜ կը բաւէ,
Կեանք մըն է ա՛յս սիրես։
Զահրատ
Քնացի՛ր ու աղուոր երազներ տես,-
Երազէ՛, աղուո՛ր -երազը քո՛ւկդ է-
զարդարէ՛ զայն ամենէն գեղեցիկ բաներով,
Որոնցմով պիտի յարդարէիր սենեակդ՝ եթէ ունենայիր։
Զարեհ Խրախունի
Ոչ առաջինն է, ոչ վերջին –
Ինչո՞ւ այդքան աճապարել
Գարունը միշտ պիտի ըլլայ – իսկ մենք ոչ
Բախտաւոր պիտի վայելէ կաթիլ կաթիլ, ումպ առ ումպ
Ինչո՞ւ այդքան տագնապիլ
Կը բաւէ որ ցատքել գիտնանք ինքնաշարժէն կառախումբ –
Աառաջինն ու վերջինը չէ ասիկա…։
Վարդան Կոմիկեան
Շոգենաւին մեկնումին դեռ բաւական ատեն կար։ Հանգիստ, հանգիստ՝ առանց աճապարելու, կարելի էր հասնիլ անոր։ Վերը՝ կամրջակը, աջակողմի նստարանին վրայ պիտի նստէր ու լիալուսինը դիտելով հանդերձ, պիտի ամփոփէր միտքը իր գտած նիւթին վրայ։ Անգամ մը որ տուն հասնէր, ճաշելէ վերջ, հանդարտ միտքով պիտի գրէր իր պատմուածքը։